«ՄԵՐ ՏԷՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ Է»

Այս օրուան Սուրբ Գիրքին ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Մք 4.5): Ճշմարտութիւն մը, որ մինչեւ այսօր ի զօրու է տակաւին: Արդարեւ, իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն կամ ընկերութիւն, աւելին, իւրաքանչիւր անհատ ինքն իր համար աստուած մը կը գտնէ եւ անոր անունով կ՚ապրի ու կը գործէ իր կեանքի ընթացքին: Այսպիսով, անաստուածին համար իր աստուածը անաստուածութիւնն է: Հեթանոսին համար իր աստուածները՝ հորթը, այծը, կրակը, արեւը, լուսինը, ձեռակերտ կուռքերը, եւ այլն, եւ այլն, են: Հրեային համար՝ Եհովան: Իսլամին համար՝ Ալլահը: Քրիստոնեային համար Երրորդութիւնը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի:

Ասոնք ընկերութիւններուն եւ հաւաքականութիւններուն ընդունածներն են: Ասոնց կողքին սակայն կան անհատական գետնի վրայ ստեղծուած աստուածներ: Մարդը, ունենալով ազատ կամք եւ տրամաբանելու կարողութիւն, միշտ կը փորձէ իր մէջ ինչ-ինչ պատճառներով առաջացած դատարկութիւնը լեցնել բանով մը, եւ այդ բանը շատ յաճախ իրեն համար կը դառնայ՝ աստուած, կամայ թէ ակամայ: Այսպէս օրինակ, ոմանք դրամը, ուրիշներ՝ խմիչքը, ուրիշներ՝ ծխախոտը, ուրիշներ՝ հեռատեսիլը, ուրիշներ՝ համացանցը, ուրիշներ՝ հեռախօսը, ուրիշներ՝ բամբասանքը, ուրիշներ՝ պոռնկութիւնն ու անբարոյութիւնը, ուրիշներ՝ չարախօսութիւնը, ուրիշներ՝ զազրելի զբօսանքները, եւ այլն: Շարքը ինչքան ալ երկարենք կ՚երկարի: Մարդ վերեւ նշուածներէն որեւէ մէկուն գերին դառնալով, ինքզինք կը ստրկացնէ այդ նիւթական իրին կամ վերացական գաղափարին, որով կեանքի կը վերածուի մարդուն արարքով, այլ խօսքով՝ կ՚աստուածանայ:

Այս բոլորին դէմ պատերազմելու համար լաւագոյն ժամանակաշրջանը Մեծ պահոց օրերն են, որոնք ինքնաքննումի, ինքնաճանաչողութեան, մաքրուելու, սրբուելու, մեղքերը խոստովանելու, զղջալու եւ ապաշխարելու օրեր են, ուր մարդ ձերբազատուելով շինծու աստուածներէ կը հասնի Մէկ եւ Միակ ճշմարիտ Աստուծոյ գիտութեան: Աւելին, Միքիա մարգարէին հետ համարձակօրէն կ՚ըսէ՝ «մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Մք 4.5), այսինքն՝ արդարութեան, ճշմարտութեան ճանապարհէն, որով միա՛յն կարելի է հասնիլ յաւիտենականութեան: Յիշենք, Աստուած Ի՛նք նաեւ, երբ Մովսէս մարգարէին Տասնաբանեայ պատուիրանները տուաւ, այնտեղ ըսաւ. «Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն (մեղքի, սատանայի տիրապետութենէն) հանեցի (ազատեցի): Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Ելք 20.2-3: Բ.Օր 5.6-7): Տակաւին. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասնզի Ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ» (Ելք 20.4-5: Բ.Օր 5.8-9): Պատուիրանը շատ պարզ ու յստակ է: Աւելին, Աստուած չ՚ուզեր նաեւ Իրեն վերապահուած փառքն ու պատիւը ուրիշին տրուի, այս մէկը կը հասկնանք՝ երբ կ՚ըսէ «նախանձոտ Աստուած եմ»: Սխալ պէտք չէ հասկնալ այս արտայայտութիւնը: Ոմանք կրնան ըսել նախանձիլը մեղք է, ապա Աստուած ինչպէ՞ս կ՚ըսէ թէ «նախանձոտ» եմ, արդեօք հակասութիւն չի յառաջացնե՞ր այս արտայայտութիւնը: Բնա՛ւ. եթէ արտայայտութիւնը կարդանք ընդհանուր իր պարունակութեան մէջ, այստեղ Աստուած ըսել կ՚ուզէ մեզի, թէ այն ինչ որ Իմս է, ուրիշին մի՛ տաք, այսինքն՝ Աստուածութիւն նախ եւ առաջ, ապա փառք, պատիւ, փառաբանութիւն եւ ամէն ինչ, որ վայել է ճշմարիտ Աստուծոյ: Դարձեալ կը կրկնեմ, Մեծ պահոց օրերը լաւագոյն առիթն են այս բոլորը կեանքի կոչելու եւ ատով ապրելու:

Տասերորդ օրուան մարտահրաւէր. մեր ներսիդին՝ հոգին մաքրել, զայն վերածելով ճշմարիտ Աստուծոյ բնակարանի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022