ԻՏԱԼԻԱՅԷՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾԵՐ

Հայաստանի մէջ տօնական արձակուրդի շրջանին փակ էին պետական, կառավարական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները, ուսումնական կեդրոնները, բայց թանգարանները սկսած էին աշխատիլ յունուարի 3-ին եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նոյնպէս Նոր տարուան առաջին օրերուն բացած էր իր դռները: Մշտական ցուցադրութիւններէն զատ հոս կը գործեն ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, որոնցմէ շատեր իրապէս եզակի են: Բացառիկ այդ ցուցահանդէսներէն է իտալական բարձր արուեստը ներկայացնող «Պերնինիի դպրոց. Հռոմէական պարոք» ցուցահանդէսը, որ դեկտեմբեր ամսուն բացուած է եւ մինչեւ փետրուարի 18-ը կը շարունակէ այցելուներ ընդունիլ: Այս ցուցահանդէսը իր բացառիկութեամբ կը նմանցնեն ոչ վաղ անցեալին պատկերասրահին մէջ բացուած Այվազովսքիի ցուցահանդէսին, որ ցուցանիշային թիւով այցելուներ ունեցաւ: Պատկերասրահի այն ցուցասրահը, ուր Իտալիայէն բերուած հազուագիւտ նմոյշներ կը ցուցադրուին, նոյնպէս լեցուն է այցելուներով: Իրապէս անկրկնելի առիթ է Երեւանի մէջ ընդամէնը 1500 դրամ մուտքի տոմսով վայելել արուեստի բարձրարժէք գործեր, որոնք պարոք արուեստի՝ աշխարհի լաւագոյն պալատ-թանգարանէն բեր-ւած են Հայաստանի մայրաքաղաքը:

Այս ցուցահանդէսը Հայաստանի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի համագործակցութեամբ կազմակերպուած է: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնութիւնը յայտարարած է, որ ի պատասխան, մեր գեղարուեստի արժէքները նոյնպէս կը ցուցադրուին Իտալիոյ մէջ: Մշակոյթի նախարարութիւնը արդէն խօսած է այն մասին, թէ պայմանաւորուածութիւն կայ Հռոմի նշանաւոր «Վիլլա Պորկէզ»ի պարտզէին մէջ տեղադրել հայ գրող Յովհաննէս Թումանեանի արձանը: Պատմական այս պարտզէին մէջ կը գտնուի Պորկէզ պատկերասրահը: Հայկական կողմը ջանքեր կը գործադրէ, որ հայ մեծ գրողին տեղադրուելիք քանդակը ըլլայ արուեստի բարձրարժէք գործ մը, քանի որ պիտի զետեղուի աշխարհի լաւագոյն քանդակներու այգիին մէջ: Այդ արձանը շինելու համար մրցոյթ մը պիտի յայտարարուի եւ ընտրուի լաւագոյն գործը:

Այս մշակութային նախաձեռնութիւններուն հեղինակները՝ իտալական եւ հայկական կողմերը վստահ են, որ հայերուն եւ իտալիացիներուն կապող շատ բան կայ, բայց հիմնականը քրիստոնէութիւնն է, որ կը միաւորէ երկու ազգերը: Համաշխարհային արուեստին մէջ նշանաւոր են իտալացի մեծ նկարիչներուն գործերը՝ քրիստոնէութեան փիլիսոփայութեան եւ գաղափարներուն մասին եւ հայերը, պետականօրէն քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած ազգ ըլլալով, հայ արուեստի ու գրականութեան մէջ նոյնպէս հռչակած են քրիստոնէութեան նիւթը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքօ անձամբ ջանքեր գործադրած է, որպէսզի իրականութիւն դառնայ «Պերնինիի դպրոց. Հռոմէական պարոք» բացառիկ ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է ամփոփելու համար անցնող տարին, որ յատուկ դարձած էր Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն, քանի որ անցեալ տարուան ընթացքին պետական այցով Հայաստան եկած էր Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը դստեր հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տիկնոջ հետ այցելած էր Իտալիա:

Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի եւ անոր դստեր՝ Լաուրա Մաթարելլայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի ներկայութեամբ, անցեալ յուլիս ամսուն, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման հայ-իտալական տարածքաշրջանային կեդրոնը: Այդ կեդրոնը նպատակ ունի իրականացնել մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման ուղղուած զանազան, այդ կարգին՝ տարածքաշրջանային ծրագիրներ: Կեդրոնի հիմնումէն հինգ ամիս ետք պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որուն շրջանակներէն ներս Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ բերուած են իտալացի աշխարհահռչակ քանդակագործ, ճարտարապետ եւ նկարիչ Լորենցօ Պերնինիի եւ Արիչա քաղաքի «Փալացցօ Չիկի» թանգարանին մէջ պահուող հաւաքածոյէն իտալացի ուրիշ վարպետներու 55 բարձր արուեստի նմոյշներ՝ փորագրութիւններ, ուրագիրներ, գեղազարդային արուեստի նմոյշներ, ինչպէս նաեւ 40 գեղանկար։

Ցուցահանդէսին առթիւ Հայաստան ժամանած էր Արիչա քաղաքի Չիկի պալատի տնօրէն, արուեստի պատմութեան տոքթոր Ֆրանչեսքօ Փեթրուչի, որ Ազգային պատկերասրահին մէջ բաց դասախօսութիւն ունեցած էր պարոք արուեստի եւ մասնաւորապէս Լորենցօ Պերնինիի մասին:

1598-1680 թուականներուն ապրած եւ գործած իտալացի հռչակաւոր այս արուես-տագէտին գործերը փառաբանուած են ոչ միայն Իտալիոյ մէջ, այլեւ՝ ողջ աշխարհի տարածքին: Իր ողջ կեանքին ընթացքին Պերնինի աշխատած է Հռոմի ութ պապերուն համար եւ այդ ընթացքին երբեք չէ լքած Հռոմը՝ բացառութեամբ այն դէպքին, երբ Լութովիկոս 14-րդ Արեւ արքան զայն հրաւիրած է Փարիզ՝ Լուվրի վերակառուցման նախագիծը մշակելու: Ան կերտած է արքաներու դիմանկարներ, ինչպէս՝ Անգլիոյ Չարլզ Ա. եւ Ֆրանսայի Լութովիոս 14-րդ արքաներու, եւրոպական բազմաթիւ իշխաններու դիմանկարները: Ծնած ըլլալով Նափոլիի մէջ, Պերնինի ուսումը ստացած է իր հօր՝ Փիեթրօ Պերնինիի արուեստանոցին մէջ: 1606 թուականին հայր եւ որդի փոխադրուած են Հռոմ՝ Փաուլ 5-րդ Պապին համար Փաոլինայի տաճարը կառուցելու: Պերնինիի նշանաւոր աջակիցներէն եղած է Հռոմի Ուրպանոս 8-րդ Պապը, որ մեծապէս նպաստած է նաեւ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ս. Պետրոսի շիրիմին վրայ կաթողիկոսական գահաւորակի կառուցման։ Պերնինի զայն կառուցած է Պորոմինիի օգնութեամբ՝ միացնելով Պանթէոնի պրոնզապատ սիւնասրահին:

Պերնինիի ճարտարապետական աշխատանքները ակնառու են քանդակի ու ճարտարապետութեան միաձուլմամբ, որոնց լաւագոյն օրինակներն են «Սուրբ Թերեզայի զմայլանքը», «Պետրոսի տաճարը»: Պերնինի 1629 թուականի աւարտին հասցուցած է Պարպերինի պալատին կառուցումը, ստեղծած է Ս. Պետրոս հրապարակին սիւնաշարը, Չորս գետերու շատրուանը՝ Նավոնա հրապարակին վրայ եւ այլն: Չկայ մէկը, որ Հռոմ այցելելով, չզմայլի անոր կերտած գործերով, որոնց մէջ ան փիլիսոփայութիւն մը դրած է: Օրինակ, Չորս գետերու շատրուանը (Fontana dei Quattro Fiumi) կը խորհրդանշէ տիեզերքը՝ 4 մայրցամաքներով (17-րդ դարուն մայրցամաքները չորս կը նկատուէին), իսկ վերի մասը՝ գագաթը, պապին խորհրդանիշն է:

Այսօրուան Հռոմի բոլոր զբօսաշրջային պատմական վայրերուն վրայ նկատելի է Պերնինիի դրոշմը: Հռոմի Ալեքսանտր 7-րդ Պապը Չիկի ընտանիքէն էր, ան անձամբ խնդրած է Պերնինիէն՝ Հռոմի դիմագծին հաղորդել պարոք ոճը: Պերնինիի ձեւաւորումով նախագծուած է նաեւ Հռոմի Պապին ամառնային նստավայրը՝ Քասթէլ Կան-տոլֆոյի մէջ, որ մինչեւ այօրս գոյութիւն ունի:

Տքթ. Փեթրուչի իր դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուց հռոմէական պարոքը՝ ակունքներէն սկսեալ, հատ-հատ վերլուծելով պարոքի ամենաականաւոր ներկայացուցիչ Պերնինիի ստեղծագործութիւններու փիլիսոփայութիւնն ու կառուց-ւածքը: Ժամանակին Պերնինին համեմատած են Միքելանճելոյին, եւ Պերնինին ինքն ալ ինքզինք այդպէս պատկերացուցած եւ երազած է ըլլալ 17-րդ դարու Միքելանճելոն:

Պերնինի երկար ապրած է. անոր օրով Հռոմը արուեստի մեծ բեմի մը վերածուած էր, որ ան զարդարած է ողջ կեանքին ընթացքին՝ իր հանճարով կերտելով ար-ւեստներու քաղաք Հռոմին դիմագիծը: Պատահական չէ նաեւ, որ պարոքի փառքի ժամանակաշրջանին է, որ Հռոմը գայթակղած է ժամանակի նշանաւոր արուեստագէտները, որոնք երազած են ապրիլ եւ ստեղծագործել Հռոմի մէջ:

Դասախօսութիւնը մեծ տպաւորութիւն թողուց մանաւանդ արուեստաբաններուն, արուեստ ուսանող երիտասարդներուն վրայ, որոնք զարմացան՝ մօտէն տեսնելով դարերու ընթացքին հրաշալիօրէն պահպանուած նշանաւոր պարոք արուեստի գործերը:

Այս նախագիծի իրականացման աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Եւրոմիութիւնը, զայն նկատելով եւրոպական մշակութային ժառանգութեան տարուան ամփոփումը: Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը 2018 թուականը յայտարարած էր Մշակութային ժառանգութեան եւրոպական տարի եւ տարին փակելով պարոք արուեստի ցուցահանդէսով, Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար-դեսպանը զայն բնորոշեց իբրեւ մարգարիտ, նկատի ունենալով նաեւ, որ «պարոք» փորթուգալերէն կը նշանակէ մարգարիտ:

Եւրոպայի մէջ, սովորաբար, տեղի կ՚ունենային հրացանային արշաւներ, Իտալիան այդ արշաւները կազմակերպեց արուեստի եւ մշակոյթի միջոցով. այսպիսի միտք մը արտայայտեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպանը: Պարոքը նախ տարածուած է Արեւմտեան, յետոյ՝ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, իսկ աւելի վերջ մուտք գործած է նոյնիսկ Հիւսիսային Եւրոպայի ամենացուրտ անկիւնները:

Ճարտարապետութեան, կերպարուեստի եւ գեղազարդ արուեստի մէջ 16-րդ դարու կէսէն մինչեւ 18-րդ դարու կէսը պարոք ոճն է, որ իշխած է Եւրոպայի մէջ: Սերտ կապուած ըլլալով միապետութեան, ազնուականութեան եւ եկեղեցւոյ՝ պարոք ար-ւեստը կոչուած էր փառաբանելու, քարոզելու անոնց հզօրութիւնը։ Ան նաեւ արտացոլած է աշխարհի անսահմանութիւնը, բազմազանութիւնը, միասնականութիւնը, ողբերգականութեան հասնող բարդութիւնը եւ յաւերժ փոփոխականութեան նոր պատկերացումները, հետաքրքրութիւնը միջավայրի, մարդու շրջապատի եւ բնութեան տարերքի նկատմամբ։ Պարոք արուեստին բնորոշ են վիթխարիութիւնը, ճոխութիւնն ու շարժուն ոգեւորութիւնը, զգացումի լարուածութիւնը, տպաւորիչ տեսարաններու, պատրանքայինի եւ իրականի համատեղման հակումը, ծաւալներու եւ կշռոյթի, նիւթերու եւ կառուցուածքի, լոյսի եւ ստուերի ուժեղ հակադրութիւնները: Բոլոր այս բնորոշումները լաւագոյն կերպով երեւելի են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսի ցուցանմոյշներուն մէջ:

Լորենցօ Պերնինիի գործերէն զատ Երեւանի մէջ ներկայացուած են նաեւ Սալվատոր Ռոզայի, Քարլօ Մարաթայի, Տոմենիքօ Ֆեթթիի, Եաքոպ Ֆերտինանտ Վոյի, Փիեթրօ տա Կորտոնայի, Ճիովաննի Պաթիսթա Սալվիի, Փիէռ Ֆրանչեսքօ Մոլայի քանդակներն ու կտաւները:

Այցելուները տեղեկացան նաեւ, որ իտալական Արիչի քաղաքի Չիկի պալատը, ուր կը պահուին արուեստի այս գլուխգործոցները, իտալական պատմական Չիկի տոհմի կառուցած եւ նոյնութեամբ պահպանուած պատմական վայր մըն է, որ ամբողջ տարին այցելուներով լեցուն է: Չիկի ընտանիքը նմանապէս սեփականատէրը եղած է Հռոմի մէջ գտնուող այն շէնքին, որ այսօր Իտալիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական նստավայրն է:

Ինչպէս Արիչա քաղաքին մէջ գտնուող պալատին, նոյնպէս Հռոմի կառավարական պալատին մէջ կան արուեստի, գրականութեան, տպագրութեան եզակի նմոյշներ, որոնք իտալական արուեստի, գրչութեան փառաւոր ընթացքը կը բնորոշեն: Հայաստանեան ցուցահանդէսին նաեւ Չիկի ազնուական ընտանիքին զինանշանով կաշիէ եւ մետաքսէ պաստառներ ներկայացուած են, ինչպէս նաեւ՝ Չիկի պալատին տիրոջ՝ կարտինալ Ֆլաւիօ Չիկիի դիմանկարը, որ յետագային Հռոմի պապ դարձած է:

Արիչա քաղաքի Չիկի պալատը, փաստօրէն, Իտալիոյ առաջին եւ միակ պարոք արուեստի գործերու թանգարանն է: Պարոք արուեստի գլուխ գործոցներ կան սփռուած Իտալիոյ զանազան թանգարաններուն մէջ եւս, բայց միակն է Արիչայի Չիկի պալատը, ուր միայն պարոքի շունչը կը տիրէ: Պալատը 1988 թուականին վաճառուած է Արիչայի համայնքապետարանին։ Հանրութեան առջեւ բացուած է 1999 թուականին։ Պատմական նստավայրի հիմնական տեսքը էապէս պահպանուած է եւ անոր արժէքներէն մէկն է:

Այնտեղէն Հայաստան բերուած գլուխ գործոցները Հայաստանէն առաջ Պուլկարիոյ եւ Վրաստանի մէջ ալ ցուցադրուած են: Ցուցանմոյշներուն հետ Հայաստան բերուած էին նաեւ Չիկի ընտանիքին պատկանող 17-րդ դարու երկու գիրք, որոնք Պերնինիի հարուստ կեանքը կը նկարագրեն: Ցուցադրուած են նաեւ ոսկեայ եւ արծաթեայ մետայլներ, որոնք Պերնինին ձեւաւորած է:

Այսպիսի քանակութեամբ եւ նմանատիպ պատմական արժէքով արուեստի գործեր Հայաստանի մէջ, մինչեւ օրս, չեն ցուցադրուած: Ասիկա իտալական արուեստի հետ առընչուելու բացառիկ առիթ մըն է: Փետրուարի 18-էն ետք 17-18-րդ դարերու այս գլուխ գործոցները կրկին կը վերադառնան իրենց պատմական հանգրուան՝ Չիկի ընտանիքի մեծ ներդրմամբ ստեղծուած Արիչա քաղաքին պալատը:

Տքթ. Ֆրանչեսքօ Փեթրուչի

Հայաստանցիները ցուցահանդէսի ծիրէն ներս հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու նաեւ բացառիկ անձնաւորութեան մը, որ Արիչայի Չիկի պալատի տնօրէնն է: Ան՝ արուեստի պատմութեան տնօրէն Տքթ. Ֆրանչեսքօ Փեթրուչին, մեծ տպաւորութիւն ձգեց Պատկերասրահին մէջ ունեցած իր բաց դասախօսութեամբ, որ խորագրած էր «Պերնինի՝ պարոք արուեստի բազմաշնորհ հանճար»:

Արիչա քաղաքի Չիկի պալատին մէջ Ֆրանչեսքօ Փեթրուչին մեծ ներդրում ունեցած է: Իբրեւ ճարտարապետ եւ արուեստաբան աւարտած է Հռոմի «Լա Սապիէնզա» համալսարանը եւ մասնագիտացած է յուշարձաններու վերականգնման գործին մէջ: Եղած է Արիչա քաղաքի քաղաքաշինութեան եւ հանրային գործերու վարչութեան տնօրէնը, զբաղած է զանազան հետազօտական նախագիծերով, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին 17-18-րդ դարերու գեղանկարչութեան, ճարտարապետութեան եւ գեղազարդ արուեստին: Փեթրուչի նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու հեղինակ է, որոնք կը ներկայացնեն Պերնինիի, Պաքիճիոյի, Փիէռ Ֆրանչեսքօ Մոլայի, Ֆերտինանտ Վոյի եւ առհասարակ, 17-18-րդ դարերու հռոմէական պարոք դպրոցի արուեստը:

Արուեստի պատմութեան տոքթոր Փեթրուչին տեղական «Հռոմէական ամրոցներ» պատմական ամսագրի տնօրէնն է, նաեւ մշակոյթի նախարարութեան պատուաւոր տեսուչ, նոյնիսկ երաժշտական միութեան նախագահ:

Ան ներկաներուն պատմեց, որ ցուցահանդէսի գլխաւոր արուեստագէտը՝ Պերնինի, առաջին անգամ Հռոմի պապի դիմապատկեր ստեղծած է, երբ ընդամէնը 21 տարեկան էր: Ատիկա եղած է Պօղոս 5-րդի կիսանդրին: Պերնինի քանդակի միջոցով արտայայտած է Պօղոս 5-րդի խառնուածքը՝ քանդակի մէջ ցոյց տալով անոր հանգիստ, խոհուն ըլլալը: Այս քանդակը երկար ժամանակ կը նկատուէր կորսուած։ Եւ ահաւասիկ, Տքթ. Փեթրուչին, երկար պրպտումներէ ետք կրցած է Սլովաքիոյ մէջ գտնել այդ քանդակը: Յատկանշական է այն հանգամանքը, որ Պերնինիի վերջին դիմաքանդակը նոյնպէս յայտնաբերուած է Փեթրուչիի կողմէ: Ան, կրկին երկար փնտռելէ յետոյ Հռոմի մօտակայքը գտնուող վանքի մը մէջ յայտնաբերած է իտալացի մեծ արուեստագէտ Պերնինիի կատարած վերջին քանդակը:

Մեծ եղած է Պերնինիի արուեստի ազդեցութիւնը՝ իր ժամանակակիցներու եւ առհասարակ՝ համաշխարհային արուեստի բազմաթիւ մեծերու վրայ:

Փեթրուչի Երեւանի մէջ իր դասախօսութեան աւարտին նշեց, թէ տեսնելով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը, անմիջապէս այնպիսի տպաւորութիւն ունեցած է, որ Թամանեանը զայն նախագծելու միջոցին Պերնինին ունեցած է իր միտքին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019