ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՀԱ ԹԱԳԱՒՈՐԴ ՔԵԶԻ ԿՈՒ ԳԱՅ

«Երուսաղէմի ըսէք.- ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ.
Անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»

(Զք 9.9: Մտ 21.5)

Վաղը, 2 ապրիլ 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակի տօնը, ժողովրդական անուանումով՝ Ծաղկազարդ: Առ այդ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հոգելոյս Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ» գրութիւնը:

Այսպէս կը ձայնէ Զաքարիա մարգարէ, Ք.Ա. 6-րդ դարու վերջերուն, եւ այսպէս անոր կ՚արձագանգէ Մատթէոս Աւետարանիչ: Երկուքն ալ աստուածային նոյն խորհուրդին աւետաբերները, երկուքն ալ երկնային նոյն խորհուրդին ամպեղէն վարագոյրը մեր առջեւ բանալու կոչուած Աստուծոյ մարդերը: Եւ ահա այսպէս կը ձայնէ այսօր Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին, այդ ձայնին խորհրդական կոչով մեր միտքերը տանելով ետեւ, դէպի այն օրը եւ այն պահը, որ, այսօրուան այս ուրախ բազմութեան ու մանուկներուն տօնական ժխորին պէս, ցնծութեամբ արբշիռ բազմութիւն մը կը դիմաւորէր երկնաւոր Թագաւորը եւ կ՚ուղեկցէր Անոր՝ դէպի Երուսաղէմ:

Բայց այդ բազմութիւնը իրօք կը ճանչնա՞ր ու կը դիմաւորէ՞ր երկնաւոր Թագաւորը, թէ՝ երկինքն ու երկիրը տարբեր լեզուներով կը խօսէին ու զիրար չէին հասկնար: Երկիրը իր երկրաւոր մտածողութեան եւ ցանկութեանց ուղիով կ՚երթայ, աշխարհիկ թագաւորութեան մը տեսիլքով կ՚արբենայ, ազգային եւ աշխարհակալական ձգտումներ կը սնուցանէ, քաղաքական վրէժխնդրութեանց պատմական հորիզոնէն վեր չի կրնար բարձրանալ, մինչ երկինքը ուրի՛շ բան կ՚ընծայէ, ներկայ ժամանակէն ու պատմութենէն, այս աշխարհէն շատ վեր ու անդին անցնող բայց միաժամանակ այս աշխարհէն ու մեր պատմութենէն սկիզբ առնող հոգեւոր թագաւորութիւն մը, երկինքի անունով կնքուած եւ Աստուծոյ անունը կրող:

Երկինք ու երկիր տարբեր լեզուներով՝ տարբեր ճշմարտութիւններ կը տարփողեն: Ու թէպէտ երկնաւոր Թագաւորը գիտէ անոնց ակնկալութիւններն ու սխալ յոյսերը, սակայն այսօր չի՛ մերժեր անոնց ուրախութեան ցոյցերը, որոնք կ՚ընդունի խորհրդական իմաստով մը, վախճանական իրենց իմաստին մէջ, որոնք պիտի ճշմարտուին ժամանակներու երջանիկ աւարտին: Մինչ այդ՝ պատմութիւնը իր հունով կ՚ընթանայ. մինչ այդ՝ Աստուած պատմութեան մէջ կը գործէ ու կը ներգործէ, Իր փրկութեան եւ երկնաւոր թագաւորութեան պատմուճանը հիւսելով մարդկային ձեռքերով, մարդկային թելերով: Մինչ այդ Աստուած աշխարհին կը յայտնէ ճշմարիտ ինքնութիւնը Իր Որդիին, որ այդ նպատակով Երուսաղէմ կու գայ Իրեն համար անսովոր բացառիկ հանդիսաւորութեամբ:

Աւետարանները մեզի կը պատմեն, թէ Յիսուս Իր աշակերտներուն հետ Երիքովէն մինչեւ Երուսաղէմ գնաց՝ Իրեն հետեւող մեծ բազմութեան մը ընկերակցութեամբ: Զատկուան տօնին առիթով ուխտաւորաբար Երուսաղէմ եկող բազմութիւն մը, որուն մէջ շատեր Գալիլեայէն սկսեալ կը հետեւէին հրաշալի Վարդապետին թափօրին, ուրիշներ միացեր էին ճամբու ընթացքին, եւ շատեր ալ հոսկէ՝ Երիքովէն սկսեալ խառնուեր էին խումբին: Բայց Երուսաղէմ երթալու համար պէտք էր անցնէին Ձիթենեաց լեռնէն, որ կը գտնուի Երուսաղէմի արեւելեան կողմը, եւ քաղաքէն բաժնուած է «Կեդրոն» անուանուած ձորակով: Երբ Յիսուս կը հասնի այս լերան վրայ գտնուող առաջին գիւղը, որ Բեթփագէ կը կոչուէր, Յիսուս Իր աշակերտներէն երկուքը կը ղրկէ դիմացի գիւղը՝ Բեթանիա, ըսելով. «Գացէ՛ք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ Ինծի՛ բերէք: Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք՝ «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի» (Մտ 21.2): Եւ Աւետարանիչը յատուկ կերպով կ՚ընդգծէ, թէ «Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր Մարգարէին բերնով. «Երուսաղէմի ըսէք.- ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Մտ 21.4-5):

Արդարեւ, Յիսուսի կողմէ աւանակը բերել տալը պատահական ու քմահաճ ցանկութիւն մը չէր: Ատով նախ կ՚իրականանային մարգարէական կանխասացութիւնները (տե՛ս Ես 62.11: Զք 9.9), եւ ապա՝ անիկա խորհրդանշական կերպով կը նշէր Աստուծոյ կողմէ եկող փրկիչ թագաւորին խաղաղական նպատակը, խաղաղութեան առաքելութիւնը: Ո՞վ չէ լսած, թէ իրերայաջորդ օտար տիրակալութեանց լուծին տակ հեծող հրեայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր իր ազատագրութեան կը սպասէր. կը սպասէր Աստուծոյ կողմէ ղրկուած փրկիչ թագաւորի մը, որ զիրենք դուրս բերէ հեթանոս ազգերու տիրապետութենէն եւ, ընդհակառակը, զիրենք դարձնէ տիրակալ անոնց վրայ: Քրիստոսի ժամանակներուն՝ ազգային այդ ազատագրութեան սպասումը իր բարձրակէտին հասած էր: Եւ ահա, Քրիստոսի հետեւող ուխտաւորներու բազմութիւնը հիմա Քրիստոսի կը նայէր ա՛յդ աչքով: Այն զարմանալի Մարգարէն, որ Աստուծմէ եկած ըլլալու ամբողջ հեղինակութիւնը կը խտացնէր Իր անձին մէջ, եւ որ կը խօսէր Աստուծոյ անունով եւ Աստուծոյ ձայնով՝ Աստուծոյ նոր Օրէնքը եւ առաջնորդութիւնը տալով Իր ժողովուրդին. Այն սքանչելի Ուսուցիչը, որ աստուածային խօսքերու քաղցր մագնիսով գիտէր բռնել մարդոց հոգիները եւ զանոնք յագեցնել աննիւթական Իր կերակուրով. Այն բացառիկ հրաշագործը, որ Աստուծոյ ներկայութեան զօրեղ նշանները ցոյց կու տար իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ Իրեն ենթարկելով թէ՛ բնութիւնը, թէ՛ հիւանդութիւնները եւ թէ՛ մահը, արդեօք նոյնինքն իրենց խոստացուած մեսիան, իրենց սպասած փրկիչը չէ՞ր: Ուրեմն Ա՛ն էր որ զիրենք պիտի ազատագրէր: Ուրեմն Ա՛ն էր Աստուծմէ իրենց ղրկուած թագաւորը: Ուրեմն հիմա՛ էր իրենց փրկութեան, յաղթանակի եւ փառքի ժամը: Ազգային երազներու իրականացման խանդավառութիւնը գինովցո՛ւց ժողովուրդը, որ իր զեղուն զգացումները սկսաւ արտայայտել:

Հազիւ աւանակը բերուած, նախ աշակերտները եւ ապա զիրենք շրջապատող բազմութիւնը՝ իրենց վերարկուները անոր վրայ փռեցին, որպէսզի Յիսուս անոնց վրայ նստի: Այդ արարքով անոնք կը ճանչնային Յիսուսի թագաւորական հանգամանքը եւ խորհրդանշականօրէն ամբողջական հնազանդութիւն կը յայտնէին Անոր: Ուրիշներ սկսան իրենց հպատակութիւնը յայտնել Աստուծմէ եկած այս թագաւորին՝ իրենց վերարկուները Անոր առջեւ ճամբուն վրայ փռելով: Ուրիշներ իրենց ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտելու համար՝ ծառերու թարմ ոստեր փրցուցին, զանոնք իրենց ձեռքին մէջ ճօճելու կամ ճամբուն վրայ Յիսուսի առջեւ տարածելու համար: Եւ բոլորն ալ աղաչական ու միաժամանակ փառաբանական աղաղակ բարձրացնելով կ՚ըսէին. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով: Ովսաննա՜ Բարձրեալին» (Սղ 118.25-26): Կոչ մը կամ խնդրանք մըն էր ասիկա, որ Ինք՝ Դաւիթի Որդին, Աստուծոյ անունով եկած Յիսուս Քրիստոսը, անյապաղ բերէ այնքա՜ն երազուած եւ սպասուած փրկութիւնը:

Այս հանդիսաւորութեամբ, թագաւորական վայելչութեամբ ու փառքով, ժողովուրդին կողմէ խանդավառութեան եւ ինքնամոռաց ցնծութեան այսպիսի արտայայտութեանց մէջէն Յիսուս եկաւ հասաւ Երուսաղէմ, որ զԻնք կը դիմաւորէր տարբե՛ր տրամադրութեամբ, օտարի մը, անծանօթի մը պէս, հարցնելով՝ «ո՞վ է ասիկա»: Եւ ընկերացող բազմութիւնը կը պատասխանէր. «Ասիկա Յիսուս մարգարէ՛ն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն»:

Աւետարանները կարդալու եւ Յիսուսի երկրաւոր կեանքին ու առաքելութեան տարբեր երեսները կարդալու բազմաթիւ կերպեր կան: Եւ քրիստոնէական եկեղեցին առաջին դարէն մինչեւ հիմա դիտելու եւ հասկնալու ուղիղ բանալին կու տայ հաւատացեալ անհատին: Այդ հայեացքին հորիզոնը անսահման է, սակայն, եւ մենք մարդկային մեր սահմանափակ հայեցակէտերով՝ այդ անսահման հորիզոնին միայն մէկ մասն է, որ կը տեսնենք կամ կը դիտենք տարիէ տարի: Եկէ՛ք, այսօր, առանց մեր հայեացքը Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքի դրուագին պատմական երեսէն կտրելու՝ փորձենք հոգեւոր հայեացքով մը դիտել ու հասկնալ զայն, անոր ետին տեսնելով այն խորհուրդը, որ Աստուած կը բանայ մեր առջեւ, եւ այն հիմնական նպատակը, որ անոր ետին կ՚արձանանայ:

Ձիթենեաց լեռը երկինքի խորհուրդն է:

Յիսուսի հանդիսաւոր ու յաղթական գնացքը կը սկսի Ձիթենեաց լեռնէն: Երիքովի ճամբով դէպի Երուսաղէմ եկող ոեւէ անձի համար միակ ճանապարհը կ՚անցնէր Ձիթենեաց լեռնէն, եւ ուստի Քրիստոս անհրաժեշտաբար պէտք էր անցնէր հոնկէ: Եւ սակայն, կը հարցնենք մենք մեզի, ինչո՞ւ Յիսուս Երիքով քաղաքէն չսկսա՛ւ Իր հանդիսաւոր գնացքը դէպի Երուսաղէմ, այլ զայն սկսաւ Ձիթենեաց լեռնէն, Բեթանիա գիւղէն: Չէ՞ որ ուխտաւորներու այս մեծ բազմութիւնը արդէն Երիքովէն սկսեալ կը հետեւէր Իրեն մեծ խանդավառութեամբ: Ինչո՞ւ ուրեմն Ձիթենեաց լեռը ընտրեց այդ նպատակին համար: Արդեօք չուզե՞ց շատ կանուխէն ժողովուրդին մէջ արծարծել մեսիական Իր թագաւորութեան ուրախութեան կայծերը: Հաւանական պատասխանը թերեւս ա՛յլ է, սակայն: Դարեր առաջ Աստուած մարգարէներուն միջոցաւ ցոյց տուած էր, թէ Ձիթենեաց լեռը յատուկ խորհուրդ մը ունի Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին մէջ, եւ Զաքարիա մարգարէի գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ ժամանակներու վախճանին Ձիթենեաց լեռը Քրիստոսի երկրորդ գալուստին թատերաբեմը պիտի ըլլայ: «Եւ այն օրը Անոր (Տիրոջ) ոտքերը պիտի կանգնին Ձիթենեաց լերան վրայ, որ Երուսաղէմի առջեւն է, դէպի արեւելք...: Եւ իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ, բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան: ... Եւ Տէրը բոլոր երկրի վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ. այն օրը՝ Տէրը մէկ եւ անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ» (Զք 14.4-9):

Արդ, Ձիթենեաց լեռը երկինքի խորհուրդը կը ներկայացնէ մեզի: Հոնկէ Յիսուսի վար իջնելը դէպի Կեդրոնի ձորակը՝ կը խորհրդանշէ երկինքի բարձունքէն իր խոնարհումը դէպի երկիր՝ մարդոց փրկութեան համար, իսկ այդ ձորակէն դէպի Երուսաղէմ բարձրանալը՝ կը խորհրդանշէ Իր մարդեղութեան խոնարհումին մէջ Իր խաչ բարձրանալը եւ խաչով երկրի վրայ փառաւորուիլը:

Մենք գիտենք, թէ Յիսուս Իր յարութենէն քառասուն օրեր ետք աշակերտները առաւ եւ Ձիթենեաց լեռ հանեց, եւ հոնկէ երկինք բարձրացաւ, եւ համբարձումէն ետք աշակերտներուն յայտնուեցան երկու հրէշներ, որոնք ըսին՝ թէ աշակերտները ինչպէս որ տեսան Անոր երկինք երթալը՝ այնպէս պիտի տեսնեն նաեւ գալուստը (Գրծ 1.11):

***

Ծաղկազարդի օրուան խորհուրդը եւ անոր բերած ճշմարտութիւնը այսօր մենք կը փորձենք կարդալ մեր կեանքերուն մէջ, եւ անոր ընդմէջէն կը կարդանք մեզի ուղղուած մարգարէական յիշեցումն ու հրաւէրը.- «Ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ»: Աստուած անով մեզի կը սորվեցնէ զԻնք փառաւորելու ճշմարիտ ճանապարհը. այն ճանապարհը, որ Աստուծոյ հին ժողովուրդը չճանչցաւ ու չհասկցաւ, եւ անոր համար ալ զրկուեցաւ Աստուծոյ ընծայած ճշմարիտ ազատագրութենէն ու փրկութենէն:

1.- ԶԱստուած փառաւորելու ճշմարիտ ճանապարհը՝ Որդին ճանչնալն ու պատուելն է:

Ահա ժողովուրդը արդէն զԻնք կը ճանչնայ իբրեւ Թագաւոր ու Մարգարէ, իբրեւ Աստուծմէ եկած Օծեալը եւ Փրկիչը:

Իր երկրաւոր առաքելութեան առաջին երեք տարիներուն Յիսուս միշտ ալ զգուշացաւ Իր ճշմարիտ ինքնութիւնը բացայայտելէ: Այլակերպութենէն ետք էր, որ սկսաւ Իր Մեսիայութիւնը յայտնել քիչ մը աւելի զգալի կերպով, իսկ Աստուածութեան յայտնութիւնը հազուադէպ պարագաներու միայն կատարեց, այն ալ գրեթէ միշտ քօղարկեալ ձեւով, բացի մէկ-երկու զօրեղ արտայայտութիւններէ, ձգելով որ այդ ճշմարտութիւնը Իր յարութենէն ետք ակնբախ դառնայ:

Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Հայրը պատուելու իսկական կերպը՝ ճանչնալն է Ան՝ որ Ինք ղրկեց (Յհ 17.3), որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ բոլորն ալ Որդին պատուեն այնպէս՝ ինչպէս Հայրը կը պատուեն (Յհ 5.23):

2.- ԶԱստուած փառաւորելու ճշմարիտ ճանապարհը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդունիլն է իբրեւ Թագաւորը մեր կեանքին:

Այսօր բոլորս արտասանեցինք ու երգեցինք Սաղմոսին բառերը. «Օրհնեա՜լ եկեալ անուամբ Տեառն». օրհնեա՜լ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով (Սղ 118.26): Այդ բառերով մե՛նք ալ զայն ճանչցանք ու հռչակեցինք որպէս մեր Թագաւորը եւ մեր Փրկիչը:

Բայց Յիսուս Քրիստոսը իբրեւ Թագաւոր ու Փրկիչ ճանչնալը չի բաւեր. պէտք է զայն իբրեւ այդպիսին ընդունիլ մեր կեանքերո՛ւն մէջ: Եւ ատիկա կ՚ըլլայ՝ թոյլ տալով որ մեր սիրտերուն մէջ Իր կամքը թագաւորէ, այլ խօսքով՝ կատարեալ հնազանդութիւն ցուցաբերելով Աստուծոյ կամքին ու Օրէնքին, մենք մեզ դնելով Աստուծոյ գիտութեան մէջ, պահելով արդարութիւնն ու իրաւունքը, եւ ապրելով սրբութեան կեանք մը:

3.- ԶԱստուած փառաւորելու ճշմարիտ ճանապարհը՝ Քրիստոսի հետ ընթանալն է դէպի Ձիթենեաց լեռ եւ համբարձում:

Ծաղկազարդի դրուագին մէջ Քրիստոսի վերաբերող ճշմարտութիւնը մեր կեանքերուն մէջ կը գտնենք շրջուած ընթացքով մը:

Արդարեւ, հոգեւոր մեր կեանքը կը սկսի երկրաւոր Երուսաղէմէն, այսինքն խաչի վրայ Քրիստոսի մահէն, որովհետեւ մկրտութեան ջուրին մէջ թաղուելով՝ Անոր մահուան հաղորդակից եւ կերպարանակից կը դառնանք, որպէսզի այդ ջուրէն դուրս գալէ ետք կարենանք ապրիլ նորոգուած կեանքով մը, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար:

Բայց մեր կեանքը այդ կերպարանափոխութեան եւ Աստուծոյ որդիներուն փառքին մէջ չի մնար տեւականօրէն: Մարդկային մեր բնութիւնը իրեն յատուկ տկարութիւններով ու սայթաքումներով մեզ վար կը բերէ այդ բարձունքէն, եւ փոխաբերականօրէն կ՚իջեցնէ դէպի Կեդրոն կոչուած ձորակը, որ խորհրդանիշն է այս աշխարհի կեանքի ընթացքին: Հո՛ն կը գտնուի նաեւ Գեթսեմանիի պարտէզը, փորձութեան եւ մատնութեան պարտէզը, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը բրտօրէն կ՚ենթարկուի հաւատքի դառնագոյն եւ երբեմն նոյնիսկ մահացուցիչ տագնապներուն: Բայց այդ փորձութենէն ու տագնապներէն աղօթքով եւ Քրիստոսի հետքերով ու Քրիստոսի հետ անցնողները սահմանուած են ի վերջոյ բարձրանալու Ձիթենեաց լեռ, հոնկէ դէպի Տէրը համբառնալու եւ Անոր հետ ըլլալու համար յաւիտեան:

Ծաղկազարդը պատկերն է մեր կեանքին: Քրիստոսի հետ քալողը, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի օրինակով կ՚անցնի մահուան ձորէն, հասնելու համար կեանքին. կ՚անցնի անարգանքի փորձութենէն, հասնելու համար փառքի բարձունքին: Պօղոս առաքեալ այնքա՜ն գեղեցիկ կերպով կը խտացնէ այդ ճշմարտութիւնը, ըսելով. «Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ Իրեն հետ ալ պիտի ապրինք: Եթէ համբերենք՝ Իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք» (Բ. Տմ 2.11-12):

Թող բոլորս հոգեւին պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու մեր փրկութեան համար մեզի եկող Փրկիչ Թագաւորը, ճանչնանք, ընդունինք ու պատուենք զԱյն՝ ո՛չ թէ շրթներով, այլ՝ մեր սրտերովն ու հոգիներովը, որոնց մէջ թող տեւականօրէն արձագանգեն Անոր թագաւորութեան ոսկի պատուէրներն ու սկզբունքները: Եւ մենք կատարեալ հնազանդութեամբ մենք մեզ դնելով Անոր սրբազան ծառայութեան մէջ, փոխակերպենք մեր կեանքերը, որպէսզի մահուընէն դէպի կեանք ընթանանք եւ մեղքի ծառայութենէն դուրս գալով դառնանք Քրիստոսի յաւիտենական ու փառաւոր թագաւորութեան ժառանգակիցներ ու թագաւորակիցներ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023