ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վաղարշապատ քաղաքի աւագանիի «Էջմիածին» խմբակցութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սեւակ Խաչատրեանի։ Հայցելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը՝ հիւրերը իրենց որդիական հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան նկատմամբ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման վերաբերեալ խնդիրներու։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024