ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը։ Ող­ջու­նե­լով վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց երկ­րին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ ժո­ղո­վուր­դը յու­զող առ­կայ խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քերն ու ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րը։ Նո­րին Սբրու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց, որ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան մշտա­պէս ա­ջա­կից ե­ղած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր կա­ռոյց­նե­րուն՝ իր ծա­ռա­յու­թեան զա­նա­զան փու­լե­րուն մէջ։

Իր կար­գին, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեանն ալ գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­լով պե­տու­թիւն-ե­կե­ղե­ցի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վար­չա­պե­տին ներ­կա­յա­ցուց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Խօ­սուե­ցաւ նաեւ երկ­րէն ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րու ըն­թաց­քին շուրջ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաղ­թեց, որ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով պսա­կուին հայ­րե­նի­քի յա­ռա­ջըն­թա­ցին եւ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ուղ­ղեալ վար­չա­պե­տի բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017