Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան եւ Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան։

Երեւման Ս. Խաչի տօնի զուգադիպած արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Այս Ս. Պատարագը Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի արտասահմանի մէջ կեցութեան վերջին փուլը բնորոշեց։ Ան ամիսներ առաջ նախ մեկնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը, ուրկէ անցած էր Գանատա։ Ամիսներ շարունակ իր կեցութիւնը եղաւ յագեցած եւ այժմ ան կը պատրաստուի քաղաքս վերադառնալ՝ մատուցած ըլլալով հրաժեշտի Ս. Պատարագը։

Միւս կողմէ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Թորոնթոյի մէջ, երէկ յետմիջօրէին ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան մասին։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023