ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արտա Սրկ. Փընարճեան եւ Էրքան Սրկ. Կարապետեան, նաեւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ դպրաց խումբի անդամներուն կողմէ, որոնց միացան նաեւ քահանայ հայրեր, ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Քարոզին մէջ ան կանգ առաւ Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու գործունէութեան եւ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան վրայ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի դամբարանին մօտ, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ գետնայարկին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակն ալ ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ իր անուան տօնն էր երէկ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022