ԱՐՔԱՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱՄԱՅՐԸ

Հայաստանի մէջ կայ սովորութիւն մը, ըստ որուն կրթական տարեշրջանի աւարտին դպրոցները դասարան առ դասարան արշաւներ կը կազմակերպեն դէպի բնութեան գիրկը՝ հիմնականօրէն ընտրելով Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերը: Սա առիթ կը դառնայ թէ՛ միասնաբար դպրոցական տարեշրջանի յաջող աւարտը նշելու եւ թէ՛ արշաւի ժամանակ ամէն անգամ բացայայտելու հայրենիքի մէկ գողտրիկ վայրը: Այս սովորութիւնը հինէն եկած է եւ կարծեմ նաեւ ուսումնական ծրագրին մէջ ներառուած է՝ իբրեւ հայրենի երկրի ճանաչողական այցելութիւն, ինչ որ վերջին տարիներուն աւելի լայն թափ ստացաւ:

Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն զարգացած է ներքին զբօսաշրջութիւնը եւ խումբեր, սովորաբար նոյն վայրին մէջ աշխատողներ, ուսանողներ, ընտանիքներ, նոյն հետաքրքրութեամբ տարուած մարդիկ, ամէն օր արշաւներ կը կազմակերպեն երկրի տարածքին: Այս ընթացքին հիմնուած են բազմաթիւ արշաւային ընկերութիւններ, որոնք կ՚առաջնորդեն արշաւելու պատրաստ խումբերը՝ անոնց ինքնաշարժ, ուղեկցող կը տրամադրեն գումարի մը դիմաց եւ արշաւականներ յաճախ կ՚օգտուին այդ ծառայութիւններէն: Բայց շատ են նաեւ անձնական փոխադրամիջոցներ գործածողները, որոնք կը նախընտրեն աւելի հանգիստ ու ազատ ժամանակացոյցով ճամբայ ելլել:

Դպրոցական արշաւները, որոնք մինչեւ Յուլիսի կէսը կը շարունակուին, սովորաբար հանրաշարժներով տեղի կ՚ունենան, իսկ տեսարժան վայր, եկեղեցի, պատմական նշանակութեամբ բնակավայր այցելութիւնը հարկաւ կ՚աւարտի խնջոյքով, որ դպրոցականներուն ընկերացող ծնողքը, ուսուցիչները եւ յաճախ՝ հանրաշարժի վարորդները միասնաբար կը կազմակերպեն աշակերտներուն համար:

Ահա այդպիսի արշաւի մը մէջ կ՚ուղեւորուինք դէպի Արտաշատ՝ արքաներու քաղաքամայրը:

Դպրոցական կրտսեր տարիքի խումբ մըն է, որ շատ բան չի գիտեր Արտաշատի մասին՝ չըսելու համար, որ ոչինչ գիտէ: Ուսուցիչները պարտականութիւն կը ստանձ-նեն պատմելու վայրին մասին, ուր կ՚ուղեւորուինք: Երեւանէն ընդամէնը 30 քմ. հեռու է Արտաշատը, բայց երեւանցիներէն շատեր նոյնիսկ ամբողջ կեանք մը կ՚ապրին, առանց այդքան կարճ ճամբան կտրելու եւ տեսնելու երբեմնի մայրաքաղաքային փառք ունեցող Արտաշատը:

Զբօսաշրջիկներն ալ միշտ չէ, որ Արտաշատը կը ներառնեն իրենց այցելութիւններուն մէջ, յաճախ կը բաւարարուին ծանօթ վայրերով՝ Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Սեւան, Մատենադարան՝ շրջանցելով ճամբուն վրայ գտնուող այս գողտրիկ քաղաքը: Բայց այդքանով հանդերձ, Արտաշատը այցելուներ միշտ ունի: Այն որ ծանօթ է այս քաղաքի պատմութեան՝ անպայման կ՚այցելէ պատմական Արտաշատը: Բնակելի Արտաշատը 5 քմ. հեռաւորութեան վրայ է պատմական Արտաշատէն, բայց երկուքը միասին ամբողջականութիւն մը կը կազմեն եւ արտաշատցիք ալ կը հպարտանան իրենց նախաքրիստոնէական ժամանակներու հնավայրով:

Արտաշատի ճիշդ կեդրոնը կը գտնուի Արտաշէս Ա. թագաւորի արձանը, որուն քով դպրոցականները կը լուսանկարուին: Արտաշէսը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն նշանակալի եւ խոշոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչներէն մին կը նկատուի եւ ան է, որ Նախքան Քրիստոս Երկրորդ դարուն կառուցած է Արտաշատ մայրաքաղաքը: Անշուշտ, քաղաքին առաջին քարը դրուելուն թուականը ստոյգ չէ, քանի մը թուականներ կան եւ այսօր տակաւին յստակ չէ, ճիշդ ե՛րբ սկսած է կառուցումը՝ Նախքան Քրիստոս 189, 185, 166 եւ այլն, բայց շրջանառուող թուականներէն ամենէն ընդունուածը թերեւս 185-ն է:

Ինչպէս պատմական փաստերը կը վկայեն՝ Կարթագէնի նշանաւոր զօրավար Հանիպալը տասնեօթ տարի պատերազմելով եւ պարտութիւն կրելով Հռոմէն, փախած էր իր երկրէն: Զինքը դիմաւորած եւ քաղաքական ապաստան տուած էր հայոց արքան՝ Արտաշէսը: Հանգրուանելով հայոց երկրին մէջ՝ Հանիպալը զարմացած էր այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ ընթացող նոր բնակավայրերու շինարարութեան մեծ թափով եւ քանի որ Հանիպալն ալ շատ լաւ կը տիրապետէր ռազմական ամրութիւններու կառուցման եւ ընդհանրապէս, քաղաքաշինութեան հիմնական սկզբունքներուն՝ անոր ալ Արտաշէս արքան վստահած էր քաղաքի նախագծման ու կառուցման աշխատանքները: Այդ պատճառով է, որ Արտաշատ քաղաքին տրուած է երկրորդ անուն մը՝ «Հայկական Կարթագէն»: Այս անունը ստացած էր քաղաքը, որովհետեւ ան նախագիծով եւ կառուցապատմամբ կը յիշեցնէր Հանիպալի հայրենի քաղաքը՝ Կարթագէնը՝ հին աշխարհի հզօրագոյն քաղաքներէն մին, որ ներկայ Թունուսի տարածքին էր եւ աւերուած էր հռոմէացիներու կողմէ: Արտաշատը երեսուն տարուան մէջ կառուցուած է եւ ծառայած է որպէս Մեծ Հայքի մայրաքաղաք՝ Նախքան Քրիստոս 185-120 թթ.։

Հայոց Պատմահայր Մովսէս Խորենացին 5-րդ դարուն այսպէս նկարագրած է Արտաշատի կառուցումը. «Արտաշէսը կ՚երթայ այն տեղը, ուր Արաքսը եւ Մեծամօրը կը խառնուին եւ այնտեղ բլուրը հաւնելով՝ քաղաք կը շինէ եւ իր անունով կը կոչէ Արտաշատ։ Արաքսն ալ կ՚օգնէ անոր անտառի փայտով: Ուստի, առանց դժուարութեան եւ արագ շինելով, այնտեղ մեհեան կը կանգնեցնէ եւ Բագարանէն կը փոխադրէ Արտեմիսի արձանը եւ բոլոր հայրենական կուռքերը, իսկ Ափոլլոնի արձանը կը կանգնեցնէ քաղաքէն դուրս՝ ճանապարհի մօտ»:

Ըստ Մովսէս Խորենացիի նկարագրածին, Արաքսի ջուրերը որպէս փոխադրամիջոց ծառայած են, որպէսզի զանազան տեղերէ գետին միջոցաւ շինանիւթ փոխադրուի՝ քաղաքը կառուցելու համար: Տասներկու փոքր ու մեծ բլուրներու վրայ կառուցուած է այս հնագոյն քաղաքը եւ հիմնուելով հնագոյն հեղինակներու վկայութիւններուն վրայ՝ պարզ կը դառնայ, որ Արտաշատը եղած է տարածքաշրջանի հզօր առեւտրական քաղաքներէն մին, գտնուած է միջազգային առեւտրական ուղիներու խաչմերուկին վրայ, այսինքն սկզբնապէս տեղի ընտրութիւնը յաջող կատար-ւած էր: Եւ ռազմավարական առումով ճիշդ տեղի ընտրութիւն մըն էր, որ համապատասխան էր բոլոր այն պահանջներուն, որոնք անհը-րաժեշտ էին ամուր քաղաք մը կառուցելու համար:

Արշաւականներուն ուղեկցող հայոց պատմութեան ուսուցչուհին կը պատմէ, որ հնագոյն ժամանակներուն Արտաշատը ապրանքներ կը ներմուծէր Հնդկաստանէն ու Սէյլանէն, Միջերկրականի ափամերձ երկիրներէն, ինքն ալ իր կարգին արտահանելով քաղաքի բազմահմուտ արհեստաւորներու ձեռակերտները։ Արտաշատով կ՚անցնէր հռչակաւոր «Մետաքսի ճամբան», որ Հնդկաստանէն, Չինաստանէն եւ արեւելեան այլ երկիրներէ զանազան առեւտրականներ, կտրելով երկար ճանապարհ, կը ներմուծէին բրինձ, համեմունքներ, փղոսկր, սեւ փայտ, բամպակ ու բամպակեայ կտորեղէն, պերճանքի առարկաներ։ Ինք՝ Արտաշատ, իր տարածքէն դուրս կ՚արտածէր հացահատիկ ու գինի, կապար, պղինձ, անագ, ոսկեթել ու ոսկեկար հագուստներ, ոսկեայ ու արծաթեայ սպասք, գեղարուեստական ձեւաւորմամբ իրեր, բուրդ, կաշի, ձիեր ու ջորիներ։ Արհեստներու մայրաքաղաք մըն էր Արտաշատը, ուր կային բազմաթիւ արհեստանոցներ, որոնց մէջ պատրաստուած զէնքերն ու զրահները, շքեղ կահկարասին ու պերճանքի առարկաները, բրուտագործական ու մետաղագործական արտադրանքը ողողած էին քաղաքի շուկան եւ իրենց որակով մեծ պահանջք ունէին նաեւ հեռաւոր երկիրներու մէջ։

Պատմութենէն ծանօթ է, որ Արտաշատի մէջ նաեւ մշակուած է նշանաւոր որդան կարմիր ներկը, որ հին աշխարհի ներկերու թագուհին նկատուած է եւ հռչակաւոր եղած է իր հայկական ծագումով:

Ամբողջ հայոց պատմութեան մէջ Արտաշատը միակն է, որ չորս դարէ աւելի, ընդմիջումներով հարկաւ, եղած է Հայաստանի մայրաքաղաքը։ Նոյնիսկ այժմեան մայրաքաղաք Երեւանը եւ Էրեբունին միասին այդքան երկար տարիներ չեն կրած այդ կոչումը, որքան որ կրած է Արտաշատը։

ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Դպրոցականներու արշաւախումբը կը մօտենայ այն բլուրներուն, ուր մինչեւ այսօր պեղումներ կ՚ընթանան եւ հնագէտներ տակաւին կը պեղեն հնագոյն Արտաշատը: Անշուշտ, բուն պեղումներու վայրերը փակ գօտիներ են եւ միայն հեռուէն կարելի է տեսնել այն տարածքը, ուր կանգուն եղած է արքաներու քաղաքամայրը եւ հակառակ անոր, որ կործանուած է, բայց իր դարաւոր փառքը հասած է մեր օրերուն:

Երկար ժամանակ գիտնականները չեն յաջողած ճշդել Արտաշատ քաղաքին տեղը։ 1967 թուականին Արտաշատ հին քաղաքին մերձ, Փոքր Վետի գիւղին քով, շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին քար մը կը յայտնաբերուի, որուն վրայ լատիներէն տառեր կ՚երեւին: Այդ գտածոն առիթ կը հանդիսանայ, որ գիտնականները աւելի խորութեամբ ծանօթանան Արտաշատի տեղանքին եւ ձեռնարկեն պեղումներու: Այդ պեղումները սկիզբ առած են 1970 թուականին, որոշ կարեւոր գտածոներ յայտնաբերուած են, սակայն խորհրդային կառավարութիւնը արգիլած էր պեղումներ կատարել Թուրքիոյ տարածքին մէջ, դէպի ուր կը հասնէր պեղումներու գօտին։

2008 թուականին խումբ մը հայ հնագէտներ, Փաւել Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, կրկին պեղումներ կատարած են եւ որպէս արդիւնք գտած են հնագոյն բաղնիքներու ամբողջ համալիր մը: Հետագայ պեղումներուն ընթացքին գտնուած է նաեւ 2007 թուականին յայտնաբերուած հնագոյն տաճարի տնտեսական հատուածը։ «Բացուած են» Արտաշատի տաճարին կից կառոյցը՝ խճանկարով պատուած հասարակական բաղնիքը:

2007 թուականի պեղումներէն հասած են տեղեկութիւններ, ըստ որոնց հնագոյն Արտաշատի տարածքը եղած է մօտաւորապէս 4 քառակուսի քիլօմեթր, ինչ որ երկուքուկէս անգամ փոքր է այժմեան Արտաշատէն, բայց ունեցած է 150 հազար բնակիչ, որ շուրջ վեց անգամ աւելի է այժմու Արտաշատի բնակչութենէն։ Քաղաքի պաշտպանական պարիսպները հասած են մինչեւ 10 քմ., այդ պարիսպներուն մէկ մասը յայտնաբերուած է պեղումներու ժամանակ: Այնտեղ յայտնաբերուած է նաեւ մօտ 2000 տարուան պատմութիւն ունեցող կոյուղիով զուգարան։

Դարեր շարունակ, ըլլալով Մեծ Հայքի գլխաւոր քաղաքը, «Ոստան հայոց»ը, Արտաշէսեաններու եւ Արշակունիներու նստավայրը, 58-ին Արտաշատը գրաւուած է, իսկ 59-ին աւերուած է ու հրկիզուած հռոմէացի զօրավարին կողմէ։ 63-ին Հրանդէայի մէջ, հայ-պարթեւական զօրքերէն հռոմէացիներուն կրած ծանր պարտութենէն յետոյ, Ներոն կայսրը համաձայնութիւն յայտնեց, որ հայկական գահը զբաղեցնէ Պարթեւներու արքայի եղբայր Տրդատը. պայմանով, որ ան թագը պէտք է ստանար Հռոմէն: Արշակունեաց հարստութեան հիմնադիր Տրդատ Ա. (63-88 թուականներ) 66-ին Հռոմէն վերադառնալէ ետք վերականգնեց Արտաշատը։ Տրայանոս կայսրը 114-ին ներխուժեց Հայաստան եւ գրաւեց Արտաշատը։ Քաղաքը աւերուած է նաեւ 163 թուին, երբ Հռոմի դէմ ապստամբած Հայաստանը նուաճուեցաւ Ստատիոս Պրիսկոսի կողմէ։

Արտաշատը շարունակած է մնալ երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոնը՝ մինչեւ Շապուհ Բ.-ի կողմէ քաղաքի աւերումը եւ բնակչութեան գերեվարումը (364-369 թուականներ)։

Շատ խորհրդաւոր ու գեղեցիկ է՝ կանգնիլ բարձունքին եւ տեսնել երբեմնի հզօր եւ զարգացած քաղաքին մնացորդները եւ տեղեկանալ, որ հայոց հնագոյն թատրոնը սկզբնաւորուած է ճիշդ այս վայրէն: Տակաւին Քրիստոսէն առաջ ստեղծուած թատրոնը ծաղկում ապրած է հայոց թագաւոր Արտաւազդ Բ.-ի օրով։ Ան թատրերգութիւններու եւ այլ գրական գործերու հեղինակ էր ինք եւս։ Արտավազդ Բ. իր հօրմէն՝ Տիգրան Մեծէն, Նախքան Քրիստոս 53-ին ժառանգած է թագաւորական գահը: Այդ ժամանակաշրջանին հելլէնական մշակոյթը, մանաւանդ՝ թատրոնը, նոր վերելք կ՚ապրէր: Արտաւազդը, որ յունարէնով ողբերգութիւններ կը հեղինակէր, արուեստներու գիտակի համարում ունէր: Անոր տիրակալութեան օրով ալ, երբ բեմադրուած է Էվրիպիդէսի «Բաքոսուհիներ» ողբերգութիւնը, ներկայացման ժամանակ կը յայտարարուէր հայկական բանակի կողմէ հռոմէական զօրքերու կրած պարտութեան մասին: Եւ նոյն ներկայացման ժամանակ թատրոնի բեմ բարձրացուած է պարտութիւն կրած Մարկոս Կրասոս զօրավարին գլուխը:

Այսօր ալ Արտաշատ քաղաքին մէջ թատրոն կը գործէ եւ իրենք՝ արտաշատցիները, կը յիշեցնեն իրենց տարածքէն սկիզբ առած հազարամեայ թատրոնին մասին եւ ամէն ջանք կը գործադրեն քաղաքին մէջ թատերական աւանդոյթները շարունակելու համար:

Նշենք նաեւ, որ այսօրուան Արտաշատը քաղաք է 1962 թուականէն ի վեր, մինչ այդ եղած է գիւղ։ Շրջակայ տարածքի գիւղերը կրած են թրքական անուններ՝ Ներքին Ղամարլու, Վերին Ղամարլու, Նարւզլու, Բեճազլու։ Հետագային Ներքին Ղամարլուն, Վերին Ղամարլուն եւ Նարւզլուն միացած են եւ ստեղծուած է այժմեան Արտաշատը։ Հակառակ անոր որ թրքական անուններով գիւղեր միացած են, բայց իր՝ Արտաշատի անուան ծագումը կ՚առընչուի պարսկերէնի հետ: Սկբնական անունը եղած է Արտաշաշատ (Արտայի/ Արտաշէսի/ ուրախութիւն)։ Սակայն, հետագային շաշատ-ուրախութիւն բառի երկրորդ «շա»ն սղած է եւ քաղաքին անունը վերափոխուած է Արտաշատի։

Այսօր Արտաշատ քաղաքի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը զբաղի փոքր առեւտուրով եւ պտուղներու ու բանջարեղէնի շուկաներով: Քաղաքը կը համարուի ժամանակակից արդիւնաբերական քաղաք։ Ան ունի մօտ տասներկու գործարաններ, որոնք պահածոներ, խեցեղէն, մանրայատակ, գինի կ՚արտադրեն եւ ճենապակի ու քար կը վերամշակեն:

Արտաշատցիներու հպարտութիւնը քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին է, որուն օծումը 2015 թուականին կատարուած է՝ Հայաստանի հոգեւոր եւ քաղաքական վերնախաւի ներկայութեամբ: Մինչ այդ քաղաքը գործող եկեղեցի չունէր: Եկեղեցւոյ ճանապարհին ալ փոքրիկ մատուռ մը կայ, որ նոյնպէս քաղաքի բնակիչներուն սիրելի սրբավայրն է:

Մենք նախ մատուռ, ապա եկեղեցի կը մտնենք: Եկեղեցւոյ մուտքին կը տեղեկանանք, որ ան նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Աբրահամեան ընտանիքի բարերարութեամբ կառուցուած է: Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ընդունուած է պաշտօնեայ-մեծահարուստ ընտանիքներու նուիրատուութեամբ եկեղեցիներ կառուցել: Այդպէս կառուցուած են տասնեակ եկեղեցիներ եւ հակառակ անոր, որ այս երեւոյթը քննադատողներ ալ եղած են, թէ անհասկնալի ճանապարհներով հարստացած մարդիկ իրաւունք չունին եկեղեցի կառուցելու, սակայն ժամանակի ընթացքին ժողովուրդը սիրած եւ ընդունած է նորակառոյց եկեղեցիները:

Այդպէս ալ արտաշատցիները սիրած եւ ընդունած են իրենց քաղաքի եկեղեցին, որ հնագոյն պատմութեան կողքին վեր կը յառնէ իր շիկակարմիր քարերով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017