ՀՈՎԻՒԸ

Հաղարծինի վանական համալիրին բակը տեսած էի զայն, սեւ, կղերականի զգեստով, փայտեայ խաչը վիզէն կախած, հողաթափ մը ոտքին, ձեռքին ծածանող Լիբանանի դրօշը, կանգնած էր մի քանի երկսեռ մարդոցմով շրջապատուած: Դրօշը հարազատութիւն մը արթնցուց այդ պահուն մէջս, մօտեցայ կողքի կիներէն մէկուն եւ իմացայ անունը կղերականին միայն: Անունը սակայն օտար էր, ոչ քրիստոնեայ ըլլալը մանաւանդ դէմքի գիծերէն կը հոսէր, բայց խաչը...:

Այդպէս մնաց միայն դրոշմ մը, պատկեր մը միտքին մէկ անկիւնը, յուշ մը այն օրուընէ թաջուած, պարոյկ մըն ալ յուշին վրայ մխրճուած: Այդպէս են չէ՞ յուշերը. լուսանկարներու տետր է կարծես միտքը, ուր յուշերու ալպոմ մը գոյութիւն ունի, որ միշտ կը թարմացուի, հինը կը դիտուի, նորերը կ՚աւելնան, շատ հիները երբեմն մոռացութեան կը մատնուին, երբեմն յանկարծ կը յայտնուին ու կ՚իմացնեն իրենց գոյութիւնը, ներկայութիւնը:

Այս յուշը թարմ էր սակայն, միայն երկու ամսուան պատկեր մըն էր, որ ահա կրկին յայտնուեցաւ, երբ հեռատեսիլէն Լիբանանի անցուդարձերուն լուրերը կ՚ահազանգէին ժողովուրդին կոչերով, բողոքներով ու ցոյցերով համակ: Յայտնուեցաւ նոյն կղերականը, նոյն համեստ հագուածքով, նոյն փայտեայ խաչը կուրծքին, հողաթափը ոտքին, Լիբանանի դրօշը ձեռքին եւ շրջապատուած երիտասարդներով, պատանիներով, որոնք կը համբուրէին իր աջը, հագուստէն օրհնութիւն կը շօշափէին..., մինչ ինք կը քաջալերէր ցուցարարները, կանգնած էր ժողովուրդին հետ եւ կ՚ահազանգէր անոնց խնդրանքները, որ հասնին բարձրէն՝ աթոռներէն հետեւողներուն...:

... Անունը հնչեց դարձեալ՝ Հայր Մաճտի Ալ Ալլաուի: Որոնեցի զայն համացանցի էջերուն վրայ...

Մահմետական ընտանիքի մը զաւակն է, որ տասնչորս տարեկանին քրիստոնէութիւնը սիրած, Քրիստոսը սիրած ու սկսած է հետեւիլ Անոր: Աստուածաշունչը կարդացած ու ծառայել սկսած է Քրիստոսին: Հալածանքները, բանտարկութիւնները, ծեծերը անտեսած է ու մնացած իր հաւատքին վրայ ամուր, անխախտ. արտաքին ազդակները չեն ընկճած զայն երբեք, այլ աւելի հզօրացուցած են...:

Կը հիանաս ի լուր իր գործունէութեան, հաւատքին ու կը խորհիս հաւատքին անշօշափելի հզօրութեան մասին եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է մահմետականի մը քրիստոնէութիւն դաւանիլը, բայց կը հաւատաս կամքին, որ վերուստ թելադրուած է: Ինք կ՚ընտրէ Իր հովիւները եւ ոչխարները արածելու առաքելութիւնը միայն Ինք կրնայ պարգեւել, կը պարգեւէ անոնց, որոնց Ինք յարմար կը տեսնէ: Տիրոջ համար անկարելին գոյութիւն չունի:

«Ինն տարի տեւեց համալսարական ուսումս,- կը պատմէ հովիւը,- բայց դարձեալ հազիւ յաջողեցայ, քանի երբ տունէն կ՚ելլէի ու ճամբուս վրայ տառապեալ մը կը տեսնէի, իրեն կ՚օգնէի, չէի կրնար կողքէն անցնիլ ու երթալ դասի: Իւրաքանչիւր աղքատի, անտունի, գինովի ու թմրամոլի մէջ տառապեալ Յիսուսը կը տեսնէի ու կը փութայի օգնութեան: Այսպէս սկսաւ գործունէութիւնս եւ հետզհետէ աճեցաւ, հիմնեցի «Երկնային երջանկութիւն» հաստատութիւնը, որուն կը դիմեն կարօտեալները եւ կը ստանան անհրաժեշտ օգնութիւնը: Ունինք ճաշարաններ, ուր ձրի ճաշ կը մատուցենք չքաւորներուն, կը բուժենք մոլութենէ տառապողները միայն աղօթքի եւ ծոմապահութեան միջոցով՝ առանց որեւէ դեղի օգտագործման: Հիմա զանազան պատճառներով մոլութենէ տառապողները բուժուած են ու մեր հաստատութեան մեքենաներուն վարորդներն են անոնք, կը ծառայեն առանց փոխարէնի, իսկ հաստատութիւնը կ՚աճի բարերարներու օգնութեամբ...»:

Հովիւը դէպք մը կը պատմէ youtube-ի իր բազմաթիւ տեսանիւթերէն մէկուն վրայ, թէ հեռաձայնի զանգով մը տեղեկացուցած են իրեն երիտասարդի մը մասին, որ Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մայթին նստած, խմիչքի շիշը ձեռքը, գինով՝ զառանցանքով լի պոռչտուքներ կ՚արձակէ: Ձմրան ցուրտին, տարեգլխու օրերուն, երբ Պէյրութը ողողուած է քաղաքը զարդարելու շռայլութեամբ, միլիոնաւոր տոլարներ մսխելով տօնածառերու եւ այլ յարդարանքներու համար: Հովիւը փութացած է երիտասարդին մօտ, ու իր խորհուրդներով զայն համոզած, որ հեռանայ փողոցէն, ուղեկցած է իրեն հիւրանոց մը, ուր հետը մնալով օրերով մտիկ ըրած է զայն...:

Որքա՜ն կարեւոր է ունկ դնել մարդուն ներաշխարհին, լսել անոր մտահոգութիւնները, ցաւերը, տառապանքները, մտիկ ընելով բուժել ու դուրս հանել ներքին կուտակները, բարդութիւնները, հանգոյցները քակել մի առ մի. միայն մտիկ ընելով, միայն լսելով արդէն մարդը կը զգայ որ իրմով հետաքրքրուող մը կայ, իրեն մարդու տեղ դնող մը, մարդկութիւն ունեցող մը եւ մա՛նաւանդ մարդը սիրող մը:

Որքա՜ն կարեւոր է ջանալ մարդուն ներսը խաղաղեցնել...:

Հովիւը Հայաստան այցելած էր դարձեալ չքաւորներու օգնութեան իր առաքելութեամբ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019