ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց IBM ընկերութեան ելեկտրոնային նախագծման օթոմաթիզմի խումբի փոխ-նախագահ Լէոն Սթոքը, որուն ուղեկցեցան «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։ Հարկ է նշել, որ Լէոն Սթոք Հայաստանի պետական մրցանակին 2021 թուականի դափնեկիրը դարձած էր՝ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման համար։ Ան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացաւ իր մրցանակը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Լէոն Սթոքը շնորհաւորեց Հայաստանի պետական մրցանակին արժանացած ըլլալու բերումով։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան նորարարական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն ներս ապագայ հեռանկարներուն վերաբերեալ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022