ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

«Ազատութիւն», քաղցրաշունչ բառ մը, զոր կը տենչայ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի հոլովոյթին… սակայն, աւա՜ղ, ի սկզբանէ դատապարտուած ենք անազատ՝ կաշկանդուած ըլլալու:

Երբեւէ խորհած էք, թէ յանուն ինչի՞ մենք կը պայքարինք. միանշանակ ազատութեան...

Բոլոր մարդիկ լիաթոք երջանիկ, ուրախ, ազատ ու անկախ կ՚ըլլան ընդամէնը ինն ամիս, երբ կը բնակին իրենց մայրերու սիրտին տակ:

Ներարգանդային կեանքին մէջ անոնք են տէրը իրենց որոշումներու: Ե՛րբ ուզեն կը քնանան, ե՛րբ ուզեն կ՚արթննան: Ե՛րբ ուզեն կու լան, կը խնդան, կը խաղան, իրենց փխրուն տոտիկներով ու թաթիկներով կը զարնեն մայրիկի ներքին գործարաններուն... եւ այս բոլորին համար զիրենք սաստող, պատժող չկայ: Անոնք ինքնուրոյն են մինչեւ ծնունդը, մինչեւ փորձութիւններով լի լոյս աշխա՛րհ գալը:

Առաջին ճիչը արձակելէ վերջ անոնց ազատութիւնը կը սկսի սահմանափակելու.

Ազատ Աստուածն այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւնն գրկեցի...

Ահաւասիկ, այսպէս կը սկսի Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնն ու մարդկային կեանքը: Մեզ շատ սիրողները անդադար, զոյգ աչք ալ փոխառնելով կը վերահսկեն մեզ: Մեր փոխարէն կ՚որոշեն, թէ ի՛նչ ուտենք, ե՛րբ քնանանք ու արթննանք, ո՛ր խաղալիկներով եւ որո՛ւ հետ խաղանք...

Մինչ գիշերը անհանգիստ
Օրօրոցում կապկապած
Լալիս էի անդադար,
Մօրս քունը խանգարած,
Խնդրում էի նորանից
Բազուկներս արձակել.
Ես այն օրից ուխտեցի
Ազատութիւնը սիրել:

Հոգատարութիւն եւ զգուշութիւն կը կոչուին ասոնք, որոնք կ՚ըլլան խենթ՝ ծովու պէս ափերէ դուրս գալու համար: Այսինքն չափէ շատ հոգատարութիւնն ու խնամքը յաճախ համը կը հանէ, ունքը սարքելու տեղ՝ աչքն ալ կը հանէ:

Այնուհետեւ ծնողները իրենց պարտականութիւններու առիւծի բաժինը կը բարդեն կրթական դաստիարակներու ուսերուն: Իսկ վերջիններս անխնայաբար կը ջանան արգելակել զարգացող մարմնի մը մտաւոր ու ֆիզիքական ունակութիւնները: Քանզի կայ հինէն եկող կարգ ու կանոններ, որոնց պէտք է ենթարկուին անխտիր բոլորը: Ուսումնական հաստատութիւնն ալ աւարտելէ վերջ սա սրբազան աշխատանքը յանձն կ՚առնէ պետութիւնը...

Մարդ արարածը իր ամբողջ կեանքի հոլովոյթին կը տենչայ ազատութիւն, որու գինը բաւական սուղ է, երբեմն՝ անգին:

-Ազատութի՛ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար ազատութի՛ւն:

Եւ այսպէս՝ ազատութենէ ծնելով, մի անբողջ կեանք անխոնջ կը պայքարինք յանուն ազատութեան, եւ, թերեւս միայն մեր հոգիները աւանդելէ վերջ, զայն վերստին ձեռք կը բերենք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020