ԿԵԱՆՔԻԴ ԱՐԺԷՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Երեւանի մէջ բոլորովին վերջերս լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի անդրանիկ գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Կեանքիդ արժէքը»։ Ալեքս Սրկ. Գալայճեան այս իր առաջին գիրքը կոչած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուող իր գրութիւններու սիւնակին անունով։ «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընկայուած է գիրքը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ֆրանսայի մասնաճիւղի աջակցութեամբ։ Հեղինակը առաջին գիրքը ձօնած է իր կողակցին՝ Լիանա Գրիգորեանին։ Գիրքի կողքին օգտագործուած է «Հոգիի դատարկութիւն» արձանին (Զուիցերիա) լուսանկարը, որ տրամադրուած է Լիլիթ Քալանթարեանի կողմէ։

Ալեքս Սրկ. Գալայճեան Հայասատեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն, նախանձախնդիր զաւակներէն մին ըլլալու առընթեր գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ գրական ու գիտական բնագաւառներէ ներս։ Վերջին շրջանին ան սկսած է կանոնաւոր պարբերութեամբ աշխատակցիլ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ իր արտադրանքը արդէն ուշագրաւ դարձած է ընթերցասէր շրջանակներուն տեսակէտէ։ Թերթիս բերած աշխատակցութեան հիման վրայ՝ Ալեքս Սրկ. Գալայճեան եկած է Երեւանի մէջ հրատարակել իր առաջին գիրքը՝ դասական ուղղագրութիւնով, արեւմտահայերէնով։ Ան իր գիրքը կառուցած է երեք հիմնական առանցքի շուրջ։ Յօդուածներուն առաջին մասնը համախմբուած են «Մարդկային արժէքներ» խորագրին ներքեւ։ Բովանդակութեան գերակշիռ մասը այս առանցքին շուրջ միաւորուած է։ Երկրորդ մասին յօդուածները դասուած են «Հաւատք եւ սնապաշտութիւն» անունին տակ։ Իսկ երրորդ մասի գրութիւնները համախմբուած են «Ընտանեկան մը-տորումներ» խորագրին ներքեւ։

Երիտասարդ հեղինակը յառաջաբանին մէջ բացատրած է, որ ժամանակի հոլովոյթին հետ մարդկային կեանքը, վերաբերմունքը, մօտեցումը եւ աշխարհահայեացքը ենթարկուած են որոշ փոփոխութիւններու՝ բովանդակային եւ ձեւական առումով։ Համաշխարհայնացումը լայն բացած է իր դարպասները միօրինականացումներու առջեւ, անոնք ըլլան՝ բարքերու, արժէքներու, կենցաղի, լեզուի, մշակոյթի եւ ընտանիքի պարագային։ Հեղինակի դիտարկումներով հաղորդակցական միջոցներու ուղիներու վրայ մրճահարումը ժամանակ չի թողուր մտածելու եւ ուղղութիւն ճշդելու։ Ի տես այս բոլորին՝ ան համոզուած է, թէ հայ երիտասարդը, դժբախտաբար, այլ ազգերու արժէքներէն, բարքերէն ու սովորութիւններէն բացասական գիծեր ընդօրինակելով ու կապկելով՝ իր մը-տածելակերպը լիովին կերպարանափոխած է, կեանքի արժէքները յոռեշրջած է, հայ ինքնութեան ու հայկական ինքնութեան արժէքներու նկատմամբ կապուածութիւնը թուլացուցած է իր հոգին ու միտքը քրիստոնէական հաւատքով գօտեպնդելու փոխարէն՝ սին խաբկանքներով «ողողած» է, իսկ նորաբողբոջ ընտանիքը պառակտած է իր իսկ ձեռքով։

Հեղինակը վերոյիշեալ հարցերն ու պարագաները համարած է հրատապ եւ անոնց մասին խորհրդածութիւններ ըրած է՝ մանկավարժական, հոգեբանական, փիլիսոփայական եւ քրիստոնէական տեսանկիւններէ։

Յառաջաբանին մէջ Ալեքս Սրկ. Գալայճեան յատկապէս նշած է, որ գիրքի բովանդակած նիւթերը լոյս տեսած են ԺԱՄԱՆԱԿ պատմական օրաթերթին մէջ։ Ան շնորհակալութեան զգացումներուն ածանցած է իր ուրախութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գանձանակին մէջ իր լուման ներդնելու բերումով։

Ալեքս Սրկ. Գալայճեան, որ իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին է, վստահաբար ապագային պիտի ամրապնդէ իր ներկայութիւնը մեր մտաւորական աշխարհէն ներս, իսկ իր ներկայ գիրքը միշտ պիտի ունենայ առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ որպէս իր մտային արտադրանքի առաջին պտուղը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի աշխատակից Ալեքս Սրկ. Գալայճեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017