ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Քրիստոնեայ տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Չոլաքեանի։ Հիւրերը, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս, իրենց ներկայութիւնը պատեհ առիթ համարած էին՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ իրականութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ, նաեւ մանրամասնութիւններ հաղորդեց համայնքային կեանքի ինչ-ինչ երեսակներուն կապակցութեամբ։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան սրբանկար մը նուիրեցին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ անոնց նուիրեց գիրքեր։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2022