ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը ընդունած էր հրաւէրը։ Ըստ իրեն, եկեղեցի-պետութիւն, եկեղեցի-կրթական համակարգ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շարք մը՝ հասարակական հնչողութեամբ հարցեր այժմ կ՚ենթարկուին քննարկման։ Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ ազգի յենասիւներէն մին եւ 21-րդ դարուն ալ կը շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը պետութեան հետ՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ըստ իրեն, բազում հարցեր ծառացած են հայ ժողովուրդի եւ պետութեան առջեւ ու այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման տեսակէտէ մեծապէս կարեւոր է խորհրդարանի օրէնսդրական առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց Ազգային ժողովի նախագահին եւ պատգամաւորներուն։ Ան աւելցուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի անկախացումէն ի վեր սերտօրէն գործակցած է խորհրդարանին հետ եւ այդ գործակցութիւնը նաեւ իր դրական արդիւնքը տուած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնսդրութեան մշակման գործին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձան միջազգային պայմանագրերուն եւ կրթական չափորոշիչներուն վերաբերեալ հարցերու։ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքերը՝ հայրենիքի զօրացման, պետութեան ամրացման եւ ժողովուրդի երջանիկ, խաղաղ, ապահով կեանքի կերտման համար։ Արարատ Միրզոյեանն ալ իր հերթին շեշտեց, որ խորհրդարանի գործունէութեան հիմնական առանցքն է՝ ապահովել պետականութեան եւ ազգի յաւերժութիւնը։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հռադամիզդ» օփերայի ստեղծագործական խումբը։ Այս գործը Հայաստանի մէջ պիտի բեմադրուի յաջորդ տարի։ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիայի տնօրէն Գագիկ Մանասեանի կողմէ գլխաւորուած արուեստագէտները Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020