ԳԵՂԱԾԻԾԱՂ ԼՈՒՍԱՂԲԻՒՐՈՎ ԵՐԳԵՆՔ ՏԻՐՈՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

«Այսօր տէրն մեր յարեաւ.
Եկայք պարեսցուք ընդ հրեշտակս յաղթական երգով»
(Հարց, Ս. Յարութեան)

Քրիստոնեայ աշխարհը այսօր կը տօնէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը, որ նոր կեանքի սկիզբը դրաւ իր յաղթահարիչ կնիքով։ Այս պատկառելի աւետիսն է, որ յետ Յարութեան վերակենդանացուց աշակերտները, որոնք Յիսուսի խաչելութեամբ յուսալքուած էին աշխարհի դիմաց։ Արիասիրտ ու համարձակ դարձան աշակերտները եւ իրենց հրաբորբ հաւատքը նոր սկիզբ առաւ Ս. Յարութեան աւետիսով։ Յետագային Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ հզօրացեալ աշակարտները, փտած աշխարհի հեթանոսական սիրտը խորտակելով, նոր ծնունդ տուին քրիստոնէական իտէալներուն ու վերակենդանացուցին Քրիստոսի իշխանութեամբ։ Մարդկային եւ կամ ազգի մը յաջողութենէն առաւել եւս գերիվեր ու նուիրական այս յաղթանակը՝ եկէ՛ք վերածենք մեր ինքնագիտակցութեան օրհներգին.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Այսօր համայն մարդկութեան հիմնական աղօթքն է, որ Փրկիչ Յարութեան աւետիսով անկեալ աշխարհը գտնէ Կենդանարարով կեանք գտնելու եւ իր կանաչագեղ տեսքը յայտնելու։ Տիեզերքի գարունն է սա, որ կը սպասէ բոլորիս սրտերը զօրացնելու, որպէսզի մենք եւս դառնանք Յարութեան աւետիսը ապրող եւ Յարութեան կենսանորոգ զօրութեամբ խօսելու ու գործելու տրամադիր նոր անձեր։ Խաղաղութեան եւ երջանկութեան այնքան ծարաւ աշխարհը, ահա իր ձեռքերը բացած Յարուցեալ Տիրոջ առջեւ, երկրպագութեան առիթ է գտեր. «Եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ, վասն զի եկն ի ձեռն խաչին իւրոյ շնորհեաց պարգեւս աշխարհի… Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա. Սրբոյ Թաղմանդ Ալէլուիա. Ս. Յարութեանդ, ալէլուիա»:

Ս. Յարութեան հոմանիշ դարձեր է նորոգութիւն բառը, հինը պատռելով զամբիւղ նետել եւ տեղը նորով զգեստաւորուիլ։ Մեղապարտ մեր ընհանրական ազգը՝ մարդկութիւնը «ո՛չ մեղաւոր»ին, բայց, միեւնոյն ժամանակ, մեղաւորներէ դատապարտեալին շնորհիւ արժանացեր է նոր ածականի մը՝ նորոգուած։ Իսկ, տարսոնացի Պօղոս առաքեալ որքա՜ն ճարտարօրէն ցոյց կու տայ Զատկական պատգամի յաղթանակը. «Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։ Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը» (Ա. Կորնթ. 5.7-8)։

Աստուածային անսահման ուժի յայտնութեան տողերն են այս բոլորը։ Անոնց իրականութեան հաւատացեալ անձինք մեծապէս կը տօնախմբեն կեանքի տօնը ո՛չ միայն տօնելով, այլեւ խորաթափանց ապրելով։ Այսպէս, Ս. Եկեղեցին, Առաքելական ժամանակներէ ի վեր, քանի՜ քանի հարիւրաւոր տարիներ քարոզած է այս յաղթանակի նպատակին եւ ազդեցութեան մասին։ Իւրաքանչիւր Զատիկին հաւատացեալը ի զուր չէ, որ կը դառնայ իր ներաշխարհը եւ ուժի ճշմարիտ աղբիւրին, օրհնութեան ճշմարիտ ակին՝ Յիսուս Քրիստոսին, վասն զի «չէ աստ այլ Յարեաւ» (Ղուկ. 24.6)։

Բոլորս միասիրտ ու միախորհուրդ կ՚ուրախանանք, երբ իւրաքանչիւր անձ՝ այր կամ կին, հարուստ եւ աղքատ, տկար եւ հզօր, երիտասարդ կամ տարեց, միացած ի Քրիստոս Փրկիչ կը տօնախմբեն այս մեծ տաղաւարը, որուն լիիրաւ ձեւով տօնախմբութիւնը մխիթարութիւն է անկեալին, յոյս է յուսալքուածին, բժշկութիւն է հիւանդին, խաղաղութիւն է խռովեալին… Հապա ինչպէ՞ս կրկին չի վերականգնիր մեր ինքնավստահութիւնը Տիրոջմով, երբ Յարութեան խորհուրդը միշտ կ՚ապրի Վերինով ու մեր աչքերը կը սլացնէ դէպի Երկինք, ուր «Նորոգող Տիեզերաց»ը կը լուսաճաճանչէ փայլ տալով երկնակամարին. «Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը» (Կողս. 3.1)։ Այս վաղանցուկ աշխարհի դժբախտութիւններուն եւ ճնշումներուն երբ կը դիմակալենք, Յարութեան խորհուրդն է, որ մեզ կը վերացնէ։ Անփախչելի մարտնչումի մը կողմնակիցներն ենք քրիստոնեաներս՝ ըլլալով Յարութեան զաւակներ եւ նոյնիսկ չարին դէմ պայքարի ճանապարհին Տէր Յիսուսն է, որ բոլորս կը խրախուսէ իր յաւիտենական յաղթանակով։ Հապա ինչպէ՞ս չխրախուսուիլ, չսրտապնդուիլ ու չքաջալերուիլ, երբ Տէրը մեծագոյն յաղթանակէն մաս եւ բաժին շնորհած է բոլորիս՝ իր զաւակներուն, իշխանաւորներուս՝ ժառանգակից կոչուածներուս։

Յիսուս իսկապէս չարչարուեցաւ, մահացաւ եւ թաղուեցաւ, ապա Յարութիւն առաւ մեռելներէն։ «Կենդանի է Տէրը» ինչպէս քանի անգամներ կը կրկնենք աղօթքներու եւ շարականներու մէջ՝ Սուրբ Գիրքէն ուղղուելով։ Սուրբ Գերեզմանի մօտ շնորհուեցաւ դէպի յաւերժական երանութեան առաջնորդող ճանապարհը՝ Յարուցեալը, քանզի Ան է «Ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը»։ Իսկ հաւատացելոց մեծագոյն մխիթարութիւնն է այս տեսարանը, քանի այդ տեսարանը կը դառնայ գագաթնակէտը մեր ապագային։ Միթէ մեր Փրկիչը իր թանկագին արեամբ չզոհուեցա՞ւ վասն մեր, որպէսզի ո՛վ որ իրեն հաւատայ, փրկուի։ Եւ ահա, Ս. Յարութեան իրականութեան մօտ կրկին անգամ երեւան կու գայ խաւարի եւ մահուան ներկայութեամբ կատարուած աստուածային զոհողութիւնը, որով մենք կը կարողանանք լոյս եւ կեանք գտնել Տէր Յիսուս Քրիստոսի մօտ։

Այս դժուարին աշխարհին մէջ, երբ չարիքն ու անզգամութիւնը կը տիրապետէ եւ կը փորձէ խլել մեր ամբողջ էութիւնը, Յարութեան հաւատքի վրայ հիմնաւորուած ճշմարտութեան եւ կեանքի խօսքերը թող գօտեպնդեն բոլորս։ Յարութեան անլռելի զանգակատունէն արձակուած աւետիսը թող արձագանգէ մեր ականջներուն մէջ ու մասնիկը դառնայ մեր իմացականութեան։ Թող Քրիստոսի պատգամը բժշկութիւն բերէ խաղաղութեան ծարաւ մանուկներուն եւ ընտանիքներուն, մխիթարութեան կարօտ աղէտեալներուն։

Ուրեմն, եկէ՛ք, այսօր նոյնանանք Յարուցեալ Տիրոջ հետ։ Եկէ՛ք, մեր սրտերուն խորքէն աղաղակենք եւ միասնաբար բացագանչենք երիցս կրկնելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023