ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻԼ, ԴԱՌՆԱԼ ԿՐԿԻՆ ՆՈՐ

Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ… Հաստատուն կացէք հաւատքին մէջ՝ գիտնալով, որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ (Ա ՊԵՏՐՈՍ 5:7-11)

Այս խօսքերով Պետրոս առաքեալ կրկին վստահեցուց Փոքր Ասիոյ իր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը, երբ անոնք տագնապալից շրջանի մը մէջ կ՚ապրէին։ Այդ օրերուն, Եկեղեցին տակաւին նոր էր եւ վաղ շրջանի քրիստոնեաները շատ բան ունէին կորսնցնելու եւ պատմական փորձառութիւնը չունէին հանդարտեցնելու հոգիները։ Անոր համար Պետրոս գրեց զօրացնելու անոնց սրտերը այն իմաստութեամբ, որ ի՛նք ձեռք բերած էր ծառայելով Քրիստոսի կողքին։

Ձեր ցաւը կորուստի իրական է, ըսաւ անոնց, բայց առանձին չէք ձեր տանջանքին մէջ։ Աստուած մի՛շտ կը հոգատարէ ձեզ եւ երբ ժամանակը գայ, Ան կը վերականգնէ ձեզ։

Ի՞նչն էր, որ Պետրոս այնքան ինքնավստահ ըրաւ, թէ Աստուած պիտի փրկէ իր ժողովուրդը՝ ինչ դժուարութիւններու մէջ որ ալ ըլլայ ան։ Պատասխանը այս է. ան ականատես եղած էր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան առաջին Զատկի կիրակիին։ Ան գիտէր, որ աշխարհը երբե՛ք նոյնը պիտի չըլլար։

Պահ մը մտածեցէք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մեռած մարդու մը կրկին կեանքի գալը։ Տիեզերքի հիմնական օրէնքին հակառակ եղող բան մըն է, ուր ամէն ինչ կը կործանուի, բոլոր ապրող էակները դէպի մահ կ՚երթան։ Պետրոս գիտէր, որ Քրիստոս եւս մահացած էր. ցաւալի եւ սարսափելի մահ մը։ Բայց երեք օրեր յետոյ, ան տեսած էր Քրիստոսի կեանքի կոչուիլը։ Աւելի՛ն, ան Քրիստոսի շրթներէն լսեց խոստումը, թէ Աստուած պիտի փրկէ իւրաքանչիւր անձ, որ իր հաւատքը կը դնէ Քրիստոսի Յարութեան վրայ։

Պետրոս գիտէր, որ Քրիստոս յաղթեց մահուան՝ փրկելու համար մարդ արարածը եւ ընելու համար այն ինչ, որ ան ստեղծուած էր՝ մեզ կրկին նոր անձեր դարձնելու։

Յիսուս Քրիստոսով Աստուած իր վրան առաւ տկար ու մեղաւոր մարդկային վիճակը եւ վերականգնեց զայն՝ կրկին նոր։ Ան կերակրեց անօթիները, բժշկեց հիւանդները, մխիթարեց սգաւորները։ Շփոթածներուն ան ցոյց տուաւ ճիշդ ու Աստուածահաճոյ ապրելակերպը։ Մեղաւորներուն ան թողութիւն շնորհեց։ Եւ վերջապէս մեռեալներուն՝ ըլլայ մարմնապէս թէ հոգեպէս, կեանք տուաւ։

Բայց այս բոլոր օրհնութիւնները մեծ գինով մը եկան։ Քրիստոս պայքարեցաւ, դիմացաւ մեծ տանջանքներու մեզի համար։ Իր վերջին մենամարտը տեղի ունեցաւ խաչին վրայ եւ պահ մը այնպէս թուաց, թէ մա՛հն էր, որ յաղթեց։ Բայց Զատկի կիրակիի առաւօտեան «Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն» եւ իր յաղթանակով մենք փրկուեցանք։

Սիրելիներ, կ՚ապրինք փորձութիւններով լի ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Աշխարհ յոգնած է տարիներու հիւանդութենէ եւ առանձնացումէ։ Մեր թանկագին Հայաստանն ու Արցախը վտանգաւոր պատերազմի հետեւանքներն են, որ կը քաշեն։ Այս հզօր երկիրը, ուր մենք կ՚ապրինք, մխրճուած է խորունկ բարոյական շփոթութեան, կասկածի ու մտահոգութեանց պատուհասի մէջ։ Մենք կը ցանկանք վերահաստատել զայն, որուն համար ստեղծուած էինք՝ կրկրին նոր անձեր դառնալու։ Բայց միայն մէ՛կ ուժ կայ, որ զօրաւոր է այս յոյսը իրականացնելու՝ Աստուծոյ ուժը Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Իր Յարութիւնը նշան մըն է, որ Աստուած մեզ կը սիրէ՝ հոգ կ՚ընէ մեզի համար։ Խոստումն է, որ նոյնիսկ երբ մենք փորձութիւններու եւ տանջանքներու դիմանանք, Աստուած մեզ մոռցած չէ եւ ժամանակի ընթացքին Ան պիտի վերականգնէ մեզ։

Ա՛յդ էր նշանակութիւնը առաջին Զատկուան կիրակիին։ Այս իրականութիւնն է, որուն հետ մենք պէտք է ողջագուրուինք մեր սիրտերով։ Եւ այս ճշմարտութիւնն է, որ մենք պէտք է հռչակենք աշխարհին՝ համոզմունքով եւ սիրով, գեղեցիկ բառերովը Հայ Եկեղեցւոյ.

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023