ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­մերգ մը։ Այս ե­րե­կոյ­թը «Կո­մի­տաս» սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բեց հոծ թի­ւով ե­րաժշ­տա­սէր­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ՝ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր խմբա­վար Վա­հան Մար­տի­րո­սեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին որ­պէս մե­նա­կա­տար հան­դէս ե­կան ջու­թա­կա­հար Զա­րու­հի Ա­մի­րա­ղեան (Գեր­մա­նիա) եւ դաշ­նա­կա­հար Նա­րա Ա­ւե­տի­սեան (Քլիվ­լընտ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ)։­

Ունկն­դիր­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով հե­տե­ւե­ցան այս ո­րա­կեալ հա­մեր­գին, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռիթն ու­նե­ցան իս­կա­պէս բարձր մա­կար­դա­կով ա­րուես­տի մը հա­ղորդ դառ­նա­լու։ Հա­մեր­գի ծրագ­րին մաս կը կազ­մէին Մո­ցար­թի եւ Շո­փէ­նի գոր­ծե­րը։

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին հան­դի­սա­տես­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բին կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016