ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան-սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը։ Նորին Սրբութիւնը նախապէս թելադրած էր, որ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող եւ գիտական ու կրօնական շրջանակներէն ներս յաճախ արծարծուող հետեւեալ երկու հարցերու քննարկումը կատարուի՝ ա) Կրօնք եւ գիտութիւն եւ բ) Հաւատք ու կրօնք։

Յիշեալ հարցերը ներկայացուցին վերջին տարիներուն Միացեալ Նահագներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ իրենց համալսարանական ուսումը ստացած հետեւեալ միաբանները՝ Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

Ելոյթներու աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատելով միաբան հայրերու հարցերուն մօտեցման ու քննարկման եղանակը՝ թերադրեց աւելի խորանալ, նկատի ունենալով անոնց զօրեղ ազդեցութիւնը անհատի թէ ընկերութեան կեանքին վրայ։ Նորին Սբրութիւնը յատկապէս շեշտեց, թէ գիտութեան ու կրօնքին միջեւ գոյութիւն ունեցաւ դարերու պայքար. անհրաժեշտ է զայն վերածել երկխօսութեան՝ ի սպաս մարդկութեան զարգացման։ Անդրադառնալով հաւատքի կարեւորութեան՝ ան ըսաւ, թէ կրօնքը հաւատքին արտայայտութեան ձեւ ու կառոյց տուողն է եւ հետեւաբար հարկ է զգոյշ ըլլալ խորքը չզոհելու ձեւին ու կառոյցին։

Միաբանական հաւաքին երկրորդ բաժինը յատկացուած էր համալսարանական ուսմանց։ Իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեանց լոյսին տակ, իբրեւ զանազան համալսարաններու ուսանող եւ դասախօս, Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ եւրոպական եւ ամերինկեան համալսարանական ուսմանց ծրագիրներու, աստիճաններու, շեշտաւորումներու եւ այլ մարզերու տարբերութեանց։ Ան նաեւ պարզեց այն տուեալները, որոնք համալսարանի մը կարեւորութիւնը կը շեշտեն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ ինք պիտի շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել միաբաններու բարձրագոյն ուսմանց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով, որ անհրաժեշտ է ուսումը արժեւորել առաքելութեան ու ծառայութեան ճամբով։

Ներկայիս 62 միաբաններէ բաղկացած միաբանութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը համալսարանական ուսում ստացած է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020