ՀՐԱՒԷՐ ԲԵՐԿՐԱՆՔԻ

Զուարճացիր եւ բերկրեա ժողովուրդ Աստուծոյ. մատո զոստս ծաղկեալս հաւատով եւ ասա. Օրհնեալ որ եկիրդ թագաւոր տիեզերաց։

(Շարական Ծաղկազարդի)

Պասէքի տօնը ի Հրէաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի հրէից համար կարեւոր առիթներէն էր ուխտաւորաբար Երուսաղէմ գալու, մանաւանդ առիթ՝ համախմբուելու ընդ հովանեաւ Տաճարին։ Գուցէ անոնց համար այս համախմբումը, զգեցած կրօնական բնոյթին առընթեր կը կրէր նաեւ ազգային միասնականութեան զգացումը ներշնչելու առիթ, քանի այս տօնին է, որ կը յիշէին իրենց նախահայրերուն Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրումը, շնորհուած որպէս Աստուածային պարգեւ։ Այդ պարգեւը շնորհած էր Աստուած Իր սեպհական ժողովուրդին, տեսնելով փարաւոնի երկրին մէջ անոնց կրած անտանելի ու տաժանելի կեանքի օրերը (Ելից, 3.7-8)։

Քրիստոս առաջին անգամ չէր, որ Պասէքի տօնին առթիւ կու գար Երուսաղէմ։ Այս վերջին գալուստը կը կրէր տարբեր բնոյթ մը. կու գար Հօր Աստուծոյ կամքով, դառնալու՝ Ճշմարիտ Պատարագ ի փրկութիւն ազգի մարդկան։ Գալուստ մը, որ անօրինակ խանդավառութիւն ստեղծած էր։ Ծերեր, երիտասարդներ, տղաներ բոլորը խնդութեամբ կը դիմաւորեն Մեսիան, որուն գալուստին կ՚ակնկալէին՝ այն սպասումով, թէ անոր շնորհիւ Հռովմէական հեթանոս լուծէն պիտի ազատագրուէր Երուսաղէմը՝ Սուրբ Քաղաքը եւ Սուրբ Գիրքի բառերով «սուրբ ազգ եւ սեպհական ժողովուրդը»։ Անոր շնորհիւ պիտի հաստատուէր Դաւիթի թագաւորութիւնը, վերջ տալով ստրկական կեանքի պայմաններուն։ Աստուծոյ ժողովուրդին համար գրեթէ անտանելի եւ անհանդուրժելի էր «Սրբութիւն Սրբոց»ի՝ Տաճարին գտնուած վայրին մէջ հարկադրաբար տեսնել հռովմայեցի կուսակալներու ներկայութիւնը, որոնք Հռովմէական կայսրութեան միահեծան իշխանութիւնը կը ներկայացնէին։ Անոնց ու իրենց զօրքերու ներկայութիւնը շատ ծանր կու գար բոլորին։ Այդ կուսակալներէն էր Պիղատոս՝ օրուան իշխանաւորը, որ իր պաշտօնին բերմամբ ձիու վրայ հեծած արքայանման իշխանական հանդէսով իր պաշտօնարանէն՝ Պաղեստինեան Կեսարիայէն եկած էր Երուսաղէմ, հսկելու համար Պասէքի տօնին առթիւ քաղաքի ապահովութեան եւ անդորրութեան՝ նկատելով, որ քաղաքը ժողովուրդի բազմութեամբ խռնուած կ՚ըլլար։ Պիղատոս Երուսաղէմ կու գար պաշտօնով։ Եւ Գալիացիներու յիշողութեան մէջ տակաւին կը պահուէր այն դառնութիւնը, երբ նախանձայոյզ կոչուած խմբակին յառաջացուցած ամբոխավարութեան իբր հետեւանք, Պիղատոսի ձեռք առած արիւնալից միջոցառումով իրենց արիւնը խառնուած էր զոհերու արեան հետ (Ղուկաս, 13.1-2)։ Պիղատոսի հեթանոսութիւնը, նաեւ անագորոյն վարիչ մը ըլլալու հանգամանքը ատելութեան կ՚արժանանար։ Այս առումով որքան տարբեր են իրարմէ Պիղատոսի եւ Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք գալուստի տեսարանները։ Մին կու գար յաղթական թագաւորի նման ձիով ու զինուորական պատիւներով, իսկ միւսը՝ պարզ իշու վրայ հեծած՝ ժողովուրդի խանդավառ ցոյցերով։ Առաջինը կ՚արժանանար լռելեայն պժգանքի, իսկ երկրորդը՝ «Ովսաննա, Ալէլուիա»ներու։

Քրիստոսի գալստեամբ քաղաքին մէջ յառաջացած եռուզեռը դուռ կը բանար որ քաղաքացիներ հարցնեն. «Ո՞վ է որ կու գայ», որուն պատասխանը կ՚ըլլայ յստակ. «Յիսուս Նազովրեցին»։ Այդ պահուն կ՚իրականանար Զաքարիա մարգարէի մարգարէութիւնը. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զաքարիա, 9.9)։

Հացի եւ ձուկի բազմացման հրաշքին ի տես ժողովուրդը ըսած էր. «Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ Քրիստոս այս արտայայտութեան ընդմէջէն հասկցած էր որ «զինքը բռնի պիտի թագաւորեցնեն, նախընտրած էր առանձնանալ» (Յովհաննէս, 6.14-15)։ Այս անգամ տարբեր էր պարագան։ Ժողովուրդի աղաղակները կը թնդացնէին երկնակամարը. «Ովսաննա Բարձրեալին, օրհնեալ ըլլայ ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Օրհնեալ ըլլայ մեր Հօր՝ Դաւիթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ, Խաղաղութիւն՝ երկինքի մէջ եւ փառք բարձունքներու մէջ» (Մարկոս, 11.10)։

Ցնծութիւն, ուրախութիւն եւ բերկրանք. այս բառերով կը բնութագրուին ժողովուրդի բազմութեան յայտնաբերած զգացումի արտայայտութիւնները։ Ծերերու եւ տղաներու բռնած արմաւենիներու ոստերը, ձիթենիի ճիւղերը զարդերն են այս երեւոյթին։ Սաղմոսաց գրքին մէջ կայ հատուած մը, որ ուխտագնացութեան ձեռնարկած հաւատացեալի աղօթքն է. «Կ՚ուրախանայի երբ ինծի կ՚ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք» Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, ո՛վ Երուսաղէմ» (121/122.1-2)։ Ժողովուրդը մեծաւ մասամբ ուրախ էր։ Քրիստոսի համար Տաճարը իր Երկնաւոր Հօրը տունն էր։ Կը յիշենք, երբ Մարիամ եւ Յովսէփ Յիսուսը կորսնցուցած ըլլալու մտավախութեամբ տոչորուն, հարցուցած էին իրեն. «Որդեակ, այս ի՞նչ ըրիր դուն մեզի, ահաւասիկ հայրդ եւ ես տագնապած քեզ կը փնտռէինք»։ Պատասխանը յստակ էր եղած. «ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս. չէիք գիտեր թէ ես Հօրս տունը պէտք է ըլլամ» (Ղուկաս, 2.47-50)։ Տակաւին տասնեւերկու տարեկան այս բառերով արտայայտուած Քրիստոս, Երուսաղէմ մուտքէն առաջ ի տես Երուսաղէմի փառաւոր տեսարանին՝ աչքերը տամկացած ու ներքնապէս տրտմած էր ըսելով. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները. քանի քանի անգամ ուզեցի հաւաքել քու զաւակներդ, ինչպէս հաւը կը հաւաքէ իր ձագերը թեւերուն տակ, բայց չուզեցիք» (Մատթէոս, 23.37)։

Քրիստոս, Երուսաղէմ եւ Տաճար։ Քրիստոս, նախանձախնդիր Թագաւորն էր, որ հաստատամտութեամբ տաճարը պիտի մաքրէր։

Քրիստոս, նախանձախնդիր Թագաւորն էր, որ ի լուր աշխարհի բարձրաղաղակ պիտի յայտարարէր, թէ Իր Տունը աղօթքի տուն պիտի կոչուէր։

Քրիստոս նախանձախնդիր Թագաւորն էր, որ մանկանց ձայնով եղած օրհնութեան կարեւորութիւն պիտի ընծայէր եւ այդ կեցուածքով պիտի յայտարարէր, թէ մանուկները իրաւունք ունէին իրենց տեղը ունենալու տաճարին մէջ։

Քրիստոս Թագաւոր ի վերջոյ պիտի մարգարէանար տաճարի կործանումով։

Փրկչին Երուսաղէմ մուտքի տօնը առիթ մըն է մտածելու, թէ Քրիստոսի շնորհիւ մեղքի ծառայութենէն փրկուածներս ինչպիսի կեցուածք կ՚որդեգրենք իրեն նկատմամբ։ Տարբերութիւն մը կա՞յ Քրիստոսը դիմաւորողներու եւ մեր միջեւ։ Անոնց աչքին Քրիստոս թագաւոր էր, օժտուած՝ իր ժողովուրդը Հռովմէական լուծէն ազատագրելու առաքելութեամբ։ Իսկ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար Քրիստոս Աստուծոյ Որդի է, որ հայրական տնօրինութեամբ կատարած է այն, ինչ որ պէտք էր ընէր որպէս սուրբ տնօրինութիւններ, փրկելու համար մարդկութիւնը իր մեղքերէն։ Ան, Հօր աջ կողմը նստած՝ յաւիտեանս յաւիտենից կը շարունակէ իր քահանայապետութիւնը ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։ Բոլորս ունինք մեր սրտերը, մտքերն եւ հոգիները, որոնք կը կազմեն մեր անձնական Երուսաղէմը, մեր կեանքը։ Սրբազան շարականագիրը կու գայ Աստուծոյ նոր ժողովուրդը՝ մեզ հրաւիրելու, որպէսզի Երուսաղէմ մտնելու տրամադիր Քրիստոսը դիմաւորենք զուարճութեամբ, եւ մանաւանդ բերկրանքով եւ մատուցանել մեր հաւատքով ծաղկած ոստերը։

Սարգիս Շնորհալի գեղեցիկ բացատրութեամբ կը սորվեցնէ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ բերկրանք։ «Բերկրանքը առաքինութեան կատարումն է, քանզի չկայ որեւէ ուրիշ բան, որ այդպէս ուրախացնէ հոգին եւ մարմինը, եթէ ոչ Աստուծոյ պատուիրաններու կատարումը, որովհետեւ երբ այդ կը կատարուի անձին մէջ կը մտնէ նաեւ Տէրը եւ Հայրն ալ իր հետ ներս կը մտցնէ, ինչպէս որ կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը կը սիրէ զիս՝ իմ խօսքս պիտի պահէ, եւ իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ անոր քով պիտի գանք ու անոր մօտ պիտի օթեւանինք» (Յովհաննէս, 14:23): Ուրախութեան պատճառը եւ անասելի բերկրութիւնը աստուածութեան գալն է այնտեղ: Քանզի, ինչպէս, օրինակ, չկայ որեւէ պատճառ, որ այդքան տրտմեցնէ մարդու սիրտը, որքան մեղքերուն յարիլը եւ ծուլութիւնը, որովհետեւ բանսարկուն իր հետ ներս կը մտցնէ տրտմութեան բոլոր տեսակի պատճառները, այդպէս ալ առաքինութիւնները բերկրութեան պատճառ են (Աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ Գայիանէ Թէրզեանի)։

Հակառակ յաճախ ընկալուած ժխտական եւ մերժողական կեցուածքին, Քրիստոս կը փափաքի մտնել մեր Երուսաղէմներէն ներս։ Ժխտական եւ մերժողական կեցուածքը մեր Երուսաղէմի դռներուն կղպանքներն են։ Կղպուած վիճակը ամրացնող շղթաներն են։ Երուսաղէմի ժողովուրդը ովսաննաներով ու ալէլուիաներով կը դիմաւորէր Քրիստոսը։ Իսկ ժխտական եւ մերժողական կեցուածքն ալ ունի իր կարգին աղաղակ մը, որ յար եւ նմանն է Գերգեսացի դիւահարի բժշկութեան դէպքի պարագային լսուած չար ոգիի աղաղակին. «Ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ, Յիսուս Բարձրեալ Աստուծոյ Որդի» (Մարկոս, 5.7-8)։

Աստուծոյ եկեղեցին կը զարգանայ, առողջ պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ միայն այն պարագային, երբ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին Տաճար դարձած մարմիններու մէջ կը բազմի Քրիստոս իր լիութեամբ։ Սակայն եւ այնպէս, ներկայ դարուս մէջ թիւը քիչ չէ անոնց, որոնք առաջի Աստուծոյ չեն վարանիր յայտարարելու, թէ իրենց կեանքին տէրը իրենք են։ Չեն վարանիր ոչ միայն հեռու կենալու, այլ նաեւ՝ հեռու պահելու Աստուծոյ Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն վերստին ծնունդ առած իրենց հոգեհատորները։ Կը նմանին այն կեղծաւոր փարիսեցիներուն, որոնց համար Տէրը ըսած էր. «Վա՜յ ձեզի՝ դպիրներուդ եւ կեղծաւոր Փարիսեցիներուդ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ մտնողներուն ալ թոյլ չէք տար որ մտնեն» (Մատթէոս, 23.13)։ Անտարբերութեան ախտէն վարակուածներու ժխտական կեցուածքը պատճառ կը դառնայ սերունդներու այլասերման, զանոնք տանելով դէպի կորուսման խորխորատ։ Ընտանիքներու աւանդական գիծին ընդհատումը դուռ կը բանայ եկեղեցւոյ տկարացման։ Դուռ կը բանայ Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելու կոչուած դպրաց դաս-երգչախումբերու տկարացման։ Աստուծոյ տունը միայն հոգեւոր պաշտօնէին յանձնելով անտարբեր կեցուածք որդեգրելը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ դպրական շապիկներ շատ անգամ ցորցակալները զարդարեն միայն։ Անտարբեր կեցուածքին պատճառաւ Քրիստոսի «Թոյլ տուէք մանուկներուն որ ինծի գան, եւ մի՛ արգիլէք զանոնք, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» (Ղուկաս. 18.16) խօսքը ընդհանրապէս չի լսուիր։ Իրենց հայրերուն աղօթած տաճարներուն մէջ տեղ ունենալը մեր տղոց իրաւունքն է։ Սակայն ընդհանրապէս փոխանակ այդ իրաւունքը յարգելու, կամայական կեցուածքով կը կապտուի։ Դժբախտութիւնը այն է, թէ ընդհանրապէս ժխտական կեցուածք որդեգրողներ չեն զգար, թէ սխալ կը գործեն, աւելի Սուրբ Աւետարանի բառերով «չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ՚ընեն» (Ղուկաս, 23.34)։ Մեր տղաքը ինչպէ՞ս պիտի գիտնան եւ սորվին, թէ իրենք կարեւոր են Աստուծոյ աչքին եւ Աստուած անոնց մէջէն կրնայ կանչել Իր ծառայութեան, որ նոյնքան պատուաբեր է, որքան որեւէ ասպարէզ։

Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան «Դրուագներ Մանուկ Յիսուսի կեանքէն» բանաստեղծութեան հատորին մէջ Քրիստոսը եւ իր սուրբ տնօրինութիւնները ներկայացուցած է Քրիստոսը մանկացնելով եւ իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւնը վերջացուցած՝ յորդորով կամ խրատականով մը։ «Մանուկ Յիսուս Թագաւոր» քերթուածին մէջ մանկական խաղի մը խաղակիցներով կը ներկայացուի Քրիստոսի Երուսաղէմ քաղաք մուտքի տեսարանը։ Երանաշնորհ Պատրիարքի խրատականը ոչ միայն մանուկներուն, այլ նաեւ ի զօրու է մերօրեայ չափահասներուն համար։

Որդեակ, մանուկ մնալով միշտ՝
Մի՛ մերժեր սէրը Փրկչիդ,
Հեռու կեցած դու մարդերէ ամբարիշտս՝
Զինքը պաշտէ անքթիթ։
Կեանքիդ բոլոր տենչանքներէն լուրջ կամ թեթեւ՝
Ընտրէ միայն այն զբօսանքն երկարատեւ՝
Որ զքեզ Մանուկ Յիսուսին քով
Կ՚ընէ ընկեր մը խաղակից.
Հագուեցուր զինքն արքայական իր զարդերով,
Եւ ողջունէ Զինք Թագաւոր յաւիտենից։

Օրհնեալ ըլլայ Քրիստոսի գալուստը Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմ։ Երբ կը տօնախմբենք այս տնօրինական յիշատակութիւնը, միանանք Քրիստոսը դիմաւորող ժողովրդային ցոյցերուն, որոնք երջանկութիւն, ուրախութիւն եւ բերկրանք կը բուրեն։ Այդ բուրումնաւէտ մթնոլորտը թող ջերմացնէ այն սրտերը, որոնք կղպուած են Քրիստոսի առջեւ։ Նոյն ջերմութիւնը թող հալեցնէ կղպանքները եւ շղթաները։ Աստուծոյ օրհնութեամբ թող չքանայ անտեղի եւ անպէտ անտարբերութեան ախտը եւ մարդիկ այլեւս լաւ հասկնան ու ըմբռնեն, թէ բացի Քրիստոսէն քովը երթալիք մէկը չունինք, քանի որ «Քրիստոս յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունի»։ Պետրոս առաքեալի «Դուն ես Քրիստոսը Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.69-70) խոստովանութիւնը կեանքի կոչենք եւ Քրիստոս «հրաշափառապէս մուտք գործէ մեր կեանքերէն ներս, բնակի մեր մէջ Իր Խօսքին հարստութեամբ» լիացնելու Իր օրհնալիր ու բերկրառիթ ներկայութեամբ (հմմտ. Կողոսացիս, 3.16)։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

3 ապրիլ 2022, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022