ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Աւետիսն է նոր կեանքի, զոր անգամ մը եւս կը յայտարարէ Ս. Եկեղեցին եւ անտարակոյս բոլորիս հոգիները կը լեցուին անպարագրելի ուրախութեամբ։ Բառերը բաւական չեն բացատրելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը, զորս կ՚ապրինք խոր հաւատքով, քանզի մեր առջեւ կը բացուի նոր կեանքի արշալոյսը։ Մեծ պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան ոսկի կիրակիներու առաջնորդութեամբ կը դիմաւորենք Ս. Յարութեան տօնը եւ այս տօնը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, որու ներկայութիւնը կը դառնայ մեր ներքին էութեան հայելին, որպէսզի սրբուած մեղքի ծանրութենէն՝ որդեգրենք նոր կեանքը, զայն ապրելու Քրիստոսի նմանակցութեամբ։

Այս է ճշմարիտ խորհուրդը Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան, որուն հաղորդակցութեամբ մեզի շնորհուած ու վստահուած կեանքը պարտ ենք հրաշագործել։ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը հրաւէրն է աղօթքի կեանքին, որպէսզի աղօթքի զօրութեամբ բարձրանանք առ Աստուած եւ դէպի մարդկութիւն ուղեգծուած կեանքը դարձնենք լոյսի ու խաղաղութեան ճանապարհ եւ ներողամտութեան ոգով ներշնչուած միմեանց հետ ստեղծենք նոր եկեղեցին՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախուած։

Հաւատքով ապրինք կեանքը, յոյսը՝ մեր սրտերուն մէջ եւ սէրը մարմնաւորենք մեր խօսքերով ու գործերով։ Ի՞նչ է կեանքը, երբ պարպուած է քրիստոնէական առաքինութենէն, եթէ ոչ պարապութիւն մը, որ կը խոնարհի նիւթին ընդառաջ։ Նիւթը ժամանցելի է եւ կորստական, բայց քրիստոնէական արժէքներով ապրուած կեանքը կ՚արտացոլէ աստուածայինը։ Նայեցէ՛ք աշխարհի երեսին ապրող մարդկութեան, թէ ինչպէ՛ս խաւարի մէջ է, երբ իր մէջ հանգած է Աստուծոյ սէրը եւ խեղդուած է խորհուրդը՝ Քրիստոսի Յարութեան։ Բայց երբ աղօթքն է մեզ առաջնորդող զօրութիւնը, ապա մեր հոգիներուն մէջ անթեղուած աստուածայինը կ՚ապրի իր զարթօնքը։ Չի բաւեր, սակայն, առանձնակի աղօթքը, որն անկասկած իւրաքանչիւրիս հոգին, միտքն ու սիրտը կը լուսաւորէ։ Պարտ ենք միասին աղօթել։ Եկեղեցին՝ հաւատացելոց համախումբ ներկայութիւնը, իր աղօթքին մէջ պիտի տեսնէ Քրիստոսի Յարութիւնը, միասնաբա՛ր պիտի կերտենք նոր կեանքը։

Պարտ ենք պատասխանել ժամանակի հրամայականին եւ ազգովին ապրելու Յարութեան խորհուրդը։ Գուցէ երբեմն ժամանակի մէջ մեր հոգին կը ծանրանայ փորձութեանց տակ, թէ՛ մեր անհատական, թէ՛ ազգային կեանքին մէջ, ըլլայ այն հայրենիքէն ներս կամ արտաշխարհի մեր գաղութներու մէջ։ Ուրեմն, դարմանը ունինք ձերբազատուելու տկարութենէն եւ մեր հոգիի հայեացքը ուղղելու մեր նախնեաց կեանքին, ուր Աստուծոյ սէրը մշտապէս ճառագայթեց։ Եւ այս ամէնը կը սկսի մեր ընտանիքներէն ներս, երբ ծնողներ զաւակներով հանդերձ կը քալենք Աստուծոյ գծած ճանապարհէն։ Ինչքան մարտահրաւէր մեր կեանքի մէջ՝ այնքան աւելիով պիտի դառնանք աղօթող, որպէսզի բացուին մեր ներքին աչքերը եւ խաւարէն դուրս բերենք կեանքը՝ զայն ապրելու հաւատքով, յոյսով ու սիրով։ Եւ ամէն անգամ, երբ խաչակնքենք, հաւատացէ՛ք, որ անպայման այնքան աւելի խորքով պիտի ըմբռնենք Յարութեան խորհուրդը։ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը՝ անտեսանելի ոսկէ կամուրջն է Աստուած ու մարդ ճշմարտութեանց միջեւ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Արտասանենք այս բարի աւետիսը անընդհատ եւ բոլորով պիտի զգանք, որ նոր կեանքը կը ծնի մեր մէջ։ Ինչքան դէպի երկինք բարձրացնենք մեր հոգու հայեացքը, այնքան եւս մեր վրայէն պիտի թօթափենք հին մարդը եւ պիտի դառնանք ճշմարիտ որդեգիրները Քրիստոսի եկեղեցւոյ։

Այսօր քաջ հաւատքով կը յայտարարենք, որ Յարութեան զաւակներ ենք։ Նայի՛նք անցեալ պատմութեան Յարութեան խորհուրդի պրիսմակինէն եւ այն ժամանակ պիտի ըմբռնենք, որ քրիստոնէութիւնը նախնեաց հաւատքն է եղած։ Քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութիւն չէ, այլեւ կեանք է ի Քրիստոս։

Մեր աղօթքն է ու մաղթանքը առ Աստուած, որպէսզի կեանքն ապրինք Յարութեան խորհուրդով, որպէսզի պարտութեան մատնենք մահը եւ Յարութիւնը դարձնենք խորհուրդը մեր ապրած կեանքին։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023