ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ

Ֆրանսայէն ետք Հայաստանի մէջ ալ պաշտօնապէս մեկնարկեցին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակի միջոցառումները:

Աւագ շաբաթուան եւ Սուրբ Յարութեան տօներէն մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացաւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու մեկնարկը ազդարարող հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Աստղային փայլուն ձեւաւորումով դահլիճին մէջ հաւաքուած էին պաշտօնեաներ, Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներ, այլ ոլորտներէ հրաւիրեալներ, որոնք մասնակից եղան մեկնարկին ազնաւուրեան տարուան, որ պիտի շարունակուի ամբողջ տարի մը՝ զանազան միջոցառումներով եւ յոբելենական ձեռնարկներով: Նախագահական նստավայրի դահլիճին մէջ պաշտօնական մեկնարկի միջոցառումը բացուեցաւ ցուցադրութեամբ, որու գլխաւոր ցուցանմոյշը Շարլ Ազնաւուրի բեմական հագուստն էր, որով ան երգած է աշխարհի լաւագոյն բեմերուն վրայ: Հագուստը ցուցադրութեան տրամադրած է «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որու հիմնադիրն ու նախագահը Ազնաւուրի կրտսեր որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրն է:

«Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ համագործակցութեան արդիւնքին ալ Հայաստանի ամենահին ընկերութիւններէն մէկը՝ 1887 թուականին հիմնուած Երեւանի «Արարատ» քոնեաքի գործարանը ստանձնեց Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակի միջոցառումներու գլխաւոր հովանաւորին դերը:

«ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ՔՈՆԵԱՔԸ՝ ԲԱՑԱՌԻԿ ՏԵՍՔՈՎ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՄԲ

Միջոցառման ներկայացուցեաւ Երեւանի «Արարատ» քոնեաքի գործարանի կողմէ տակաւին հինգ տարի առաջ թողարկուած «Շարլ Ազնաւուր» հեղինակային ստորագրութեամբ բարձրակարգ քոնեաքը:

Այս քոնեաքին ստեղծումին սկսուած է տակաւին 2017 թուականին. մէկուկէս տարուան ընթացքին Ազնաւուրն ու անոր ընտանիքը անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են «Շարլ Ազնաւուր. Ստորագրուած, խառնուրդ» անունով բացառիկ քոնեաքի ստեղծման բոլոր փուլերուն՝ ոգելից հիմքի ընտրութենէն մինչեւ ձեւաւորման հաստատումը:

2017 թուականի մայիսին Շարլ Ազնաւուր այցելած է քոնեաքի գործարան, այդ այցելութեան ժամանակ մասնակցած է իր անունով քոնեաքի ոգելիցի հիմքի համտեսին, եւ խառնուրդի համար ընտրած է զանազան ալքոհլներ: Ի վերջոյ, ստեղծուած է խառնուրդ մը, որ բաղկացած է հազուագիւտ հնագոյն ոգելից հիմքերէ:

Այցի ընթացքին նկարահանուած է վաւերագրական շարժանկար մը, որ կը պատմէ մեծանուն արուեստագէտի անսահման վարպետութեան եւ արուեստի ու ատոր իւրաքանչիւր դրսեւորման հանդէպ անոր տածած սիրոյ մասին:

Ազնաւուր այցելութեան ժամանակ ստորագրած է տակառի մը վրայ, գրութիւն ձգած, ահա այդ ստորագրութիւնն ալ տեղ գտած է իր անունով քոնեաքի շիշին եւ նուէրի տուփին վրայ: Հայ քոնեաքագործները ստեղծած են անկրկնելի խմիչք մը, որ այսօր թէ՛ իր բարձր գինով, թէ՛ որակով, արժանացած է քոնեաքասէրներու եւ բարձր խաւի գնահատող-հաւաքորդներու ուշադրութեան: Քոնեաքի ստեղծման պատմութեան հիմքին մէջ Ազնաւուրի անցած ճանապարհն է եւ համաշխարհային համբաւը, ինչն ալ ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած է քոնեաքագործներուն համար:

100-ամեակի միջոցառման մեկնարկին տեղի ունեցաւ 25 տարուան հնեցում ունեցող այս քոնեաքի համտեսումը, որու ժամանակ քոնեաքագործները մանրամասնութիւններ յայտնեցին հեղինակային թողարկման մասին: «Շարլ Ազնաւուր» քոնեաքի գոյնը մուգ սաթի է, ունի կարմիր ծառի նրբերանգներ եւ հին ոսկիի փայլ: Անոր համը բնութագրուեցաւ իբրեւ չոր պտուղներու, չիրերու եւ քաղցրարմատի՝ մատուտակի հարուստ երանգներու միաձուլում, որ կը վերափոխուի հաւասարակշռուած վայելքի: Համային փունջին մէջ կը զգացուին նաեւ հին փայտի, ռուփի շաքարի, սեւաշաքարի եւ տուրմի շեշտադրումներ, որոնք ստուերուած են քաղցրարմատի երանգներով: Ելոյթ ունեցողներ նկատեցին, որ այս համադրումը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն Ազնաւուրի անցած ճանապարհին փուլերը, այլեւ՝ այն արժէքները, որոնք ան կը մարմնաւորէ՝ նրբագեղութիւն, վարպետութիւն եւ առատաձեռնութիւն:

Միջոցառման ժամանակ հրամցուեցան նաեւ այս քոնեաքի հիմքով պատրաստուած խառնուրդներ:

Շիշին ձեւաւորումը նոյնպէս ինքնատիպ է: Անոր վրայ նշուած է երեք թուական, որոնք մեծ նշանակութիւն ունեցած են Շարլ Ազնաւուրի կեանքին մէջ:

1956 թուական. Այս տարեթիւը կը բնորոշուի իբրեւ Ազնաւուրի յաղթանակի առաջին քայլերու թուական, երբ ան ելոյթ ունեցաւ Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ: Այդ համերգը անցած է բացառիկ յաջողութեամբ եւ ֆրանսական մամուլը համերգէն ետք գրած է. «Ֆրանսան ազնաւուրացուած է»: Ասոր յաջորդած է երկրի ղեկավար Շարլ տը Կոլի հիացական ու թեւաւորող խօսքը. «Դուք կը նուաճէք աշխարհը, որովհետեւ ունակ էք յուզուիլ…»: Ատկէ ետք Ազնաւուր գրած է իր հանրայայտ երգերը եւ համաշխարհային շրջագայութեան մեկնած:

Ազնաւուրի անունով քոնեաքի շիշին վրայ յաջորդ թուականը 1960-ն է՝ «Համաշխարհային փառքի նշաններ» խորագրով եւ յիշատակումով «Ես արդէն կը տեսնեմ զիս» երգով, որուն շնորհիւ Շարլ Ազնաւուր յայտնի դարձաւ ողջ աշխարհին մէջ:

Միւս թուականը 1981 է՝ «Յաւերժական սիրոյ թրթիռներ» գրառումով, որ կը վերաբերի Ազնաւուրի «Յաւերժական սէր» դասական գլուխ գործոցի ստեղծումին:

Այսպէսով, քոնեաքի միջոցով ներկայացուեցաւ նշանաւոր հայի պատմութենէն մաս մը. գործարանը նախատեսած է զանազան այլ ձեռնարկումներ եւս:

Աշխարհի ամենէն յայտնի հայուն նուիրուած միջոցառումներուն շարքը Հայաստանի մէջ լայն տարածում պիտի գտնէ թէ՛ մայրաքաղաքի, թէ՛ մարզերու մէջ: Ազնաւուրի ծննդեան մէկ դարը յիշատակելէ զատ այս միջոցառումները նպատակ ունին պահպանել եւ տարածել արուեստագէտին ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածել անոր բարեսիրական գործունէութիւնը եւ որդեգրած արժէքները:

ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Վերջերս Ֆրանսայի թղթատարութիւնը՝ «La Poste»ը, Ֆրանսայի մէջ կազմակերպած էր Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի նամակադրոշմի ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Վիեթնամական ծագումով ֆրանսացի արուեստագէտ Հոմ Նկույէնի նախագծած նամականիշի ոգեշնչման աղբիւրն է ֆրանսահայ լուսանկարիչ Ռոժէ Կասպարեանի խորհրդանշական լուսանկարը, որուն մէջ պատկերուած է Շարլ Ազնաւուր՝ 1960-ականներուն: Վերջերս կեանքէն հեռացած տաղանդաւոր լուսանկարիչ Ռոժէ Կասպարեան հեղինակն է Ազնաւուրի բազմաթիւ յայտնի եւ անյայտ լուսանկարներու, որոնցմէ մին ալ տեղ գտած է ֆրանսական այս նամականիշին վրայ:

Նամականիշի մարման պաշտօնական արարողութիւնը նախատեսուած է մայիսին՝ Փարիզի նամականիշներու մեծ ցուցահանդէսի ընթացքին: Այդ ժամանակ ալ հնարաւոր կ՚ըլլայ ձեռք ձգել Ազնաւուրին նուիրուած այս յիշատակելի իրը, իսկ յունիսի 3-էն ի վեր զայն հասանելի կ՚ըլլայ որոշ թղթատարային հիմնարկներու մէջ: Յատկանշական է, որ Ֆրանսայի թղթատարութեան այս թողարկման ներկայացման միջոցառումին կը մասնակցէին Ծերակոյտի փոխ-նախագահ Փիէռ Ուզուլիաս, «La Poste»ի եւրոպական հատուածի տնօրէն Պրիս Ռոքֆոյ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Շարլ Ազնաւուրի որդիներէն Միշա Ազնաւուր եւ բազմաթիւ հիւրեր:

ԱՐՁԱՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Շուտով Երեւանի մէջ՝ Աբովեան փողոցի վրայ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ կը դրուի հայրենի ճարտարապետ Դաւիթ Մինասեանի հեղինակած Ազնաւուրի յուշարձանը: Արձանի շուրջ կը հնչեն Ազնաւուրի «Լա Պոհեմ» երգը եւ չդադարող ծափահարութիւններ: Քանդակագործը Ազնաւուրը պատկերած է ծափահարող ձեռքերով շրջապատուած: Աւելի քան վաթսուն յայտերու եւ հարիւրէ աւելի մանրակերտ տարբերակներու մէջ յաղթող ճանչցուած է Դաւիթ Մինասեանի այս ստեղծագործութիւնը, որ կը կրէ Ազնաւուրի յայտնի երգերէն մէկուն անունը՝ «Լա Պոհեմ»ը: Երգը Ազնաւուրն ու Ժագ Փլոտէն գրած են 1965 թուականին։ Այն կը պատմէ պոհեմական կեանքով ապրող նկարիչի մը պատմութիւնը, որ կարօտով կը յիշէ Մոնմարթրի բարձունքներու վրայ անցուցած իր երիտասարդութեան տարիները։ Երգը Ազնաւուրի ամենայայտնի կատարումներէն է, ինչպէս նաեւ ամենայայտնիներէն է՝ ֆրանսերէնով երգերու մէջ: Մասնագէտներ մէկէ աւելի անգամ այս երգը դասած են ֆրանսական շանսոնի բացառիկ ստեղծագործութիւններու շարքը: 1965-1966 թուականներուն երգը դարձած է միջազգային մակարդակով ամենալսուած երգը, տեղ զբաղեցուցած Արժանթինի, Պրազիլի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու լաւագոյն երգերու տասնեակին մէջ։ Ազնաւուրը «Լա Պոհեմ»ը երգած է իր գրեթէ բոլոր համերգներու ընթացքին։ Երգին ձայնապնակը Ֆրանսայի մէջ վաճառուած է աւելի քան 200 հազար օրինակով, իսկ անոր տարբերակները ձայնագրուած են իտալերէն, սպաներէն, անգլերէն, փորթուգալերէն եւ գերմաներէն:

«ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ՝ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ազնաւուրի 100-ամեակին ընդառաջ նաեւ ցաւալի լուրեր կը յայտնուին. ատրպէյճանցիները վերջերս հանած են Ստեփանակերտի Փոլ Էլիւար Ֆրանսախօսութեան կեդրոնի հարեւանութեամբ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը, որ կանգնեցուած էր երգիչի 100-ամեակի առթիւ՝ մինչեւ Արցախի շրջափակումը, պատերազմէն ետք: Արցախցիները այդ արձանը դնելով իրենց երախտիքի խօսքը ըսած են ֆրանսացի ժողովուրդին, որ միշտ Արցախի հետ եղած է: Ստեփանակերտի մէջ Ազնաւուրի կիսանդրիի բացման առթիւ անոր որդին՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրը իր եւ ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնած եւ ողջոյնի խօսքեր յղած է, մասնաւորապէս նշելով.

«Իմ հայրս՝ Շարլ Ազնաւուրը, շատ կը սիրէր Արցախը, ան շատ հաճելի յիշողութիւններ ունէր Գանձասար, Վանք եւ այլ գեղեցիկ վայրեր այցելութիւններէն։ 2020-ի սեպտեմբերին «Ազնաւուր» հիմնադրամը նախաձեռնած է մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներ՝ ուղղուած Արցախի պատերազմէն տուժած բնակիչներուն, ինչ որ կ՚ընէր Ազնաւուրը, եթէ ողջ ըլլար»:

Այսօր Ազնաւուր հիմնադրամը բազմաթիւ արցախցիներու կողքին է արդէն Հայաստանի մէջ: Տեղահանումէն անմիջապէս յետոյ Հայաստանի մէջ հիմնադրամը հազարաւոր արցախցիներու օգնութիւն տրամադրած է՝ օժանդակութեան ծրագիրներ իրականացնելով մանաւանդ մանկահասակ երեխաներու համար:

100-ամեակին ընդառաջ հիմնադրամը նախաձեռնած է տնտեսական զօրակցման ծրագիր՝ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու համար՝ քսանհինգ ձեռնարկատիրական դրամաշնորհներու յատկացման միջոցով։ Ծրագրի նպատակն է խթանել արցախցի ընտանիքներու կայուն եկամուտի ապահովումը եւ տնտեսական աճը: Արդէն ընտրուած են շահառուները, որոնք շուտով պիտի սկսին իրենց աշխատանքներուն: Բոլոր այս ծրագիրներու հիմքին մէջ «Ազնաւուր» հիմնադրամը դրած է Շարլ Ազնաւուրի մէկ նշանաբանը. «Կեանքի նպատակը օգտակար ըլլալն է։ Մէկու մը, բանի մը, Ազգին»:

ԿԵՑԱՎԱՅՐԸ՝ ԱՇԽՈՅԺ

Այս օրերուն, 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, աշխոյժ է նաեւ Շարլ Ազնաւուրի երեւանեան կեցավայրը, որ թանգարան-կեդրոնի վերածուած է: «Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին նախագիծը Երեւանի մէջ այս կեդրոնի ստեղծումն էր, ուր կը գործեն առասպելական արուեստագէտին թանգարանն ու անոր անուան կրթամշակութային կեդրոնը:

Ազնաւուրն ու անոր ընտանիքը «Ազնաւուր» կեդրոնին նուիրաբերած են երգիչի արժէքաւոր անձնական իրերը՝ ստեղծելու համար Ազնաւուրի կեանքին վաւերական, կենդանի եւ շարժուն վերապատումը: Կեդրոնին մէջ ամէն ինչ կը յիշեցնէ եւ կ՚ապրեցնէ Ազնաւուրը: Հոս նաեւ ֆրանսերէնի դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին՝ Ազնաւուրի երգերու թեքստերուն միջոցաւ, նախատեսուած են երաժշտութեան եւ շարժապատկերի դասընթացքներ եւս: Ազնաւուր բազմակողմանի արուեստագէտ մը ըլլալով շատ ասպարէզներու մէջ ներդրում ունեցած է. իբրեւ բանաստեղծ, երաժիշտ, դերասան, նուագող, արուեստասէր, բարերար, հաւաքորդ հետաքրքրութիւններու լայն շրջանակ ունեցած է. այդ բոլորը դասընթացքներու կը վերածուի եւ կեդրոնին մէջ ներդրուելիք կրթական ծրագրերուն միջոցաւ մանրամասն կերպով ի ցոյց կը դրուին… Ինչ որ երգիչը ձգած է իր ետին, առատութեան անսպառ աղբիւր մըն է, որմէ պիտի ըմպենք բոլորս…

Որդին՝ Նիքոլա Ազնաուր, ըսած է՝ իմ հայրս գերմարդ էր։ Տղան կը զարմանար, թէ ան ինչպէս 94 տարեկանին օդանաւ կը նստէր՝ Ճաբոն համերգ ունենալու համար, կը վերադառնար եւ առանց հանգստանալու կ՚երթար հանդիպումներու, հարցազրոյցներու… Մինչեւ պատկառելի տարիքի հասնիլը, ան ընդամէնը գիշերը քանի մը ժամ կը քնանար, միշտ կը ստեղծագործէր, երգեր կը գրէր, երաժշտութիւն կը մշակէր… «Ան պէտք է որ ապրած ըլլայ սովորական մարդու նուազագոյնը երեք կամ չորս կեանքին համարժէք։ Կը կարծեմ, որ ստեղծագործելով ապրելու այս անյագ ծարաւը անոր փոխանցուած էր իր ծնողներէն, որոնք կոտորածէն փախած էին: Այդ խոր ցնցումը մղած է ապրելու։ Երբ ան երկար շրջագայութիւններու կը մեկնէր, մենք շատ քիչ կը տեսնէինք զայն, բայց ան ամէն օր կը հեռաձայնէր: Միշտ կը վերադառնար շատ նուէրներով եւ մեծ սիրով։ Մենք մեծցած ենք այդպիսի միջավայրի մէջ եւ հասկցած ենք, որ մարդկային յարաբերութիւնները ամենակարեւորն են», իր հօր մասին ըսած է Նիքոլա Ազնաւուր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024