ԱՆԷԾՔԷՆ ԴԷՊԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ - Ա.

Մեզի յայտնի է, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ որպէս պետական կրօն ընդունուեցաւ ի շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ո՞վ է Լուսաւորիչը, ուրկէ՞ եկաւ Հայաստան եւ ինչպէս յաջողեցաւ հեթանոս ժողովուրդ մը դարձնել դէպի ճշմարիտ Աստուած:

Գրիգորը որդին է Անակ Պարթեւի, որ Սասանեաններու թագաւոր Արտաշիրի յորդորով, դաւադրաբար սպաննեց հայոց Խոսրով թագաւորը: Օր մը Արտաշիր կը դիմէ Անակ Պարթեւին եւ անոր եղբօր.

-Վերցուցէ՛ք ձեր ընտանիքները, գացէ՛ք Խոսրովի մօտ եւ պաշտպանութիւն խնդրեցէ՛ք անկէ: Անոր վստահութիւնը շահելէ վերջ սպաննեցէ՛ք զայն: Եւ քեզ Անա՛կ, ես պիտի դարձնեմ հայոց թագաւոր:

Անակ Պարթեւ կը հետեւի Սասանեաններու թագաւորի խորհուրդին եւ իր եղբօր ու իրենց ընտանիքներու հետ միասին կը մեկնի մեծ Հայաստան: Խոսրով թագաւոր ուրախութեամբ կ՚ընդունի զանոնք: Երկու եղբայրներու գօտիներէն կախուած կ՚ըլլան կարճ թուրեր: Վստահելով վերջիններուս՝ Խոսրով թագաւոր չի զինաթափեր զանոնք: Թագաւորը հիւրերու պատուին ճաշի սեղան սարքել կու տայ:

Ճաշէն ետք, Խոսրով թագաւոր, երկու եղբայրներու հետ, ձեռքերը անոնց ուսերուն դրած, կ՚երթայ դէպի պարտէզի խորքը, որպէսզի շարունակէ իր զրոյցը Պարսկաստանի ներքին խնդիրներու ու գործերու վերաբերեալ: Անակ Պարթեւ, օգտուելով յարմար առիթէն՝ թիկունքի թուրով թագաւորը կը հարուածէ կռնակէն: Այնուհետեւ երկու եղբայրները թողնելով իրենց ընտանիքները կը դիմեն փախուստի. դէպի Արաքս գետի կողմը՝ պարսից սահմանի ուղղութեամբ: Թագաւորի պահակախումբի զինուորները հետապնդելով ու հասնելով անոնց՝ թուրերով կը սպաննեն, իսկ մարմիններն ալ կը շպրտեն Արաքս գետը:

Անակ Պարթեւի դայեակը կը յաջողի փրկել մանուկ Սուրէնի կեանքը, եւ ան վերցնելով երեխան կը փախչի դէպի Կեսարիա:

Այդ ժամանակ Խոսրով թագաւորի թիկնազօրը կը տանի հինգ տարեկան թագաժառանգ Տրդատը յոյներու երկիր: Այստեղ թագաժառանգ Տրդատ կը սորվի գրագիտութիւն ու ռազմական արուեստ: Ըլլալով թիկնեղ ու ամրակազմ, եւ ուշադրութիւն գրաւելով իւր արտասովոր խիզախութեամբ՝ Տրդատ կը դառնայ ողիմպիական ախոյեան: Որոշ ժամանակ անց ան յունաց զօրքի հետ կու գայ Հայաստան, ետ կը վերցնէ իր հօր գահը՝ դառնալով թագաւոր:

Կեսարիոյ մէջ մանուկ Սուրէնը կը դաստիարակէ քրիստոնեայ եպիսկոպոս մը՝ յորդորելով վերջինիս ապրիլ բարեպաշտ ու առաքինի կեանքով: Սուրէն կը ստանայ հրաշալի կրթութիւն ու կը տիրապետէ քանի մը լեզուներու: Օր մը, զրուցելով Սուրէնի հետ, որ այլեւս մկրտուած էր ու ստացած Գրիգոր անունը, եպիսկոպոսը կը պատմէ, թէ ինչպէս անոր հայրը՝ Անակը, Արտաշիրի խարդաւատանքներու պատճառաւ, դաւադրաբար սպաննեց Խոսրով թագաւորը՝ հայոց թագաւոր Տրդատի հայրը:

Գրիգորը կ՚իյնայ խոր տրտմութեան մէջ, կը հեռանայ իր քարանձաւը՝ աղօթելու: Աստուծոյ աղօթելու ժամանակ ան կ՚ըսէ.

-Տէ՛ր Ամենակալ, Արարիչ ու փրկիչ մեր, որ Քու արեամբ քաւեցիր մեզ, մի՛ անիծեր իմ տոհմը հօրս նենգ եղբայրասպանութեան համար: Ես պատրաստ եմ ամէն բանի, միայն թէ ստանամ թողութիւն, ներման արժանանամ, քաւեմ իմ հօր մեղքը եւ իմ ցեղի վրայէն հանեմ անէծքը: Առաջնորդէ՛ զիս, Տէ՛ր, դարձուր Քու գործիքը: Ես պատրաստ եմ ամէն փորձութեան, ներէ մեզ, Սուրբ Տէր: Ես կը մեկնիմ ծառայութեան Տրդատ թագաւորի մօտ, որպէսզի ինչ-որ չափով քաւեն իմ հօր մեղքը:

Եւ այսպէս Գրիգոր կը մեկնի Հայաստան, կը ներկայանայ արքունական պալատ ու կը յայտնէ իր ցանկութեան մասին: Տրդատ թագաւոր զրուցելով Գրիգորի հետ կը զարմանայ վերջինիս գիտելիքներու, լեզուներու փայլուն իմացութեան եւ, յատկապէս, խոնարհ բնաւորութեան վրայ: Հայոց թագաւորը վերջինս կը նշանակէ հայոց դիւանի քարտուղար:

Տրդատ թագաւոր մշտապէս գոհ էր իր հլու հնազանդ ծառայէն մինչեւ այն ժամանակ, երբ Գրիգոր հրաժարեցաւ գոհութիւն բարձրացնել հեթանոս աստուածներուն ու զոհ մատուցել Անահիտ աստուածուհին: Գրիգոր կը հրաժարի ծաղիկներ դնել արձանի պատուանդանին, այլ հպարտօրէն, գլուխը բարձր կ՚անցնի անոր քովէն: Տրդատ թագաւոր զարմացած կը դիմէ վերջինիս.

-Գրիգոր, իմ հաւատարիմ ու նուիրեալ ծառայ, ես միշտ գոհ եղած եմ քու անթերի ծառայութենէն: Դուն ինչո՞ւ չես գովաբաներ Անահիտը, մեր աստուածուհին՝ մեզի շնորհած յաղթանակներու համար:

Գրիգոր հպարտօրէն կը բարձրացնէ իր գլուխը ու խիզախօրէն կը նայի թագաւորի աչքերուն մէջ ու կը պատասխանէ.

-Թագաւոր իմ, դուն իսկապէս խիզախ ես ու ճշմարիտ հերոս, իսկ իւրաքանչիւր յաղթանակ մը կը տրուի միմիայն երկինքի ու երկրի Կենդանի Աստուծոյ՝ իմ Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրհնութեամբ: Չկայ ուրիշ Աստուած, բացի Անկէ: Իսկ կուռքերուն ու դեւերուն ես զոհեր չեմ մատուցեր:

Գրիգորի յանդուգն պատասխանը խիստ կը զայրացնէ Տրդատ թագաւորը: Վերջինս կը հրամայէ ձերբակալել Գրիգորը ու բանտ նետել՝ մինչեւ խելքի գալը: Բանտարկութեան օրերուն Գրիգոր կ՚ենթարկուի զանազան չարչարանքներու ու կտտանքներու: Չորս-հինգ օրը մէկ, կամ շաբաթը անգամ մը Տրդատ թագաւոր կ՚այցելէ իր բարեկամին, ստուգելու համար, թէ արդեօք խելքի եկաւ, սակայն ամէն անգամ ա՛լ աւելի բարկացած կը հրամայէ կրկնապատկել ու եռապատկել Գրիգորի տանջանքները:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի     

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021