ՆՈՐԷՆ ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼ…

«Մեր կիները կրնան փորձել կեանք տալ զաւկի մը եւս՝ կորսնցուցած որդիին վիշտին դիմանալու ու կեանքով մահին յաղթելու համար: Մէկ կողմ ձգեցէք տարիքային ամօթխածութիւնը եւ զաւակ ունեցէք», վերջերս որդեկորոյս մայրերուն այսպիսի կոչով դիմած է զոհուած 25-ամեայ Հայկ Յակոբեանի մայրը՝ Սիրանոյշ Նալպանտեան։ Անոր որդին զոհուած է Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին՝ հոկտեմբերի 13-ին:

 

Հայկը զինուորական ուղիին սկսած է տասներեք տարեկանին՝ «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրէն ներս, շարունակած է Վազգէն Սարգսեանի ռազմական համալսարանին մէջ, ապա յաճախած՝ Ճգնաժամային կառավարման ակադեմիա, արտերկրի մէջ ուսումնառութիւն եւ զինուորական վերապատրաստում անցած եւ հայրենիք վերադարձած է իբրեւ հետախոյզ: Զոհուած է Ճապրայիլի մարտադաշտը՝ ընկերները փրկելով:

Յակոբեաններուն ընտանիքը դուստր մը ունի, քսաներկու տարեկան, ամուսնացած, շուտով երեխայ կ՚ունենայ: Հայկին հայրն ու մայրը որոշած են իրենք ալ զաւակ ունենալ: Քառասունն անց մայրերուն համար, որոնք պատերազմին զաւակ կորսնցուցած են եւ կրկին զաւակ ունենալու մտադրութիւն ունին, պետութիւնը ծրագիր մը ունի՝ արտամարմնային բեղմնաւորում: Նկատի ունեցած են, որ քառասունէն ետք բնական յղութիւնը անհաւանական կրնայ ըլլայ եւ կինը, դիմելով բժշկական միջամտութեան, կ՚օգտուի այս ծրագրէն: Ծրագիրը, հետազօտութենէն մինչեւ բեղմնաւորում եւ ծննդաբերութիւն, անվճար է այս կիներուն համար: Արդէն մօտաւորապէս քսան որդեկորոյս կին, որ զաւակը վերջին պատերազմին կորսնցուցած է, դիմած է բժիշկներուն՝ կրկին զաւակ ունենալու համար: Անոնք սկսած են անհրաժեշտ քննութիւններէ անցնիլ…

Այս հարցով զբաղող բժիշկներէն Հայաստանի Մարդու պտղաբերման կեդրոնի տնօրէն, վերարտադրողական բժշկութեան մասնագէտ, գիտնական Էտուարտ Համբարձումեան վստահ է, որ անոնց թիւը կ՚աւելնայ: Տեսնելով ուրիշ որդեկորոյս մայրերու նոր զաւակով ուրախանալը, վստահ, այլ սգակիր մայրեր եւս պիտի դիմեն պետական այս աջակցութեան: Բժիշկները կը քաջալերեն սգակիր մայրերը խիզախ ըլլալու: Ասիկա կեանքի խամրած գոյները վերագտնելու առիթ մըն է, ցաւի տակ խորտակուած ընտանիքներուն խինդ պարգեւելու միջոց եւ ի վերջոյ, կորսնցուցածը ձեւով մը ետ բերելու պետական քաղաքականութիւն:

Արտամարմնային բեղմնաւորումը, վերջին տասնամեակներուն, ուղղակի երջանկութիւն է անզաւակ ծնողքի համար: Անպտուղ ըլլալը, որ անցեալին խարան էր, այսօր խնդիր չէ ժամանակակից բժշկութեան համար: Այժմ այս քայլին պիտի դիմեն զոհուածներուն ծնողները: Անոնք անպտուղ չեն նկատուիր, պարզապէս տարիքի հարցը եւ հոգեբանական խնդիրները զանոնք դրած են բնական ճանապարհով յղանալու անհաւանականութեան առջեւ:

Զոհուած տղոց ծնողքին համար այս մէկը կեանքով տխրութեան յաղթելու, վիշտը փարատելու միջոց մըն է: Անոնք նոր ծնելիք երեխային մէջ իրենց կորսնցուցած զաւակը կ՚ուզեն տեսնել, անոր յիշատակը պահել եւ վերապրիլ անոր մանկութիւնը: Ընկճախտի մէջ ընկղմած բազում ընտանիքներու համար այս մէկը անյուսութենէն դուրս գալու քայլ մըն է:

Հայաստանի Մարդու պտղաբերութեան կեդրոնի տնօրէն Էտուարտ Համբարձումեան կ՚ըսէ, որ ինք շատ մեծ փափաք ունի, որ մեր հանրութիւնը գրկաբաց ընդունի այս ծրագիրը, ողջունէ, քաջալերէ բոլոր այն մայրերը, որոնք զաւակ կորսնցուցած են, որպէսզի դիմեն իրենց կեդրոն: Ան կ՚ըսէ, որ ատիկա կ՚ըլլայ կրկնակի հերոսութիւն, որպէսզի այդքան ծանր վիճակէն ետք մարդը իր մէջ ուժ գտնէ, փորձէ ապրիլ եւ աւելին՝ կեանք տալ մարդու մը: Բժիշկը համոզուած է, որ ասիկա ծանր քայլ մըն է նոյնիսկ բժիշկներուն համար, բայց ամէն ինչ պէտք է ընել կեանքը շարունակելու, անվերջ անյուսութեան մէջ չթաղուելու եւ մաշող վիշտը ընկերակից չդարձնելու համար: Կեանքը գեղեցիկ եւ հետաքրքրական է նման երեւոյթներով…

Որդեկորոյս ընտանիքին զաւակ ունենալու որոշումը, անշուշտ, մէկ տարուան ընթացքին իրականութիւն կրնայ չդառնալ. բժիշկը կ՚ըսէ, թէ երբեմն կան պարագաներ, որոնք տարիներու պէտք ունին յաջողութեան հասնելու համար, նոյնիսկ կարելի է, որ որոշ կիներու քով չյաջողի, ամէն ինչի պէտք է պատրաստ ըլլալ: Բժիշկները պէտք է ներդնեն արդի բժշկութեան բոլոր միջոցները եւ սպասեն հրաշքի: Շատ հնարաւոր է, որ հրաշքը այցելէ անմիջապէս: «Աստուծոյ տուածն է»՝ նման դէպքերու մասին կ՚ըսէ ժողովուրդը:

Կորսնցուցած զաւակին սփոփանքը ուրիշ զաւակ ունենալով փարատելը հինաւուրց աւանդոյթ է, բայց այս պարագային Հայաստանի մէջ գործ ունինք մեծ թիւ կազմող խումբի մը հետ, որոնք նոյն վիշտը կ՚ապրին, նոյն մտածումները ունին եւ նոյն ճակատագրին արժանացած են: Անոնց հետ երկար աշխատանք պէտք է տարուի՝ հոգեբանական առողջութեան շտկումէն մինչեւ ֆիզիքական առողջութիւն:

Սիրանոյշ Նալպանտեան կ՚ըսէ՝ եթէ մանչ ըլլայ ծնելիք զաւակը, նորէն Հայկ պիտի կոչէ զայն, բայց եթէ դուստր ալ ունենայ, կրկին ուրախ կ՚ըլլայ, միայն թէ լոյսի շող մը յայտնուի իրենց անասելի տառապանքին մէջ: Արարատի մարզի Մասիս քաղաքի բնակիչ քառասունն անց ծնողքը իրենց որդիին՝ Հայկ Յակոբեանին մասին կը պատմեն եւ իրենց կոչերը կ՚ուղղեն բժիշկին սենեակէն՝ մէկ կոչը պատերազմի ժամանակ զոհուած տղաներու ծնողքին է, որպէսզի դիմեն այս քայլին, ուրիշ կոչ մըն ալ հանրութեան՝ թեւ ու թիկունք կենալ նման ծնողքին եւ ինչ ալ ըլլայ չդատապարտել անոնց այս քայլը:

Ընկերային ցանցերու մէջ արդէն սկսած են տարատեսակ քննարկումները այս հարցին շուրջ: Կան մարդիկ, որ ամէն պարագայի ճիշդ չեն նկատեր զոհուած զաւակին տեղը այլ երեխայ ունենալով գոցել անոր պակասը: Ծնողները կը պատճառաբանեն, որ իրենց զաւկին տեղը ոչ մէկը կրնայ բռնել, ան իր տեղը ունի, իսկ ծնելիք զաւակը ուրիշ յոյս մը եւ մխիթարութիւն պիտի բերէ իրենց տխուր առօրեային: Ուրիշ խումբ մը դէմ է արտամարմնային բեղմնաւորումին, այդ մէկը կը նկատէ անբնական:

Այս միջոցը աշխարհի մէջ տարածուած է 1970-ականներէն ի վեր, վերջին տարիներուն առաւել եւս, այսօր արդէն, լայնօրէն կիրառուելով, մեծ հաշուով նոյնիսկ չի քննարկուիր անոր բնական կամ ոչ-բնական ըլլալը: 2010 թուականին բնախօս Ռոպերթ Գ. Էտուըրտս այս մեթոտին համար արժանացաւ Նոպելեան մրցանակի։ Անպտղութեան բուժման այս միջոցը անոր եւ Փաթրիք Սթեփթոյի համատեղ ջանքերով մշակուած է, սակայն մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Փաթրիք Սթեփթօ արդէն մահացած էր եւ անոր թեկնածութիւնը չէր դիտարկուած, քանի որ Նոպելեան մրցանակը յետմահու չի շնորհուիր:

Նոպելեան մրցանակի արժանացած այս միջոցի կիրառման պարագային կնոջ ձուաբջիջը մարմինէն դուրս՝ «ապակիի մէջ» կը միանայ սերմնաբջիջին եւ տարրալուծարանային խիստ ուսումնասիրուած պայմաններու մէջ կը բեղմնաւորուի: Բեղմնաւորուած ձուաբջիջին մէջ 2-6 օր կ՚ընթանայ սաղմի մշակման գործընթացը, որմէ ետք ան կը փոխադրուի նոյն կամ փոխնակ մօր մարմնին մէջ: Այս բոլորին վերջնանպատակը յղութիւն արձանագրելն է: Տարեկան միլիոնաւոր երեխաներ կը ծնին այս միջոցով եւ բազմաթիւ առողջական կամ տարիքային հարցեր ունեցող ընտանիքներ երջանկացած են այս ուղիով: Անշուշտ կան երկիրներ, ուր արգիլուած է արտամարմնային բեղմնաւորումը եւ այդ երկիրներուն բնակիչները իրենց երազանքին ետեւէն այլ երկիրներ կը ճամբորդեն:

Հայաստանը վերջին տարիներուն ընդգրկուած էր բժշկական զբօսաշրջութեան այս ոլորտին մէջ, Հայաստան կու գային զանազան երկիրներէ, այս միջոցը հոս աւելի մատչելի գտնելով եւ հայ յառաջատար բժիշկներուն վստահելով: Պատերազմական դրութիւնը Հայաստանը ետ ձգեց բոլոր ոլորտներէն: Արդէն իսկ չկար զբօսաշրջութիւն, իսկ այժմ յետպատերազմեան տխուր երկիր մը երթալը կը վանէ զբօսաշրջիկները: Ինչ կը վերաբերի բժշկական զբօսաշրջութեան, ապա հայ առողջապահական ասպարէզը այնքան ծանրաբեռնուեցաւ վերջին ամիսներուն, որ օտար երկիրներէ այցելուներ ընդունիլը յետին ասպարէզ մղուեցաւ:

Հայաստանը այսօր կանգնած է ժողովրդագրական լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ: Չորս հազարի մօտեցող պատերազմական զոհերուն թիւը, հազարաւոր անհետ կորսուածները, գերիները եւ հաշմանդամ դարձածները, քորոնաժահրի համավարակէն մահերը տխուր ժողովրդագրական պատկեր մը կը ներկայացնեն մեր երկրին համար: Ընդամէնը երէկ յայտարարուեցաւ վերջին պատերազմի վիրաւորներուն թիւը՝ աւելի քան 11 հազար վիրաւոր զինուոր կայ վերջին պատերազմէն ետք, անոնցմէ 885-ը հաշմանդամի կարգավիճակ ունի: Մօտաւորապէս 2000-ը տակաւին բուժում կը ստանայ հանրապետութեան հիւանդոցներէն ներս:

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի կանխատեսումներուն համաձայն, Հայաստանը աճող բնակչութիւն ունեցող երկիր մը չէ։ Ըստ հաշուարկներուն, 21-րդ դարու կէսին Հայաստանի մէջ 2.8 միլիոն մարդ կ՚ապրի` ներկայիս 2.9 միլիոնի փոխարէն։ Մինչդեռ, նոյն ՄԱԿ-ի տուեալներով, աշխարհի բնակչութիւնը աւելցած է: 1960-ականներու կէսերէն սկսեալ աշխարհի բնակչութիւնը աւելի քան 4 միլիառով աւելցած է՝ 3.5 միլիառը դարձած է 7.7 միլիառ: Հայաստանի եւ չաճող բնակչութեամբ կարգ մը երկիրներու մէջ է, որ թիւերը նուազած են:

Արտամարմնային բեղմնաւորման ծրագիրը միտուած է ժողովրդագրական թիւերուն քիչ թէ շատ բարելաւման: Բազմաթիւ ընտանիքներ այս ծրագրին կը դիմեն վճարովի հիմունքներով, բայց պետութիւնն ալ իր կողմէն անվճար արտամարմնային բեղմնաւորում կ՚իրականացնէ որոշ խաւերու համար: Զոհուած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներէն զատ, ծրագիրէն անվճար կրնան օգտուիլ նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձինք, եթէ կնոջ հաշմանդամութիւնը հակացուցում չէ յղութեան համար, զինուորական ծառայողները կամ անոնց հաւասարեցուած անձինք, 184 սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներ եւ ընտանեկան նպաստի համակարգէն օգտուողներ ունին նպաստ ստանալու համար սահմանուած 28 եւ աւելի միաւոր: Շահառուներուն ցանկը պարբերաբար կը վերանայուի եւ պետութիւնը կը պրպտէ, թէ ո՞ր խաւը նոյնպէս կրնայ ներգրաւել այս ծրագրին մէջ, որպէսզի աւելնայ նորածիններուն, այսինքն՝ բնակչութեան թիւը: Պետութեան յատկացուցած գումարներով 2020 թուականին 49 սաղմիկներ տեղադրուած են, իսկ 2021 թուականին արդէն 44 տեղադրում կատարուած է: Այս տարի 917 միլիոն դրամ նախատեսուած է պետութեան կողմէ, եռապատիկ աւելի, քան՝ նախորդ տարին:

Երբ զոհուած տղոց առաջին եղբայրներն ու քոյրերը ծնին, վստահ, միւս վշտակիր ընտանիքներն ալ քաջասրտութիւն կ՚ունենան եւ կը դիմեն բժիշկներուն: Առաջին արդիւնքներուն մասին կարելի է խօսիլ մէկ տարի անց, իսկ այժմ, պէտք է չմիջամտել այս չափազանց բարի նպատակով գործին եւ սպասել…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021