ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻՆ ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Այս առթիւ վերյիշուեցան եկեղեցւոյ բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ քանի Նոր կիրակիին աւանդաբար կը նշուի Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024