ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 23-րդ տարեդարձին առթիւ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը նոյեմբերի 4-ին է եւ երէկ՝ յաջորդած կիրակիին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ այդ տարեդարձը հանդիսաւոր պայմաններով։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Նորին Սրբութիւնը։ Պատարագիչն էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Նորին սրբազնութիւնը քարոզին մէջ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան տարեդարձը։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Վեհափառ Տէր, մենք բոլորս ձեզի երախտապարտ ենք, որովհետեւ քաջութեամբ կը շարունակէք դիմագրաւել առկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն եւ ճանապարհներ կ՚որոնէք զանոնք յաղթահարելու համար։ Կ՚աղօթենք, որ Ձերդ Սրբութեան սիրոյ եւ միասնականութեան կոչերը լսելի դառնան մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ առանց խտրութեան, որովհետեւ այդ կոչերուն անսալը եւ զանոնք կեանքի վերածելը պիտի ըլլան մեր ժողովուրդի փրկութեան եւ յաղթանակի ճանապարհը։

«Վեհափառ Տէր, բոլորս՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրերը եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը խոնարհինք ձեր առջեւ, կը համբուրենք ձեր օծեալ Աջը եւ մեր հաւատարմութիւնն ու որդիական սէրը կը յայտնենք ձեզի։ Կը շարունակենք աղօթել ձեզի հետ եւ զօրակից ենք ձեզի՝ ձեր բոլոր ծրագրերու, երազներու իրականացման ճանապարհին, որովհետեւ անոնց իրականացումը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յաղթանակը, այլեւ մեր հայրենիքի եւ համայն ժողովուրդի»։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 23-րդ տարեդարձին առթիւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Ներկայ եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց՝ Նորին Սրբութեան քաջառողջութեան, կենաց արեւշատութեան, բազմամեայ գահակալութեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022