ՀԱՅԵՐԷՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԹՂԹԵԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐԸ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, կը ներկայացուի հայերէն հնագոյն թղթեայ ձեռագիրը, ինչ որ մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակից Անուշ Թրուանցի թղթակցութիւնը՝ այս կարեւոր ցուցահանդէսին վերաբերեալ։

*

Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ, մարտ 6-ին, հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ հայերէն հնագոյն թղթեայ ձեռագրին եւ անոր վերականգնումին նուիրուած ցուցահանդէսը: Մատենադարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը, ուր ընդամէնը մէկ ձեռագիր ներկայացուեցաւ: Այդ մէկը բացառիկ ձեռագիր մըն է, որ իր ուրոյն տեղը ունի հայ ժողովուրդի ձեռագրական մշակոյթին բազմահազար արժէքաւոր յուշարձաններուն մէջ եւ իր բացառիկ կարեւորութեամբ եւ նշանակութեամբ կը վկայէ հայ ձեռագրական արուեստին կարեւոր մէկ դրուագին մասին:

981-ին ստեղծուած եւ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն ներս պահուող այս ձեռագիրը նաեւ աշխարհի հնագոյններէն մէկն է:

Ձեռագրին գրանիւթը թուղթն է, որ այն ժամանակ կոչուած է «աղքատ քարտէս», նկատի ունենալով, որ աւելի պակաս արժէք ունի, քան մագաղաթը՝ կաշիով պատրաստուած գրանիւթը: Մինչեւ 8-9-րդ դարերը հայերը, իբրեւ գրանիւթ, գործածած են մագաղաթը, այնուհետեւ՝ թուղթի գիւտէն ետք, թուղթը աստիճանաբար տիրապետող դարձած է:

Հին Հայաստանի մէջ, անշուշտ, ուրիշ գրանիւթեր ալ կային. ինչպէս՝ վիմագրերուն համար քարը կամ պապիրուսն ու կաւը, բայց անոնք նոյն տարածումը չունէին, ինչ որ ունեցած է մագաղաթը եւ յետագային՝ թուղթը:

Ինչպէս մագաղաթին վրայ գրուած բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ իրենց փառաւոր տեղը ունին հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ, այնպէս ալ թուղթին վրայ ստեղծուած արժէքները փայփայելի ու մնայուն են: Աշխարհի մէջ թուղթի գիւտը ի յայտ գալէն ետք շուտով տարածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, նախ՝ ձեռագիրի, ապա, տպագրական գիւտէն ետք, թուղթը ծառայած է տպագրութեան համար: Իբրեւ գրանիւթ թուղթը դուրսէն ներմուծուած է, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնականօրէն Թաւրիզէն եւ Դամասկոսէն, ապա նաեւ եւրոպական երկիրներէն:

Թուղթին վրայ գրուած ամենահին հայկական ձեռագիրը, որ առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուեցաւ, վերականգնումի երկար ճանապարհ մը անցած է եւ ինչպէս նշեցին զայն վերականգնողները, իրաւամբ երկրորդ կեանք ստացած է:

Անոր գիրը հայկական գրատեսակներէն բոլորգիրն է: Հետաքրքրական է, որ այդ ժամանակ, երբ սկսած է բոլորգիրը գործածուիլ, զայն կոչած են «անհեթեթ գիր», այսինքն Սուրբ Գիրքերու գրատեսակին՝ երկաթագիրին համեմատ աւելի առօրէական գրատեսակ էր, սակայն յետոյ բոլորգիրը լայն տարածում գտած եւ մտած է տպագրական արուեստ եւ 16-րդ դարէն եղած է հայ տպագրութեան հիմնական գրատեսակը: Բոլորգիրը ունի երկու հիմնական տառատեսակ՝ կիլիկեան եւ արեւելեան, անոնց երկուքին մէջ ալ առկայ է մեծատառի ու փոքրատառի զանազանութիւնը:

Անդրադառնալով բոլորգիրով գրուած հնագոյն հայկական ձեռագրին, մասնագէտները ցուցահանդէսի բացումին նշեցին, որ թղթեայ ձեռագիր այս մատեանը նաեւ մեզի հասած աշխարհիկ բովանդակութեամբ առաջին ձեռագիր ժողովածոն է, որ իր մէջ հսկայական քանակութեամբ գիտական նիւթ կ՚ամփոփէ եւ այդ նիւթերուն մեծ մասին կը հանդիպինք միայն այս մատեանին մէջ, ուր նաեւ կը հանդիպինք հեղինակներու, որոնց անունները ուրիշ տեղ չկան:

Մէկ կողքի մէջ առնուած այս ձեռագրին միացած են երկու ինքնուրոյն ժողովածոներ կամ մատենագրական երկեր, որոնց կազմողը Դաւիթ Քահանան է, իսկ գրիչը՝ անոր որդին՝ Ղուկասը: Հին ժամանակ գրիչները անպայման յատուկ պատրաստութիւն կ՚անցընէին, անոնք պէտք է լաւ տիրապետէին գրատեսակներուն եւ մատիտի տեսակներուն, անոնց գրչածայրերուն, մելանին եւ այլ գաղտնիքներու:

Մատենադարանին մէջ ցուցադրուած ձեռագիրը ունի 19.5x28.5 սմ. մեծութիւն, 361 թերթ, որ նորոգուած, լրացուած եւ կազմուած է քանի մը անգամ. այժմեան կազմը 1585 թուականին նորոգուած եւ կազմուածն է:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Անդրադառնալով մատեանի բովանդակութեան, Մատենադարանի աշխատակիցները նշեցին անոր հարուստ բովանդակութիւնը: Առաջին մասին մէջ առաւելապէս կան գիտական ու պատմական նիւթեր, երկրորդին մէջ՝ պատմական եւ դաւանաբանական: Ի սկզբանէ մօտաւորապէս 450, ներկայիս 360 թերթերէ կազմուած այս ձեռագիրը կը ներկայացնէ անթիք շրջանէն եկող հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն դաւանաբանական, աստուածաբանական, տոմարագիտական, տիեզերաբանական, աշխարհագրական, փիլիսոփայական, նոյնիսկ գեղարուեստական կարեւորագոյն հատուածներ, անջատ երկեր եւ հանելուկներ: Ուշագրաւ է, որ ձեռագրին մէջ տեղ գտած են հինէն մինչեւ միջնադարեան հեղինակներու գործեր. ինչպէս՝ Արիստոտել, Փիլոն Ալեքսանդրացի, Կիւրեղ Ալեքսանդրացի, Աթենաս Ալեքսանդրացի, Եւսեբիոս Կեսարացի, Գրիգոր Նազիանզացի, Ապողինար Լաոդիկեցի, Գրիգոր Նիւսացի, Եպիփան Կիպրացի, Յովհան Ոսկեբերան, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Յովհաննէս Ա. Մանդակունի, Աթանաս Տարօնացի, Դաւիթ Հարքացի, Պետրոս Սիւնեցի, Վրթանէս Քերթող, Անանիա Շիրակացի, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի, Ստեփանոս Սիւնեցի եւ ուրիշ հեղինակներու երկերէն հատուածներ: Իր հնութեամբ ձեռագիրը կը նկատուի աշխարհի չորրորդ թուղթէ մատեանը, իսկ բովանդակութեան կարեւորութեամբ, իբրեւ գիտական նիւթերու ժողովածոյ, առաջիններէն նկատուած է:

Մասնագէտները նշեցին, որ անոր մէջ կան հատուածներ Անանիա Շիրակացիի աշխատութիւններէն, որոնք ուրիշ ոչ մէկ տեղ կան. կան հատուածներ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»ի չորրորդ գիրքէն, որոնք նոյնպէս ուրիշ տեղ չկան: Առհասարակ, այս շրջանին նման զանազան նիւթեր պարունակող ժողովածոյ չէր ստեղծուած, այդ դարաշրջանի ժողովածոները հիմնականը այլ բնոյթ ունէին, բայց ահաւասիկ, Դաւիթ Քահանայ մատենագիրը, կազմած է այս ինքնատիպ գիրքը եւ իր ու որդիին անունը պատմութեան մէջ յաւերժացուցած:

Ձեռագրին գրանիւթին եւ իր պարունակած նիւթերուն բացառիկ արժէքը նկատի ունենալով, Մատենադարանի տնօրէնութիւնը մատեանին հազարամեակին առթիւ՝ 1981 թուականին, որոշած էր հրատարակել ամբողջական նմանահանութեամբ, վերծանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ: Այդ աշխատատար գործը յանձնարարուած է հայագէտ եւ ձեռագրագէտ Արտաշէս Մատթէոսեանին (1922-2004) եւ այդ գործը գիտնականէն տարիներու աշխատանք պահանջած է:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին պարզ դարձած է, թէ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է 1000-ամեայ թուղթը, որ սակայն բաւական վատ պահպանուած էր, եւ ձեռագրի կարգ մը էջերուն մէջ թուղթը քայքայուած է մելանին ազդեցութենէն: Մատեանը նմանահանութեամբ հրատարակելու պատճառներէն մէկն ալ այդ հանգամանքն էր: Որոշ դժուարութիւններու պատճառով կարելի չէ եղած հրատարակութիւնը կատարել ձեռագրին հազարամեակին տարին եւ անիկա իրագործուած է Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ 1995 եւ 1997 թուականներուն: Մատեանը հրատարակուած է երկու մեծադիր հատորով՝

«Մատեան գիտութեան եւ հաւատոյ Դաւթի Քահանայի» (նմանահանութիւն՝ ամէն մէկ էջը լուսանկարուած), (յառաջաբանը Արտաշէս Մատթէոսեանի), հատոր 1, Երեւան 1995, 772 էջ:

«Մատեան գիտութեան եւ հաւատոյ Դաւթի Քահանայի» (ուսումնասիրութիւն, վերծանութիւն, ծանօթագրութիւնները՝ Արտաշէս Մատթէոսեանի), հատոր 2, Երեւան, 1997, 570 էջ:

Ցուցահանդէսին ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ Արտաշէս Մատթէոսեանի այս ուսումնասիրութիւնը հայագիտութեան մէջ բազմաթիւ յայտնութիւններու դուռ բացած է, իսկ այսօր Արտաշէս Մատթէոսեանի որդին՝ Մատենադարանի փոխ-տնօրէն Կարէն Մատթէոսեանը կը շարունակէ իր հօր արժանաւոր գործը:

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հայերէն առաջին թղթեայ ձեռագիրը վերջին երկու տարիներուն գտնուած է Մատենադարանի վերականգնման բաժնին մէջ, ուր հիմնական առաջնային աշխատանքներէն զատ (ախտահանում եւ փոշեհանում) կատարուած է թանաքակերութեան հետեւանքով գիրի հատուածներուն մէջ յառաջացած անցքերու ամրակայում՝ նախապէս մշակուած միջոցով: Այս ձեռագրին հիմնական խնդիրը եղած է թանաքակերութիւնը. մասնագէտները այսպէս կը կոչեն ձեռագրերուն թանաքի ազդեցութեամբ քայքայուած հատուածները:

Մատենադարանի վերականգնման բաժինը շատ կարեւոր եւ միեւնոյն ատեն հետաքրքրական աշխատանք կը կատարէ՝ թուղթ առ թուղթ կ՚ամրացուին վնասուած ձեռագիրները, կը վերականգնուին մելանը, թուղթն ու մագաղաթը կը բուժուին սնկային հիւանդութիւններէն, կ՚ախտահանուին, կը փոշեզրկուին, կ՚ապահովուին այլ անհրաժեշտ պայմաններ՝ մատեանները առողջ պահելու համար: Մագաղաթները, որ այդպէս փայլուն կերպով ցուցադրուած են, միջատներու, կրծողներու եւ խոնաւութեան ենթարկուելու վտանգին տակ են միշտ եւ վերականգնումի բաժինն է, որ սրտի դողով կը հսկէ ամէն մէկ էջ, կը մշակէ անհրաժեշտ նիւթերով եւ հանրութեան կը ցուցադրուին կարելի եղածին չափ լաւ վիճակով:

Հայերէն առաջին թղթեայ ձեռագիր մատեանը նոյնպէս այդ քայքայիչ ազդեցութիւնները կրած է իր աւելի քան հազար տարուան կեանքին ընթացքին: Երբ մատեանին հազարամեակը լրացած էր, այն ատեն վերականգնումի նոյն հնարաւորութիւնները չկային: Այսօր Մատենադարանը կը գործածէ մատեաններու վերականգնումի ամենաժամանակակից միջոցներն ու նիւթերը: Այս կեդրոնը կը նկատուի տարածքաշրջանի հնագոյն ձեռագրերու վերականգնման լաւագոյն եւ ամենաարդիական կեդրոնը:

Աւագ վերականգնող, նկարիչ Արթուր Պետրոսեան երկու տարի էջ առ էջ վերականգնած է այս բացառիկ արժէքը, նախապէս ուսումնասիրելով զանազան դարերու ընթացքին մատեանին վրայ աւելցուած գիրին, մելանին, ներկին բաղադրութիւնները: Միաժամանակ, հայերէն ուրիշ ձեռագիրներու մէջ պահպանուած են բազմաթիւ դեղագիրներ, որոնք ցուցմունքներ կը պարունակեն ներկերու ու մելաններու պատրաստման եղանակներուն մասին: Վերականգնող Արթուր Պետրոսեան մնայուն աշխատանք կատարած է ամէն մէկ թուղթի եւ տառի վրայ, որպէսզի յետագային ոչ մէկ տառ կամ մասնիկ կորսուի: Երկու տարուան քրտնաջան աշխատանքը տուած է իր արդիւնքը. ուսումնասիրողները կրնան պատշաճ վիճակի մէջ ուսումնասիրել մատեանը:

Այժմ մատեանը ցուցադրուած է թուղթ առ թուղթ, բայց ցուցադրութենէն ետք կրկին կ՚ամփոփուի իր կողքին մէջ, կը կարուի եւ կը ստանայ իր նախնական տեսքը:

Ձեռագիրը բացառիկ է նաեւ անով, որ թուղթը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, այս մէկը փաստ մըն է, որ հայերը թուղթ ունեցած հնագոյն ժողովուրդներէն են՝ չինացիներէն, յոյներէն, արաբներէն ետք: Վարկածներ կան, թէ մատեանին թուղթը պատրաստուած է Անի մայրաքաղաքին մէջ եւ հայկական առաջին թուղթն է: Մատեանը, մասնագէտներու ենթադրութեամբ, գրուած է Արգինա պատմական աւանին մէջ, ուր այդ ժամանակ գործած է բարձր հոգեւոր դպրոց-վարդապետարան:

19-րդ դարու սկիզբին այս ձեռագիր թուղթէ մատեանը Բաղէշի վանքերէն մէկէն տարուած է Կարին, ապա՝ Ախալցխա, իսկ 1869 թուականին հանգրուանած է Էջմիածնի մէջ. հազարաւոր այլ ձեռագիր գանձերու հետ Մատենադարան բերուած է Էջմիածինէն:

Այս ձեռագրէն զատ, կան մինչեւ 10-րդ դարավերջ թուագրուող հայերէն թղթեայ երկու ձեռագրեր եւս, որոնք կը պահուին Վենետիկի մէջ: Իսկ Մատենադարանի ցուցադրութիւնը կը տեւէ մինչեւ ապրիլի 4-ը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020