ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ։ Օրուայ պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 22-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հայրապետական մաղթանքին հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Այս փուլին եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան քաջառողջութեան, կենաց արեւշատութեան եւ բազմամեայ գահակալութեան համար։

Օրուայ քարոզին մէջ պատարագիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանն ալ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի օծման ու գահակալութեան 22-րդ տարեդարձին։

«Եւ ահա, տարիներ առաջ Աստուած եւ մեր ազգը ընտրեց ան, որ հզօր հայրենիքի, հզօր եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր հայ ժողովուրդի բարօրութեան մեծ երազն ու տեսիլքը եւ զայն իրագործելու տէրունաւանդ շնորհն ունի։ Ան, որ լսեց «Մի՛ երկնչիր, միայն հաւատա՛ եւ ան կ՚ապրի» պատգամը եւ կեանքով վկայեց, թէ չ՚երկնչիր, այլ կը հաւատայ եւ իր հաւատքի շնորհիւ կ՚ապրեցնէ իր խնամքին յանձնուած ածուն։ Երբ կը փորձէի մտովին ամփոփել անցեալ 22 տարիներու սքանչելի ծրագրերը, իրագործումներն ու ձեռքբերումները, որոնք  Հայոց Հայրապետի իմաստութեամբ, տեսլականով ու անձանձրոյթ աշխատանքով իրականացուած են, պահ մը ընկրկեցայ. անդրադարձայ, որ անոնք էջեր ու էջեր են, որոնց արժանի գնահատականը պիտի տայ անաչառ ժամանակը։ Իսկ մենք, որ բարեբաստիկ առիթն ունինք իր սաները, հոգեւոր զաւակներն ու ժամանակակիցները ըլլալու, երախտագէտ ոգիով կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Հայրապետը գահակալութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձին առիթով։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ սիրելի հաւատացեալներ, որպէսզի յընթացս Ս. Պատարագի մեր սրտագին աղօթքները ուղղենք առ Աստուած եւ մեր բարեմաղթութիւնները խառնենք հանուր հայութեան աղօթքներուն Հայրապետական մաղթանքով զօրութիւն, զօրակցութիւն եւ անսասանութիւն հայցելով Հայոց Հօր եւ անոր խնամքին յանձնուած Հայոց Հայրապետութեան», ըսաւ քարոզին մէջ Տ. Մուշէղ Եպսկ. Պապայեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021