ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին հետ։ Աթշանէի մէջ, Լիբանան, տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդներու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Զրոյցի տեւողութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը անդրադարձան Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ երկու ժողովուրդներու  պատմական յարաբերութիւններուն եւ հասարակաց սկզբունքներուն։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ դաւանաբական, մշակութային, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մարզերէ ներս երկու եկեղեցիներու որդեգրած համատեղ արժէքները։ Նշուեցաւ նաեւ, որ երկու ժողովուրդները նոյնանման ճակատագիր ունեցած են պատմութեան ընթացքին, ուստի այսօր պէտք է սերտ համագործակցութեան մէջ գտնուին։

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք մատնանշեցին նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեկեղեցական համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ։

Հարկ է յիշեցնել, որ երկու հոգեւոր առաջնորդները վերջերս Վատիկանի մէջ մասնակցած էին՝ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հաւաքին Սրբազան Պապին հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021