ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց ընդհանուր ժողով։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, «Արմէն Համբար» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Շուրջ երեք տասնեակ հոգեւոր հայրեր մասնակցեցան քննարկումներուն, մինչ ժողովէն բացակայեցան հանգստեան կոչուած եկեղեցականները։

Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց 5 մայիսին գումարուած այս ընդհանուր ժողովին կապակցութեամբ։ Այսպէս, հաւաքի ատենապետն էր Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան եւ քարտուղարը՝ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Քէշիշեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով եւ համապատասխան սահմանափակումներով պայմանաւորուած նախորդ տարուայ արգելքներէն վերջ Արեւելեան թեմէն ներս կազմակերպուած այս ժողովը ունեցաւ խիստ յագեցած օրակարգ մը, նաեւ քննարկումներու արդիւնաւէտ ընթացք մը։

Ժողովը բացուեցաւ հոգեւոր արարողութեամբ, որմէ յետոյ, մինչ Առաջնորդ Սրբազանի զեկոյցը, Մաշտոց Չոպանեան ներկայացուց օրուայ Աւետարանական ընթերցուածի խորհուրդը՝ խօսելով Թզենիի առակի մասին, ապա ըսաւ. «Թող այս հաւաքը իմաստութեամբ ընթանայ՝ լեցուն պտուղներով»։ Իր կարգին, խօսք առաւ ատենապետ Հայր Սասուն ու յատկապէս անդրադարձաւ 2020 թուականի բերած պատուհասներուն, այդ կարգին՝ մեր եկեղեցիի կորուստներու մասին։ «44 օրերուն պատերազմող մեր ժողովուրդին աջակցելու թեմի քայլերը ցոյց տուին, որ Արեւմտեան թեմը Յովնան Սրբազանի առաջնորդութեամբ իսկապէս հայրենիքի հետ կապուած եւ անոր ցաւով ապրող հաստատութիւն է», ընդգծեց Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան։

Ապա իր զեկոյցը ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանը՝ յատկապէս կանգ առնելով հայրենիքի աջակցութեան ծրագրերու վրայ։ «Համավարակի, Արցախի պատերազմի եւ այլ ծրագրերու համար միայն թեմի եւ ծուխերու, առանձին հոգեւորականներու ջանքերով հանգանակուած է բազմամիլիոն աջակցութիւն, որոնք այսօր ալ կը շարունակուին։ Այս մէկը պատիւ կը բերէ մեր թեմին ու հոգեւորականաց, որոնց քարոզչական կոչերով հնարաւոր եղաւ հասնիլ նման արդիւնքի», ըսաւ Տ. Յովնան Սրբազան եւ յոյս յայտնեց, որ անհանդուրժողութեան ոգին կը վերանայ եւ Հայաստան շուտով կ՚անցնի ստեղծագործ աշխատանքի, քանզի «արտաշխարհը իր հայեացքը յառած է հայրենիքին»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան՝ Յարութ Սրկ. Մարգարեանի գլխաւորութեամբ։

Ժողովի ժամանակ արծարծուեցան բազմաբնոյթ հարցեր, որոնք կը վերաբերէին հիմնական մի քանի նիւթերու։

Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքը աւարտեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ամփոփիչ խօսքով, ապա շարականի երգեցողութեամբ ու աղօթքով։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021