ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր ո՜վ գիտէ քանի անգամ այս հրաշալի աւետիսը մարդկանց աւետուած է. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Ինչպիսի զօրաւոր աւետիս մըն է, որ մարդկանց կեանքերը, ազգերու պատմութիւնը փոխած, արհեստի ու գիտութեան վրայ ազդած եւ ժամանակը՝ Քրիստոսէ առաջ եւ Քրիստոսէ վերջ ըլլալով երկուքի բաժնած է։ Բայց, որքան որ ալ այս լուրը մարդոց քաղցր հնչէ, ֆիզիքական մահը կը շարունակէ մարդոց կեանքերը անխնայօրէն խլել՝ մատնելով զանոնք ծանր սուգի։ Հակառակ մահուան այս անուրանալի եւ անհերքելի իրականութեան, Քրիստոսի եկեղեցին շարունակ մեռելներէ յարութիւն եւ անմահութիւն քարոզած է։

«Ապա թէ ոչ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին», (Ա. Կորնթ. 15։29)։

«Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն, ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։ Մի՛ խաբուիք», (Ա. Կորնթ. 15։32)։

«Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուան նմանութիւնովը, նաեւ անոր Յարութեանը նմանութիւնով ալ կոցրդ պիտի ըլլանք», (Հռովմ. 6։5)։

Ուրեմն պէտք է լաւ հասկնանք, թէ ինչ կը նշանակէ մեռելներէ յարութիւն առնել եւ անմահութիւն, երբ մանաւանդ Յիսուս կ՚ըսէ. ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան, բայց մեռան, բայց ով որ ուտէ իմ մարմինս, պիտի ապրի յաւիտեան (Յովհ. 6-49)։

Երբ Իսրայէլի ժողովուրդը չորս հարիւր երեսուն տարի, փարաւոնի եւ եգիպտացիներու գերութեան տակ մնալէ վերջ, Կարմիր ծովը անցնելով անապատին մէջ թափառական եղաւ, այնտեղ եւս շատ մը դժուարութեանց դէմ յանդիման մնաց։ Աստուած, ինչպէս միշտ, այնտեղ եւս իր ժողովուրդը կը նախախնամէր ու կը հոգար։ Այսպէս, Իսրայէլի որդիները՝ որպէս կերակուր, Աստուածատուր երկնային սնունդ, քառասուն տարի մանանայով կշտացան։ Յիսուս այս հրաշքին ակնարկելով կ՚ըսէր. «Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան, բայց մեռան»։ Եթէ մենք եւս այսօր ըսենք, թէ Քրիստոսին կը հաւատանք, բայց Յարութեան ճշմարտութենէն վստահ, անկէ խորապէս համոզուած չըլլանք, ինչպէս վերեւ տեսանք, մենք եւս նոյնպէս կը շարունակենք իրենց նմանիլ, միայն կը հաղորդուինք Քրիստոսի հետ ու օր մըն ալ կը մեռնինք անոնց նման։ Այս է պատճառը, որ երկու հազար տարիէ ի վեր եկեղեցին շարունակ կը քարոզէ Քրիստոսի եւ մեռելներու յարութիւնը։

Մարդ արարածը տկար մտածումներու մատնուելու ատակ է, նաեւ աշխարհի տարրերու ենթարկուելու ընդունակ։ Երբ մեղքը կը սկսի տիրել մարդուն, ապա ան կը կորսնցնէ իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնն ու ընդունակութիւնը՝ ինչպէս բնութեան այլ օրէնքներ կը թոյլատրեն դէմ դնել ֆիզիքական օրէնքներուն, ինչպէս ջուրի բարձրացնելու ուժէն կ՚օգտուինք կամ երկրագունդի ձգողական ուժը կը յաղթահարենք եւ այսպէս օդանաւեր երկինքի մէջ կը սաւառնին, նաւեր ջուրերու վրայ կը լողան։ Հակառակ պարագային նաւերը պիտի ընկղմէին, օդանաւերը պիտի չկարենային սաւառնիլ։ Նոյնպէս հաւատքով է, որ մարդ կ՚ազատի բնութեան օրէնքներու պարտադրած վախերէն եւ կ՚անցնի «ի մահուանէ ի կեանս եւ ապականութենէ անապականութիւն, անգիտութենէ ի գիտութիւն» (Ժամագիրք, Քարոզ Պահոց)։

Այս վիճակին հասնելու համար մարդ խոր հաւատքի տէր պէտք է ըլլայ՝ ինչպէս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք, չկայ անկարելի բան։ Ձեր թերահաւատութեան համար, քանզի ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք. «Ասկէ անդին փոխադրուէ» եւ պիտի փոխադրուի եւ բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի համար», (Մատ. 17-20)։

«Որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին, կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին, կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած», (Եբր. 11-33)։

Այս վիճակին հասնելու երկրորդ պայմանը խոր համոզումի տէր ըլլալն է։

Այսպէս, երբ Յիսուսի բարեկամ Ղազարոսի քոյրը՝ Մարթան կը գտնուէր իր եղբօր մահուան դիմաց՝ որքան որ ալ յարութեան հաւատար, որքան որ ալ Յիսուսի հրաշքներուն ականատես եղած ըլլար, խոր համոզում չունենալուն համար կը տատամսէր եւ Յիսուսի կողմէ ուղղուած «կը հաւատա՞ս» հարցումին կը պատասխանէր թերահաւատութեամբ։

«Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ, բայց գիտեմ, թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։ Յիսուս ըսաւ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթա ըսաւ. «Գիտեմ, թէ յարութեան ժամանակին՝ վերջին օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը», (Յովհ. 17-25)։

Հետաքրքրական է նաեւ, որ երբ Յիսուս առաքեալներու եւ շատերու քով էր, կամ մանաւանդ Ղազարոսի մահուան պարագային միայն չորս օրուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, իրեն կ՚ըսէին. «Եթէ հոս ըլլայիր»։ Մենք եւս, նոյնպէս, շատ ատեն մեր նեղութեանց ժամանակ կ՚ըսենք, որ երանի Յիսուս մեզի հետ ըլլար, կամ մեր քով ըլլար։

Այս պատճառով Յիսուս կ՚ըսէ. «Երանի անոնց, որոնք ինծի առանց տեսնելու կը հաւատան», (Յովհ. 20-29)։

Յարութեան հաւատքի մէջ զօրանալու երրորդ պայմանը, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, մեր միտքերը Աստուծոյ գիտութեամբ լեցնելն է, որպէսզի մեր միտքերը բացուին եւ մենք իրապէս հասկնանք Քրիստոսի յարութիւնը։

Այս մէկուն ամենագեղեցիկ օրինակը Ղուկասի Աւետարանին մէջ տեղ գտած Էմմաւուսի ճամբորդներու պատմութիւնն է։ Երբ անոնք Յիսուսի յարութենէն վերջ պատահածներու մասին զարմացած կը խօսէին եւ երբ Յարուցեալ Յիսուս իրենց հանդիպեցաւ, բայց չճանչցան զինք, քանի իրենց եւս միտքերը պղտորած էր։ «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, պէտք է հաւատաք այն բոլորին, որոնք մարգարէները խօսեցան։ Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։ Եւ սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գիրքերուն մէջ գրուած էր։ Երբ մօտեցան այն գիւղը, ուր կ՚երթային, ինք ալ ձեւացուց, թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ Բայց ստիպեցին եւ ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի գիշերը մօտ է եւ օրը իջած։ Մտաւ անոնց հետ։ Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց, այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։ Իրարու կ՚ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գիրքերը կը մեկնէր», (Գործ. 24։25-32)։

Մահը մեր միտքն ու սիրտը այն աստիճան գրաւած է, որ մենք շատ ատեն հաւատքը երեւակայական կը գտնենք, կը խորհինք, որ պէտք է հաւատանք, բայց այս հաւատքը հաստատ ու հասուն չէ, այլ պատահական։

Անտարակոյս, այս զգացում ու խորհուրդները պէտք է մեր վրայէն թօթափենք ու Քրիստոսը յարգենք, որովհետեւ մենք Անոր կը պատկանինք։

Պէտք չէ մոռնանք, որ մենք՝ ի Քրիստոս մկրտուածներս, նաեւ լոյսի որդիներ ենք։

Վերջապէս, մենք իբրեւ քրիստոնեայ, մահուընէ անմահութեան անցածներ ենք։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023