ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանը, որուն ընկերացաւ գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան։ Հանդիպման սկիզբին Նորին Սրբութիւնը հիւրերը շնորհաւորեց Մատենադարանէ ներս նոր պաշտօններու ստանձնման առթիւ ու անոնց մաղթեց արդիւնաշատ գործունէութիւն ի պայծառութիւն եւ ի փառս այս կարեւոր գիտական կառոյցի։ Զրոյցի տեւողութեան ան ընդգծեց, որ Մատենադարանը ազգային հպարտութեան ամենանուիրական կեդրոններէն մին է՝ իր ձեռագրական ժառանգութեամբ հանդիսանալով համամարդկային գիտական ու իմացական մտքի զարգացման աղբիւր։ Իր կարգին, Արա Խզմալեանն ալ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Մատենադարանի զարգացման ուղղեալ իր տեսլականը եւ ապագայ ծրագրերը՝ կարեւորելով նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը։

Ապա քննարկուեցան համագործակցութեան ուղիները, մեծապէս կարեւորուեցաւ ձեռագրագիտական, աղբիւրագիտական ու թարգմանական առաւել բեղուն աշխատանքի իրագործումը։ Բոլորը համամիտ գտնուեցան, թէ առաջնահերթ խնդիրներու շարքին է՝ հայկական ձեռագրերու Հայաստան վերադարձը։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց նաեւ «Մայր Հայաստան» շարժման համակարգող Անդրանիկ Թեւանեանը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023