ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՀՌՈՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ աւարտեց դէպի Հռոմ իր ուղեւորութեան ծրագիրը։ Օդակայան մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։ Ներկայ էին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ Նորին Սրբութեան եւ Կարտինալին զրոյցը, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Հռոմի «Լէոնարտօ տա Վինչի» օդակայանի պատուոյ սրահը։

  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021