ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շուրջ 150 համալսարանականներ, որոնց շարքին կը գտնուէին թէ՛ ուսանողներ եւ թէ շրջանաւարտներ։ «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ ձեռնարկուած «Հայկական համալսարան» ծրագրի երիտասարդները հիւրընկալուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Հանդիպման սկիզբին ծրագրի համահիմնադիրը՝ պատմաբան Վարուժան Գեղամեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց իրենց որդեգրած ծրագրերը եւ յաջողութիւնները։

Վեհափառ Հայրապետն ալ համալսարանականներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնները։ Անդրադառնալով Հայաստանի դժուարին իրավիճակին եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներուն, ան կարեւորեց հայորդիներու հայեցի դաստիարակութիւնը, որու շնորհիւ միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ դուրս գալ առկայ ծանր կացութենէն։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մշտապէս հայ ժողովուրդին մէջ վառ պահած է անկախ պետականութեան գաղափարը։ Միեւնոյն ժամանակ ան կարեւորեց արցախահայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023