ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Պունտեսթակի «Միջազգային խորհրդարանական կրթաթոշակ» ծրագրի պատուիրակութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր երեսփոխան Քրիստիան Հաասէ։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Վիքթոր Ռիխթեր։

Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին «Միջազգային խորհրդարանական կրթաթոշակ» ծրագրին շուրջ, ընդգծելով, որ սա հնարաւորութիւն կու տայ մասնակիցներուն ծանօթանալու Գերմանիոյ խորհրդարանական կառավարման համակարգին եւ կուտակուած փորձառութիւնը կիրառելու այլուր։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ջանքերուն եւ այս առընչութեամբ առկայ մարտահրաւէրներուն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022