ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը տի­րէ Բա­րե­կեն­դա­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Մեր հա­մայնքն ալ ա­ւան­դա­կան ո­գե­ւո­րու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ ոգեւորութեամբ կ՚ող­ջու­նէ Բուն բա­րե­կեն­դա­նը։

Զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու եւ ա­կումբնե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած են Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք­ներ։ Մեր հա­մայն­քէն ո­րոշ խում­բեր ալ Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րե­րուն կը մաս­նակ­ցին ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու, մա­նա­ւանդ՝ որ Բուն բա­րե­կեն­դա­նը այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի դպրո­ցա­կան ար­ձա­կուր­դի շրջա­նին։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016