«ՍՈՒՐԲ ԵՂԷ՛Ք»

Այս օրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Տիրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. Թգ 2.2): Այս ճանապարհորդութեան համար ինչ տեղին հաստատում՝ «Տիրոջ պէս սուրբ չկայ». «Անկէ զատ ուրիշ մը չկայ» եւ «մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»: Երեք հաստատումներ, որ մեր ճանապարհորդութեան համար այնքան օգտակար եւ պիտանի են:

Արդարեւ, պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը յանձն առնող գիտակից հաւատացեալը գիտէ, թէ այս ընթացքը ո՛չ միայն կենդանական սնունդ օգտագործելէ հեռանալ է, այլեւ մաքրութեան ընթացք մըն է: Հինկտակարանեան բառապաշարին մէջ մաքրուիլ բառը համազօր է սրբուիլ բառին: Հետեւաբար, երբ մաքրուիլ կ՚ըսենք, միաժամանակ նաեւ կը հասկնանք սրբուիլ, սուրբ ըլլալ:  

Ղեւտացիներու գիրքին մէջ հետեւեալ պատուէրը կու տայ մեզի մեր Տէրը. «Սուրբ եղէ՛ք, վասնզի ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.45): Պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանէն աւելի յարմար առիթ չունինք այս պատուէրը իրագործելու: Սխալ չհասկնանք սակայն, պահեցողութիւնը ուղղակի առիթ մը պիտի հանդիսանայ այդ սրբութեան՝ մաքրութեան հասնելու, իսկ սրբանալն ու մաքրուիլը մեր կեանքին ամբողջ ընթացքը պէտք է կազմեն, որովհետեւ Աստուծոյ պատուէրը միայն որոշ ժամանակի մը համար չէ, այլ՝ ընդհանուր է, այսինքն՝ անժամանակ: Այս ուղղութեամբ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ ձեզ կանչողը՝ Աստուած սուրբ է, դուք ալ սուրբ եղէք ձեր ամբողջ կեանքով» (Ա. Պտ 1.15), ամբո՛ղջ կեանքով, յստակ ու պարզ է:

Պահեցողութեան ժամանակ մեր աղօթքներով, ապաշխարութեամբ, Սուրբ Գիրքի, Հոգեւոր Գրականութեան եւ Սուրբերու վարքի ընթերցանութեամբ, բարի գործերով եւ ողորմութիւններով պիտի սրբենք մեր հոգիները, որով նաեւ պիտի սրբուին մեր մարմինները:

Իններորդ օրուան մարտահրաւէր. ամէն կերպ պիտի ջանանք սրբել մեր հոգիները մեր մեղքերու խոստովանութեամբ եւ որոշում կայացնելով, որ այսուհետեւ ո՛չ թէ մեղքին ծառայ ենք ու պիտի ըլլանք, այլ՝ Աստուծոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022