Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ԱՐԺԱՆԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի վարդապետական թեզի պաշտպանութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն հայր սուրբը բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու համար Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս ծրագրի մը կը հետեւէր։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ վարդապետական թեզի բանաւոր պաշտպանութիւնը։ Երիտասարդ հայր սուրբի տարած աշխատանքին նիւթն էր՝ «Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան վանական կամ դպրեվանական կեանքը»։

Երէկուան պաշտպանութեան ընթացքին պատկան գիտական յանձնաժողովին նախագահեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։ Յանձնաժողովի կազմին մէջ էին նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան եւ Մասիացոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։

Պաշտպանութեան ընթացքին հայր սուրբը ներկայացուց իր թեզը, պատասխանեց յանձնաժողովի անդամներու եւ ներկաներու հարցումներուն։

Յաւարտ բանաւոր պաշտպանութեան, քննիչ յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուաւ վարդապետական թեզին եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը արժանի նկատեց մասնաւոր վարդապետութեան աստիճանի։

Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, ըստ ձեւաւորուած աւանդութեան, յառաջիկայ օրերուն Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան յատուկ արարողութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022