ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ ՀՈԳԻՍ

Օրը սովորականի պէս կը բացուի:

Կը շողայ պայծառ արեւը: Առանց գարունի ունեցանք ամառ: Հայաստան մատնուած է հրոյ ճարակներու. օդի ջերմաստիճանը բաւական բարձր է: Անտանելի շոգ եղանակը կը հիւծէ մարդս, կը թուլացնէ եւ բազմոցէն կամ անկողինէն ելլելու հրաման չի տար: Յամենայնդէպս՝ մինչեւ երեկոյեան ժամերը: Ախր ինչպէս կարելի է ըլլալ առոյգ, երբ օդի ջերմաստիճանը աւելի քան քառասուն է:

Ակամայ կը թուի, թէ կեանքը կ՚ընթանայ իւր բնականոն հունին մէջ: Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ոչ մէկ բան փոխուած է: Բոլոր շէնք-շինութիւնները կը կենան իրենց տեղը: Ինքնաշարժներու անդադար աղմուկը կը շարունակէ խառնուիլ թռչուններու դայլայլին եւ այսպէս ընդհատել բնութեան անդորրը... Ակամայ մարդիկ ալ նոյնն են: Կարեւորը իրենց փորը կուշտ, զոյգ մը կօշիկով, հագած-կապած կը պտտին. այս ու այն կողմ կ՚երթան, կու գան:

Բան մը կը պակսի՝ ժպիտը:

Անհանգիստ ու մտահոգ դէմքերը շատցած են իմ երկրի մէջ:

Իմ կեանքի մէջ ալ ամէն բան նոյնն է: Աւելի՛ն, Աստուած կը շարունակէ զիս շփացնել, արժանացնելով նոր պարգեւներու, շնորհներու եւ անակնկալներու, որու համար անչափ երախտապարտ եմ Բարձրեալին. փառք քեզ Տէր Աստուած, փառք քեզ Տէր Յիսուս Քրիստոս: Օրհնեալ ըլլաք Դուք: Սակայն... հոգիս... հոգիս կը շարունակէ մնալ բանտարկեալ:

Մինչեւ վերջերս երբեւէ ինքզինքս չէի պատկերացներ ինքնաշարժի ղեկին. ունէի արհեստածին վախեր: Իմ ամենամեծ վախը անձ մը արկածի ենթարկելն ու բանտ նետուիլն էր: Իսկ այսօր ես իմ մէջ գտած եմ համարձակութիւն, յաղթահարած եմ իմ բոլոր վախերը ու կը պատրաստուիմ մօտ ապագային սորվիլ ինքնաշարժ վարել:

Յիրաւի, երկար ժամանակ սարսափած եմ բանտէն ու բանտարկեալ ըլլալէն: Իմ վախերը անհիմն չէին: Այսօր ես բանտարկեալ մըն եմ: Ճիշդ է, ֆիզիքապէս ազատ եմ: Կը վայելեմ մաքուր օդն ու արեւի ճառագայթները: Աւելի՛ն, կրնամ երթալ ուր որ կամենամ, սակայն ամէնուր իմ հոգին կը գտնուի անազատութեան մէջ:

Սեպտեմբերի 27-ին սուր ցաւ մը զգացի կրծքավանդակիս ձախ հատուածին մէջ, որուն յաջորդեց անազատութեան զգացումը: Այն մինչեւ օրս կ՚ուղեկցի ինծի: Աչքերս կը բանամ ու կը վայելեմ իմ շուրջը. գոյներ, ձայներ, գեղեցիկ շինութիւններ, դէմքեր... իսկ երբ որ կը շնչեմ ու կ՚արտաշնչեմ, կը զգամ ծանրութիւն մը, բեռ մը: Կարծես ամենածանր կշռաքարը կախուած ըլլայ իմ շնչառութենէն եւ կը խանգարէ զիս թեթեւ շունչ առնելու: Կրնաք խորհիլ, թէ այս ինչ անտանելի զգացում մըն է, որ անդադար կ՚ուղեկցի ինծի: Կարծեմ չարաբաստիկ օրուընէ ի վեր ես ու իմ հայրենիքը նոյն կերպ կը շնչենք: Պատերազմէն վերջ տակաւին չկրցայ իմ մէջ ուժ գտնել Արցախ այցելելու, սակայն շուտով անպայման պիտի մեկնիմ: Այցելողներն ալ, այնտեղ ապրողներն ալ կը վկայեն, թէ հողը ծանր կը տնքայ, կը փաթթուի ոտքերուդ ու կ՚աղերսէ՝ զիս մինակ մի թողէք: Իսկ Արցախը լքած արցախցիներէն խռոված է: Իրենց իրերու ետեւէն քացողները լաւագոյս կը զգան այդ սրդողումը: Միշտ կը փորձեմ պատկերացնել իմ ու Արցախի հանդիպումը՝ չեմ կրնար, չի ստացուիր:

Շատեր կը վկայեն, թէ իրենց ականջներու մէջ կ՚իմանան հողի տնքոցը: Այդ նոյն տնքոցը ես կը զգամ իմ հոգիի մէջ: Աւելի քան ինն ամիս խաւարի մէջ: Իմ հոգիի խորքը մութ է ու խաւար, պարուրուած անհուն թախիծով մը: Երբ կը ժպտամ, կ՚ուրախանամ, ինձ համար աւելի տեսանելի կ՚ըլլայ անոր յատակը: Այդ ծանր շնչառութիւնը, հոգիի բանտարկութիւնը չի ձգեր գէթ պահ մը մոռնալու մեր ողբերգութիւնը:

Ինչպէս որ բոլոր բանտարկեալներու կեանքին մէջ, իմ կեանքի մէջ եւս եղան պահեր, երբ կը թուէր, թէ շուտով պիտի յայտնուիմ ազատութեան մէջ: Առաջին նման դէպքը պատերազմի օրերուն էր, երբ յոյսով լի կը սպասէինք յաղթական աւարտին: Սակայն ազատութիւնը վայելելու փոխարէն նոյեմբերի իննի լոյս տասի գիշերը փոխադրուեցայ գորշ ու մռայլ մեկուսարան: Ամիսներ շարունակ մնացի այնտեղ: Ազատութեան փարոս մը կ՚երեւէր յունիսի քսանին: Ոչ թէ ժողովուրդի, այլ ազգիս սիրտը լեցուեցաւ սպասումով: Դժոխքէն դրախտ կատարելու քայլ մը մնացած էր: Սակայն սայթաքեցանք: Ազատութեան փոխարէն անյայտ ժամանակով բանտարկուած մնացի, մնացինք գորշ ու մռայլ, մութ ու ցուրտ զնդանի պատերուն մէջ: Մեր սպասումները սկսան խամրելու, սակայն յոյսը կը շարունակէ ապրիլ:

Յոյսը վերջինն է մեռնում,
Բայց մեռնում է, չէ՞
Մեռնում է, երբ մարդն է մահանում:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021