ՔԱՂՑԿԵՂԷ ՏԱՌԱՊՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԲՈՒԺՄԱՆ ԳՈՐԾԸ ՄԻՇՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու բուժման գործը միշտ հասարակական զգայնութեան առարկայ կը մնայ։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս նոր նախաձեռնութիւն մը օրակարգի վրայ է, ինչ որ առիթ դարձած է խանդավառութեան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած է «City of smile» բարեգործական հիմնադրամը, որ յառաջիկայ շրջանին աշխատանքները պիտի կեդրոնացնէ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու բուժման նպատակին վրայ։ Վերջերս Երեւանի «Մարիոթ-Արմէնիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հիմնադրամի կալա-ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ շնորհանդէսի մը բնոյթը ունէր, որովհետեւ ներկայացուեցան այս հիմնադրամի որդեգրած նպատակներն ու ցարդ ծաւալած աշխատանքը։ Աննա Յակոբեան այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, որուն կ՚ընկերանային բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Քաղցկեղէ տառապող մանուկներու աջակցութիւն ցուցաբերող բարեգործական կազմակերպութիւններ կամ անհատներ որոշած են միաւորել իրենց ուժերը՝ նոյն նպատակին արդիւնաւէտ ծառայելու համար։ Նորաստեղծ հիմնադրամը լուրջ հարթակ մը կը հանդիսանայ այս առումով։ Հիմնադրամի Հոգաբարձութիւներու խորհուրդի նախագահ ընտրուած է Աննա Յակոբեան։

Վեհափառ Հայրապետը կալա-ընթրիքի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ որդեգրուած նպատակը օրհնեալ ու բարի է։ Ան մատնանշեց, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ ընտրուած Աննա Յակոբեան Հայ Եկեղեցւոյ ազնիւ դուստրերէն է եւ պատանեկութեան տարիներէն ի վեր եկեղեցական կեանքին կը մասնակցի։ «Դժուարին իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր սիրասուն երեխաները եւ անոնց ծնողները բոլորիս զօրակցութեան կարիքն ունին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ յիշեցուց, որ Տէր Յիսուսն ալ երկրային իր առաքելութեան ընթացքին բուժած էր բազմաթիւ մարդիկ, հիւանդ մանուկներ՝ անսալով անոնց ծնողներու խնդրանքին ու հաւատքին։ «Եկեղեցւոյ հայրերը բժշկութեան մէջ աստուածային ներգործութեան վկայութիւնը կը տեսնեն», նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տէրունապատուէր իր առաքելութեան ընթացքին մշտապէս կարեւորած է աջակցութիւնը կարիքաւոր իր զաւակներուն ի նպաստ։ «Ի դէմս «City of smile» հիմնադրամի, կը տեսնենք մեր ազգի ապագայի, երեխաներու առողջութեան նպաստող կարեւոր նոր նախաձեռնութիւն մը, որուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի զօրակցի, որպէսզի յոյսը, կեանքի ուրախութիւնն ու պայծառ ժպիտը աւելնան ապաքինած երեխաներու եւ անոնց ծնողներու ու մեր բոլորի սրտերուն մէջ», աւելցուց Նորին  Սրբութիւնը։

Հարկ է նշել, որ այս հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմէն ներս պիտի գտնուի Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Աննա Յակոբեան։ Ընթրիքի ժամանակ տեսակապով ներկաներուն իր ուղերձը յղեց Յորդանանի արքայադուստր Տինա Մայրէտ։ Այս առթիւ ան նշեց, որ յետայսու Հայաստանի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի որակեալ բժշկական սպասարկում իրականացնել։ Տինա Մայրէտ կը նախատեսէ յառաջիկային տեսակցիլ Աննա Յակոբեանի հետ՝ քննարկելու համար համապատասխան հարցեր։ Հարկ է յիշեցնել, որ քանի մը տարի առաջ Յորդանանի արքայադուստրը այցելած էր Հայաստան։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018