Ի՞ՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ…

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքները կը շարունակեն բնորոշել համահայկական օրակարգը։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ եղաւ այս ձախողումը եւ ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասէ Հայաստանի… Այս եւ նման հարցադրումները ծաւալուն քննարկումներու դուռ բացած են՝ մինչ Հայաստան կը դիմագրաւէ քաղաքական լուրջ տագնապ մը։ «The Armenian Mirror Spectator» թերթին մէջ 24 նոյեմբերին լոյս տեսաւ ուշագրաւ յօդուած մը, որու հեղինակն է Ժիրայր Լիպարիտեան։ Այս յօդուածը ուշագրաւ դիտարկումներ, խորհրդածութիւններ կը բովանդակէ, սակայն, իր ամբողջին մէջ համազօր կրնայ նկատուիլ վկայութեան մը։ Արդարեւ, հեղինակը՝ Ժիրայր Լիպարիտեան խորաթափանց կը տիրապետէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի էութեան։ Պատմաբան, դիւանագէտ եւ հասարակական գործիչ Ժիրայր Լիպարիտեան Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ շատ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն եղած է նախագահի խորհրդական, արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարար, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան եւ ի վերջոյ 1994-1997 թուականներուն ալ՝ նախագահի աւագ խորհրդական։

Սեպտեմբերի 27-ին սկսած եւ նոյեմբերի 10-ի եռակողմանի յայտարարութիւնով աւարտած Արցախի պատերազմի եւ հայկական կողմի պարտութեան պատճառներուն մասին Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ գրի առնուած ծաւալուն յօդուածը կը կրէ՝ «Ի՞նչ կատարուեցաւ եւ ինչո՞ւ. վեց դրոյթ»։

Ամերիկահայ վերոյիշեալ թերթին մէջ լոյս տեսած անգլերէն բնագրին հիման վրայ այսօր կը ներկայացնենք Ժիրայր Լիպարիտեանի յօդուածի արեւմտահայերէն տարբերակը։

*

Մենք կ՚ապրինք մեր պատմութեան շատ ծանր շրջաններէն մին: Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ նոյեմբեր 10-ը մեր բանակը սաստիկ պատերազմ մղեց եւ վիթխարի հետեւանքներով արտայայտիչ պարտութիւն կրեց։

Մինչ այս մութ փապուղիէն ելք գտնելը, աւելի ճիշդ, մինչ հոնկէ դուրս ելլելու ճանապարհ որոնելը, անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ: Եւ անհրաժեշտ է համակերպիլ եղածին հետ, ընդունիլ զայն: Գործընկերներս իրենց պատասխանները ներկայացուցած են: Այս ալ իմ ներդրումս է այդ քննարկումին մէջ:

1- Հայաստանը, Արցախը եւ հայկական աշխարհը պատմական չափերու կորուստ կրած են:

Մենք պարտուած ենք պատերազմին մէջ, որմէ, որեւէ գնով, պէտք է խուսափէինք: Պատերազմ մը, որը չէինք կրնար յաղթել:

Մեր ժողովուրդէն հատուած մը եւս կորսնցուց իր նախնեաց օճախներն ու հաւաքական կեանքի հնարաւորութիւնը:

Մենք կորսնցուցինք երիտասարդ տղաներու ամբողջ սերունդ մը՝ մեր ամենաթանկ հարստութիւններէն մէկը։

Մենք կորսնցուցինք երկար տարիներու ընթացքին Արցախի տարածքին ներդրած մեր մարդկային ու նիւթական դը-րամագլուխը:

Մեր վարչապետը չհասաւ այն երեք նպատակներուն, զորս իր առջեւ դրած էր Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար.

- Արցախի ղեկավարութիւնը բերել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ,

- Որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերուն՝ Արցախի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն համար,

- Ղարաբաղի անկախութեան ապահովման հնարաւորութեան ստեղծում՝ թէկուզ հեռաւոր ապագային:

Մենք կորսնցուցինք մեր ինքնավստահութիւնը, լաւատեսութիւնը եւ ձեռք ձգած նուաճումներուն մեծ մասը։ Գուցէ մենք նոյնիսկ կորսնցուցած ենք նաեւ ժողովրդավարութեան հանդէպ մեր հաւատքը։ Մենք խոցուած եւ վիրաւոր ժողովուրդ ենք եւ լիովին անպատրաստ ենք ընդունելու ինչ որ եղաւ եւ նաեւ՝ ինչո՞ւ եղաւ:

Մենք կորսնցուցինք մեր անկախութենէն եւ ինքնիշխանութենէն մաս մը եւս։

10 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրը եւ անոր յաջորդած նախագահ Փութինի յայտարարութիւնները յստակացուցին, որ Հայաստանն է, որ կը խօսի Ղարաբաղի անունով. յստակ չէ նոյնիսկ, թէ Հայաստանը որքա՞ն ձայն կ՚ունենայ՝ իրադարձութիւններուն յետագայ ընթացքը որոշելու գործին մէջ։ Հակառակ ատոր, բոլոր շահագրգռուածներուն աչքին Հայաստանն է, որ կ՚երեւի որպէս կողմ, որ պատասխանատու էր եւ այսօր ալ պատասխանատու է Արցախի առընչութեամբ որեւէ հարցի համար:

2- Պարտութենէն յետոյ մենք շուարած ենք եւ շփոթութիւն կը տեսնենք մեր շուրջը:

Մէկ կողմէն հակուած ենք եղածին չհաւատալու, դաւաճանուած ըլլալու վիճակին եւ վստահ չենք, որ արդեօք ի զօրո՞ւ ենք մեր շուրջը թափած կտորները հաւաքել, որ կը թուի թէ փլած աշխարհի մասերն են… Միւս կողմէն մենք իրարու դէմ ցեխարձակումներ կը կատարենք, փոխադարձ մեղադրանքներ, ելոյթներ եւ յայտարարութիւններ կ՚ընենք, որոնց նպատակը մեր իսկ սխալներուն համար մեզմէ դուրս ոեւէ մեղաւոր գտնելն է՝ մեր գործողութիւններուն եւ խօսքերուն արդարացումներով ու բացատրութիւններով. այն արդարացումներով, թէ պատերազմը ինչո՞ւ անխուսափելի էր եւ ինչո՞ւ պարտութիւնը պարտութիւն չէ: Այս ամբողջը կ՚արտայայտուի վրիժառութեան կոչերով:

Արկածախնդիրները, պատեհապաշտները եւ չափէն աւելի հայրենասէրները հանրութեան վրայ կը նետեն այն, ինչ որ իրենք ունին՝ պատերազմի ընթացքին կատարուած ամենապզտիկ սխալէն մինչեւ դաւադրութեան ամենավայրենի տեսութիւնները. վատ դատողութեան, վախկոտութեան ու դասալքութեան մեղադրանքներէն մինչեւ կառափնատի արժանի դաւաճանութիւն։

Ամէն ինչէն առաջ, մենք կասկածներ ունինք, թէ արդեօք կը կեդրոնանա՞նք ամենաէականին վրայ: Մենք այլեւս չենք վստահիր ճիշդ հարցեր բարձրացնելու մեր կարողութեան, թէ ունի՞նք հետեւեալին վերաբերեալ ճիշդ պատասխաններ. ինչպէ՞ս գնահատել այն ճանապարհը, որ մեզ հոս հասցուց եւ ի՞նչ պէտք է ընել ապագային։

3- Մենք տակաւին կը շարունակենք հարցումը՝ ինչո՞ւ հոս հասանք: Ինչպէ՞ս պարտութիւն կորզեցինք յաղթանակին բերնէն: Ի՞նչն էր սխալը։

Ջանքերուն մեծ մասը, որ պիտի պատասխանէ հարցումին, թէ ի՞նչն է մինչ այժմ եղած սխալը, կեդրոնացած է պատերազմի ընթացքին եղած մեր սխալներուն ու հաշուարկներուն եւ մեր դիւանագիտութեան ձախողումներուն վրայ: Շատերը յանցանքը կը վերագրեն վարչապետին անձին:

Այս պատասխանները մեզ յանգեցուցած են այնպիսի լուծումներու, ինչպիսիք են՝

(ա) պահանջել վարչապետին հրաժարականը,

(բ) մերժել նոյեմբեր 10-ի հրադադարի համաձայնագիրը կամ ջանալ զայն փոխելու ճանապարհներ գտնել,

(գ) Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար աւելի յամառ ջանքեր գործադրել,

(դ) շտկել պատերազմը վարելու հետ կապուած սխալները, որ պատրաստ ըլլանք կռուի նոր փուլի եւ այս անգամ ակնկալենք ուրիշ ելք մը՝ նախկին սթաթիւքոն վերականգնելու համար։

Ամենայն հաւանականութեամբ, պատերազմի պատրաստուելու կամ զայն վարելու կերպերը կրնային տարբեր ըլլալ, բայց կասկածելի է, թէ մենք կարո՞ղ էինք մեր այսօրուան ունեցածէն զգալիօրէն տարբեր արդիւնք ստանալ: Փորձագէտները, յանձնախումբերն ու պատմաբանները տակաւին երկար ժամանակ կը վերլուծեն այս ձախողումները եւ, հաւանաբար, համաձայնութեան չեն գար այն հարցին մէջ, թէ ո՞ւր էր սխալը:

Այս պատասխաններէն ոչ մէկը, զատ-զատ կամ միասնաբար, բաւարար չեն մեր ունեցած հիմնարար խնդիրը հասկնալու համար։

4- Մենք պարտուեցանք, քանի որ իրականութեան աչքերուն նայելու տեղ, աւելի քան երկու տասնամեակ, մեր ղեկավարները իրենց դատողութիւնները հիմնեցին գաղափարական, քաղաքական, կուսակցական եւ անձնական նկատառումներու վրայ: Մենք պարտուեցանք, քանի որ հրաժարեցանք տեսնել ուժերու շարժող հաւասարակշռութիւնը եւ ընդունիլ, որ ժամանակը մեր օգտին չ՚աշխատիր: Մենք մեր լաւ զգալը շփոթեցինք ռազմավարական մտածողութեան հետ:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Փաշինեանին, մենք պէտք է նաեւ երկու գործօն նկատի առնենք.

(ա) անոր ազնիւ, բայց հիմնովին անտեղի ու վտանգաւոր այն համոզմունքը, թէ ժողովրդավարական Հայաստանը Ղարաբաղեան հիմնահարցին նկատմամբ պիտի կրնայ ապահովել Հայաստանի դիրքորոշման միջազգային աջակցութիւնը, այն համոզմունքը, թէ «Արեւմուտքը» աւելի շատ հոգ պիտի տանի ժողովրդավարութեան, քան իր շահերուն, թէ նախագահ Ալիեւին դիմելու տեղ ատրպէյճանցի ժողովուրդին դիմելը առաջ պիտի բերէ ուրիշ դիրքորոշում, որ մօտ կ՚ըլլայ հայկական առաւելապաշտական դիրքորոշումին:

(բ) Փաշինեանի կամքին բացակայութիւնը՝ գործելու որպէս պետական գործիչ եւ իբրեւ այդպիսին բանակցելու: Բանակցելու գրաւուած տարածքներու վերադարձի կարգին ու խաղաղ ճանապարհով մեր ժողովուրդին համար իր հողին վրայ ապրելու անվտանգութեան համարժէք երաշխիքներուն ու խաղաղութեան շուրջ:

Արեւմուտքը, Արեւելքը, Հիւսիսն ու Հարաւը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մեզի կ՚ըսէին, որ.

(ա) իրենք պիտի չճանչնան Ղարաբաղի անկախութիւնը,

(բ) Ղարաբաղին յարակից եւ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող եօթը շրջանները կը նկատեն զաւթուած շրջաններ եւ, ինչ ալ որ ըլլան անոնց վրայ մեր ձեռք դնելուն պատճառները, մենք պէտք է վերադարձնենք զանոնք: Այս ամբողջ ընթացքին Ատրպէյճանը մեզի կ՚ըսէր, թէ պատերազմ պիտի մղէ այդ շրջաններուն համար:

Այդքան ատեն անտեսելով անոնց ըսածները, մենք տակաւին խնդրանքով կը դիմէինք Արեւմուտքին, որ օգնէ մեզի՝ պահպանելու այդ եօթը շրջանները եւ ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Այն պարագային, երբ սկսած էինք պարտուիլ պատերազմին մէջ:

5- Մեր հիմնական խնդիրը մեր մտածելակերպին մէջ է։

(«Մեր» ըսելով, այս պարագային, նկատի ունիմ մեր պետութեան ղեկավարներուն եւ այսօր փողոցը հաւաքուած մեր քաղաքական կուսակցութիւններուն մեծ մասը): Մեր խնդիրը այն էր, թէ ինչպէ՛ս կը նայէինք Ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ այն թէ ինչպէ՛ս կը ձեւակերպէինք անոր լուծման առընչուող հարցերը: Մենք սկսանք այն եզրակացութենէն, որ կը համապատասխանէր մեր երազանքներուն, այնուհետեւ հնչեցուցինք միայն այն հարցերը, որոնք կը հաստատէին մեր եզրակացութիւնները եւ չէին վիճարկեր մեր ենթադրութիւններն ու տրամաբանութիւնը։

Մեր խնդիրը մեր քաղաքական մշակոյթն է, որ կ՚ապաւինի երազանքներուն, ոչ թէ անհերքելի փաստերուն: Մեր խնդիրը այն ձեւն է, որով մենք ռազմավարութիւն կը մշակենք, այն ձեւը, որով դիւրութեամբ մէկ կողմ կը դնենք արտաքին աշխարհին եւ մեր հակառակորդներուն ըսածն ու ըրածը, եթէ անոնք խաթարեն մեր նախապաշարումներն ու նախասահմանուած համոզումները։ Մենք քաղաքական ռազմավարութիւնը կը յարմարեցնենք մեր ցանկութիւններուն, կը յարմարեցնենք այն բանով, ինչով մեզի լաւ կը զգանք եւ ոչ թէ նկատի կ՚առնենք այն պարզ փաստերը, որոնք բոլորը միասին կը կազմեն մեզ շրջապատող իրականութիւնը: Խնդիրը այն է, որ կ՚արտօնենք, որ մեր դատողութիւնը մեր պատրանքներով մթագնէ խնդիրներուն ամենաբարձր, վսեմագոյն եւ կատարեալ լուծումները: Մեր խնդիրը այն է, որ մենք յամառօրէն կը գերագնահատենք մեր կարողութիւնները այնպէս, որ նոյնիսկ հարցականի տակ չենք դներ մեր ռազմավարութիւնը, որպէսզի չխաթարենք մեր երազանքները: Մենք կը կարծէինք, թէ՝ «ոչ մէկ թիզ հողի» մեր ռազմավարութիւնը ճիշդ էր, քանի որ մեր դատը արդար էր: Մենք կը հաւատայինք, թէ կարող ենք մեզի ենթարկել թշնամիին եւ միջազգային հանրութեան կամքը ու ստիպել անոնց մտածել ու զգալ մեզի պէս:

Մենք կը կարծէինք, թէ մեր երազները այնքան վեհ են, որ զանոնք սոսկ քաղաքական ծրագրի վերածելն ու անոնց մասին աշխարհին յայտնելը կարող էին փոխարինել ռազմավարական մտածողութեան։ Մենք չէինք ուզեր խաթարել հայրենասէր զգալու մեր հանգստաւէտութիւնը:

Քանի որ հակառակորդը չէր ուզեր մեզի տալ այն, ինչին մասին կ՚երազէինք, մենք որոշեցինք, որ հակառակորդը ճկուն չէ, պատրաստ չէ բանակցելու: Այսպիսով մենք յայտարարեցինք, թէ պատերազմէն խուսափիլը անկարելի է, որ ատիկա իրավիճակով պայմանաւորուած ընդունելի տարբերակ է եւ մեր յանցանքը չէ: Աւարտին այս տրամաբանութիւնը հասաւ իր անխուսափելի եզրայանգումին՝ պատերազմը փափաքելի է. մենք պիտի կռուինք եւ անշուշտ պիտի յաղթենք ու պիտի պարտադրենք թշնամիին՝ ընդունիլ մեր տրամաբանութիւնը, մեր պայմանները, մեր լուծումը: Ուժերու հաւասարակշռութեան որեւէ իրատեսական գնահատում թող անիծուած ըլլայ, աւելի լաւ է բախտը փորձել պատերազմի, ոչ թէ խաղաղութեան մէջ:

Մենք կը պնդէինք, թէ խաղաղութեան ընտրութիւնը պարտուողներուն լուծումն է. կարիք չկար ներդնել այն ամէնը, ինչ որ ունէինք բանակցութիւններէն, կարիք չկար զոհաբերել մեր երազներուն մաքրութիւնը։

Մենք նոյնիսկ մեր մտքին մէջ ունէինք անհրաժեշտ տեղ մը, ուր կը տեղաւորէինք երիտասարդ կեանքերու անխուսափելի կորուստը։ Վերջ ի վերջոյ, մեր պատմութիւնը լեցուն է չէ՞ հերոսներով ու նահատակներով, մա՛նաւանդ նահատակներով: Մենք օրհնուած ենք Վարդանանց ճակատամարտի յիշատակով, այնպէս չէ՞. ատիկա ճակատամարտ մըն էր, որուն ժամանակ հազարէ աւելի զինուորներ զոհուեցան եւ դարձան նահատակներ: Արդեօք մեր պատմութիւնն ու եկեղեցին չե՞ն, որ մեզի ըսին, թէ ընդունելի է, երբ կը զոհուին երիտասարդ տղաները, նոյնիսկ եթէ հազարաւորներու ինքնազոհողութիւնը պայման չէ, որ յաղթանակ բերէ:

Խաղաղութիւնը լաւագոյն պարագային կը սեպուէր ընտրութիւն մը, զոր անհրաժեշտ չէր աւելի բարձր գնահատել, քան պատերազմը. կարելի էր զայն ընդունիլ կամ մերժել: Մեր ճարտասանութիւնը կը համապատասխանէր այդ ամբարտաւանութեան եւ, կրնամ աւելցնել, վտանգաւո՛ր կերպով անխոհեմ դատողութեան:

Երկու լուծումները՝ բանակցութիւններո՞ւ, թէ՞ պատերազմի միջոցաւ, վտանգաւոր էին: Իւրաքանչիւրը ունէր իր վտանգները, բայց ձախողած խաղաղութեամբ, վատագոյն պարագային, մենք կը յայտնուէինք հոն, ուր հիմա յայտնուած ենք, կարելի էր նոյնիսկ աւելի լաւ վիճակով. իսկ պատերազմով, նոյեմբեր 10-ին կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը լաւագոյնն էր, որ կրնայինք յուսալ:

6- Ինչ որ այսօր ռազմավարական մտածողութեան վաճառանոցին մէջ ունինք, կառավարութեան եւ իշխանութեան փոխարինող ձգտող ընդդիմութեան առընչութեամբ, չափազանց մտահոգիչ է ու վտանգաւոր:

Մենք կը տեսնենք իրական հարցերուն եւ բացայայտ պարզ պատասխաններուն երես երեսի նայելու մերժման շարունակութիւնը եւ կը կրկնենք միեւնոյն կարգախօսները, կը կառչինք միեւնոյն պատրանքներուն: Մենք կ՚առաջարկենք սխալ բուժում՝ սխալ ախտորոշման համար:

Նոյն ձախողած եւ ծախսատար ռազմավարութեան շարունակութեան վրայ կեցած մնալով, կառավարութիւնը կը ջանայ մեզ, գուցէ նաեւ ինքզինք, համոզել, որ այն ձեւը, ինչպէս ան կը մտածէր հարցին մասին, միակ ձեւն էր եւ ինչ որ ըրած է, միակ բանն էր, որ կարելի էր ընել: Վարչապետը խոստովանեցաւ աննշան սխալներ, որոնք կը քօղարկեն իր մտածողութեան եւ ռազմավարութեան իրական ձախողումները:

Անոր դէմ փողոց ելած կուսակցութիւնները չեն ըրած նոյնիսկ այն, ինչ որ ըրաւ Փաշինեանը: Անոնք տակաւին պէտք է գիտակցին, որ իրենք նոյնպէս փոքր կամ մեծ սխալ գործած են: Այդ ընդդիմութիւնը կազմուած է կուսակցութիւններէ, որոնք եղած են արատաւոր ռազմավարութեան եւ խնդրայարոյց մտածողութեան ողնաշարը: Խումբ մը, որ երբեք հարց չէ բարձրացուցած այն ճանապարհին մասին, որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէր պատերազմի, ընդդիմութիւն մը, որ կը ծափահարէր, երբ Փաշինեանը մերժեց Լաւրովի առաջարկած փոխզիջումային տարբերակը, որ առաջարկած է մինչեւ պատերազմը եւ անոր սկսելէն քանի մը օր անց ալ: Տարբերակ մը, որ կարող էր մեզի աւելի լաւ վիճակի մէջ ձգել, քան հիմա ենք եւ, այդ պարագային, չէինք ունենար այս կորուստները: Մենք պէտք է հարց բարձրացնենք. թէ ի՞նչ հարցեր կը լուծէին այս մարդիկը:

Ոմանք նոյնիսկ կ՚առաջարկեն չեղեալ համարել հրադադարի յայտարարութիւնը, ստորագրող միւս կողմերուն ստիպել փոխել զայն կամ նոյնիսկ վերադառնալ պատերազմի՝ վրէժ լուծելու համար: Միթէ՞ անհրաժեշտ էր, որ նախագահ Փութինը զգուշացնէր, որ որեւէ նման քայլ հաւասարազօր է ինքնասպանութեան:

Այս պատմական կորուստին մեզի հասցուցած մտածողութեան շարունակման հաւանական հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ պատերազմը կրնայ վերսկսիլ, որուն հետեւանքով մենք կարող ենք կորսնցնել ինչ որ մնացած է:

Հիմա է ժամանակը փոխելու ոչ վաղ անցեալի մասին մեր տեսակէտը, եթէ փափաք ունինք ապագայի համար ծրագիր մշակել, ծրագիր մը, որ կը դիմանայ ժամանակի եւ առողջ բանականութեան փորձութիւններուն:

Նոյեմբերի 24, 2020

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020