ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար պէտք է յարգենք մեր ծնողները:

Պատասխան. Առաջին հերթին, որովհետեւ Աստուծմէ մեզի տրուած պատուիրան՝ թելադրութիւն մըն է: Մովսէս մարգարէն երբ Սինա լեռնէն իջաւ իր հետ բերելով Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած տասը պատուիրանները, այդ պատուիրաններուն չորրորդը այսպէս կ՚ըսէր. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12). «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ» (Բ. Օր 5.16): Ինչպէս կը տեսնենք, հօրն ու մօր յարգանքը կապուած է բարօր կեանք մը ունենալուն հետ, այսինքն՝ մեր ծնողները յարգելով միաժամանակ մենք եւս օրհնութիւն կը ստանանք լաւ կեանք մը ապելու: Երկար ու լաւ կեանքը միայն երկրաւոր հասկացողութեամբ չէ, որ պէտք է ընկալենք, այլ նաեւ՝ հանդերձեալին հետ կապուած: Առակացին մէջ ծնողները յարգելուն վերաբերող այլ ձեւի պատուիրանի մը կը հանդիպինք. Առակացի հեղինակը կը գրէ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատը մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր, քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան» (Առ 1.8-9). դարձեալ. «Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ» (Առ 23.22). եւ «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր: Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛: Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին: Քանզի պատ-ւիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է: Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են, որպէսզի քեզ գէշ կնոջմէն, օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն: Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութիւնը մի՛ ցանկար եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ: Վասնզի պոռնիկ կնոջ պատճառով մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ՚ըլլայ եւ շնացող առնակինը պատուական հոգի կ՚որսայ» (Առ 6.20-26):

Իսկ ծնողները անիծելու մասին այսպէս կը կարդանք Ելից, Ղեւտացւոց ու Առակաց գիրքերուն մէջ. «Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի» (Ելք 21.17). «Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց: Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ» (Ղւ 20.9). «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20). եւ «Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ եւ իր մօրը հնազանդիլը կ՚անարգէ, ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա» (Առ 30.17): Այս քանի մը համարներուն մէջ կը տեսնենք, թէ մարդ ի՛նչ կը ստանայ իր ծնողները յարգելով ու հնազանդելով անոնց, եւ հակառակը՝ ի՛նչ դժբախտութիւններու կը հանդիպի, երբ կ՚անիծէ զանոնք ու անոնց չի՛ հնազանդիր ու անոնց խրատը չի՛ լսեր:

Պօողոս առաքեալ եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը: “Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ” պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. ‘Որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ’» (Եփ 6.1-3):

Դժբախտաբար մեր օրերուն այնքա՜ն տարածուած է ծնողները, երբ տարիքով յառաջանան զանոնք կը տանինք ու ծերանոց կը յանձնենք… Մարդուն կողմէ կատարուած մեծագոյն անարդարութիւններէն մէկը: Բնականաբար պարագաներ կան, որ ծերանոց յանձնելը տուեալ ծնողին համար աւելի լաւ է, խօսքը այդ մասին չի վերաբերիր, այլ՝ խօսքը կը վերաբերի այն զաւակներուն, որոնք իրենց հաճոյքներուն, իրենց «հանգիստ» կեանքին համար ամէն կերպ կ՚աշխատին ձերբազատուելու իրենց ծնողներէն, զանոնք ծերանոցներու մէջ տեղաւորելով: Սակայն, եթէ պահուան մը համար Աստուածաշունչին վերոնշեալ տողերը կարդան, պիտի հասկնան, որ այդպիսով ո՛չ թէ կը հանգստանան, այլ՝ յաւիտենական տանջանք ու յոգնութիւն կը վաստակին իրենց համար:

Տիրոջ պատուիրանը յաւիտենական կերպով կը հնչէ իւրաքանչիւր մարդու ականջին բոլոր դարերու ընթացքին. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12):

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատք:

Պատասխան. Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ հաւատքի մասին այպէս կը գրէ. «Ի՞նչ է հաւատքը: Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց չեն երեւիր: Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն էր, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան: Հաւատքով է, որ կը հասկնանք տիեզերքին ստեղծումը Աստուծոյ խօսքով, որով տեսանելի այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացաւ» (Եբր 11.1-3): Հետեւաբար, առաջին հերթին հաւատքը անտեսանելի բաներու մասին մեր ունեցած վստահութիւնը, ընկալումն ու համոզումն է: Տակաւին, հաւատքը այն ուժն է մարդուն մէջ, որով մարդ հասու կը դառնայ, թէ ինչպէս այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացած է՝ Աստուծոյ խօսքով:

Հաւատքը նաեւ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու միջոց է, որովհետեւ «առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւը շահիլ: Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ զանոնք որ զինք կը փնտռեն» (Եբր 11.6): Արդարեւ Աստուծոյ մօտենալու եւ Աստուծոյ հաճութիւնը ծաղելու գրաւականն է հաւատքը:

Հարցում. Շատ յաճախ մարդիկ կը հպարտանան, թէ իրենք կը հաւատան, բայց հաւատքին համապատասխան գործեր չունին անոնք: Այդպիսիներուն պարագան ի՞նչ է:

Պատասխան. Մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ, որովհետեւ շատ յաճախ կը բաւարարուինք հաւատալով ու կը հպարտանանք, թէ կը հաւատանք, մինչ հաւատքին արդիւնքը եղող գործերը չունինք: Այս մասին Յակոբոս առաքեալը շատ մանրամասն բացատրութիւն կու տայ, ըսելով. «Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ, թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել։ Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ “գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք”, եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է:

Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. “Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի”։ Այնպիսիին կը պատասխանեմ. ‘Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս’։ Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է։

Աբրահամ, մեր նախահայրը, իր գործերով չէ՞ր որ արդարացաւ, երբ իր զաւակը՝ Իսահակը զոհասեղան բարձրացուց զոհ մատուցանելու համար: Կը տեսնե՞ս, թէ հաւատքը անոր գործերուն ընկերացաւ, եւ իր գործերուն ընդմէջէն ալ հաւատքը իր կատարելութեան հասաւ: Այսպէս կատարուեցաւ այն՝ ինչ որ Ծննդոց գիրքը կ՚ըսէր, թէ “Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց”. եւ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ: Կը տեսնէ՞ք, թէ մարդ իր գործերով կ՚արդարանայ, եւ ո՛չ թէ միայն հաւատքով:

Նոյնը չէ՞ Րախաբ պոռնիկին պարագան. ա՛ն ալ իր գործերով արդարացաւ, երբ Իսրայէլացի լրտեսները իր տունը հիւրընկալեց եւ օգնեց՝ որ ուրիշ ճամբով փախչին:

Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.14-26)։ Առաքեալին խօսքերէն կը հասկնանք հետեւաբար, որ հաւատքն ու գործերը իրարմէ անբաժան են, մէկը առանց միւսին կիսատ ու անկատար կը մնայ, հետեւեաբար մարդու կեանքին մէջ հաւատքն ու գործերը պէտք է իրարու միշտ ընկերակից ըլլան:

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլ:

Պատասխան. Երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլ կ՚ըսենք, ընդհանրապէս կը հասկնանք Աստուծոյ հնազանդութեան ու Աստուծոյ ներկայութեան մէջ եղող կեանք մը ապրիլ, այլ խօսքով մարդուն կեանքին ուղեցոյցը Աստուած Ի՛նք է: Պետրոս առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ այսպէս կը բացատրէ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլը. «Արդ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն մտածումով զինուեցէք, որովհետեւ մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ, եւ այլեւս չ՚ապրիր մարդկային ցանկութիւններով, այլ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի իր կեանքին մնացեալ ժամանակը։ Կը բաւէ՛ որքան անցեալին հեթանոսներուն կամեցած ձեւով ապրեցաք՝ անբարոյութեամբ, հեշտասիրութեամբ, գինեմոլութեամբ, անառակութեամբ, արբեցութեամբ եւ կռապաշտական անօրէն սովորութիւններով։ Հեթանոսներ տարօրինակ կը գտնեն, որ դուք իրենց պէս նոյն սանձարձակ զեղխութիւններուն չէք հետեւիր, եւ կը հայհոյեն ձեզի։ Բայց այդ բոլորին համար պատասխան պիտի տան Աստուծոյ, որ պատրաստ է դատելու ողջերն ու մեռեալները։ Ահա թէ ինչու՝ Քրիստոս գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց, ոպէսզի անոնք բոլոր մարդոց պէս իբրեւ մարմին մահուան դատապարտուելով հանդերձ՝ իբրեւ հոգի ապրին, ինչպէս Աստուած կ՚ապրի» (Ա. Պտ 4.1-6):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 յունուար 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020