ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԽՈԿՈՒՄ

Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններէն ներս գործող հոգեւոր հայրերը այս շրջանին կ՚իրականացնեն հաւաք մը։ Աւանդական բնոյթ ունի այս հաւաքը, որ կը զուգադիպի Մեծ պահոց շրջանին եւ բոլոր մասնակիցները՝ որպէս հոգեւոր եղբայրներ, խոկումի օրեր կ՚ապրին թէ՛ աղօթակցութեամբ եւ թէ հովուական ծառայութեան ճանապարհին իրենց առջեւ ծառացած խնդիրներու համատեղ քննարկմամբ։

Հաւաքը տեղի կ՚ունենայ՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որ իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ աղօթական մթնոլորտի մէջ մէկտեղուած է։ Նորին սրբազնութեան գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերը կանոնաւոր ժամերգութիւններու կը մասնակցին եւ խտացեալ քննարկումներ կը ծաւալեն այն հարցերուն վրայ, որոնք մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու առջեւ կը ներկայանան որպէս առաջնահերթութիւն։

Հաւաքը տեղի կ՚ունենայ Պելժիոյ մէջ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Շարպելի վանական համալիրէն ներս, Տը Լիւր, կը հիւրընկալուին հոգեւոր հայրերը։ Սա պատմական վանք մըն է, որ ունի իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտ, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալուին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները։ Պատմական վանքը կը գտնուի Պրիւքսէլի եւ Ուաթերլոյի մօտակայքին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024