ԽՈՀԵՐ ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆԷՆ

Այս գարնան սկիզբը գործի բերումով եղայ Երեւանի Նուպարաշէն թաղամասը, ուր վերջին անգամ շուրջ քսան տարի առաջ այցելած էի: Երեւան քաղաքի 12 վարչական շրջաններէն է Նուպարաշէնը, որ սահմանակից է մէկ կողմէն Էրեբունի, միւս կողմէն՝ էնգաւիթ վարչական շրջաններուն եւ Երեւանի մէկ ծայրամասը կը գտնուի: Անշուք թաղամաս մըն է այն՝ ոչ մէկ մշակութային հաստատութիւնով կամ հետաքրքրական կառոյցով մը ծանօթ է Երեւանի մէջ: 2015 թուականին հոս օծումը կատարուեցաւ գործարար եւ բարերար Գագիկ Ծառուկեանի հովանաւորութեամբ կառուցուած Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեանի նախագիծով կառուցուած աղիւսագոյն այդ եկեղեցին է միայն, որ մոխրագոյն տարածքին վրայ վեր կը խոյանայ իբրեւ սրբագոյն տաճար…

Հայ մեծ բարերար, հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ գիւտարար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադիր եւ առաջին տնօրէն Պօղոս Նուպար փաշային (Պօղոս Նուպարեան) անունը կրող Նուպարաշէնը կարող էր ըլլալ հետաքրքրական վայր մը, մանաւանդ որ հեռու է քաղաքի աղմուկ աղաղակէն եւ գողտրիկ վայր դառնալու բոլոր հնարաւորութիւնները ունի՝ իր ինքնատիպ անուանը համահունչ: Բայց եկուր ու տես, որ իշխանութիւնները տակաւին խորհրդային տարիներէն հոս տեղակայած են քաղաքի ամենամեծ բաց աղբավայրը, բանտը, ռազմական ինչ-որ կայան, հոգեբուժական հաստատութիւն մը, մտաւոր զարգացման խնդիրներ ունեցող երեխաներու դպրոցը… Այս հաստատութիւնները արդէն բաւական են՝ տարածքին մէջ գտնուելով՝ խոժոռ տրամադրութիւն ունենալու համար: Կեանքի անբաժան մասն են թէ՛ հոգեբուժարանը, թէ՛ բանտը, թէ՛ թերութիւններով աշխարհ եկած երեխաները, բայց ատոնք մէկ վայրի մէջ տեղակայելը ծանր շունչով կը պատէ մթնոլորտը: Աղբավայրին հոտն ալ ժամանակ առ ժամանակ քամիին հետ կը միանայ այդ շունչին, եւ արդէն կարելի է պատկերացնել ոչ այնքան այցելուի, որքան՝ հոն մշտապէս բնակողի փորձառութիւնը:

Թաղամասին մէջ հիմնականը հին տուներ են, որոնք շատոնց նորոգութեան երես չեն տեսած: Կիսախարխուլ տուներու արանքին կան նաեւ երկյարկանի, երբեմն՝ եռայարկ խնամուած, բարեկարգ տուներ, բայց ընդհանուր պատկերը բարեկեցիկ ապրելատեղիի մը տպաւորութիւն չի ձգեր: Աննախանձելի տեսք ունին նաեւ խորհրդային տարիներուն կառուցուած բազմաբնակարան շէնքերը, որոնք մռայլ բակերով կառոյցներ են, ուր փայտեայ նստարաններուն վրայ ձանձրացող թոշակառու տղամարդիկ կկոցած աչքերով կը զննեն իրենց թաղեր մտած անծանօթները: Թաղապետարանը ներկած է այդ նստարանները եւ ատոնց վառ երանգները թերեւս այս թաղամասին եզակի գոյներն են… Երիտասարդներ շատ քիչ կը նկատուին Նուպարաշէնին մէջ, բայց կան երեխաներու աշխոյժ աղմուկով լեցուած դպրոցներ, որոնցմէ մին ալ կը կրէ հայագէտ, գիտնական, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղեւոնդ Ալիշանին անունը: Մեր ազգի մեծերէն երկուքի անունը կայ այս թաղամասին մէջ՝ Պօղոս Նուպար փաշա եւ Ղեւոնդ Ալիշան. անոնք զանազան ժամանակներու ընթացքին, զանազան վայրերու մէջ նուիրուած են հայ ժողովուրդի բարգաւաճման եւ զարգացման գործին: Թաղամասին մէջ ալ դրուած են այս երկու հայերուն արձանները: Պօղոս Նուպար փաշային արձանը խղճուկ տեսք ունեցող կիսանդրի մըն է՝ ուղղանկիւն գորշ պատուանդանի մը վրայ անբնական ձեւով հեծցուցած է աշխարհահռչակ հայուն գլուխը, որ ոչ մէկ ձեւով կապ ունի իր փառապանծ կենսագրութեան հետ: Անոր հայեացքը կաշկանդուած կերպով դէպի հեռուն ուղղուած է, դէմքն ալ ոչ մէկ նմանութիւն ունի այն լուսանկարներուն հետ, որոնցով մենք կը ճանչնանք Պօղոս Նուպար փաշան: Մի՞թէ այս կիսարձանի վրայի մարդուն դէմքը Նուպարեան նշանաւոր գերդաստանի պարծանքն է, հայ ժողովուրդի ամենամեծ բարերարներէն ու հզօր գործիչներէն մէկը, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրի, մշակոյթի ու զարգացման գործին մէջ ունեցած է անփոխարինելի դեր:

Թաղամասին ոչ բոլոր բնակիչները գիտեն, թէ որու անունով է իրենց բնակավայրը: Գիտցողներն ալ կցկտուր տեղեկութիւններու կը տիրապետեն, եւ կը խառնեն Պօղոս Նուպար փաշային անունը իր հօր՝ Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար փաշայի անունին հետ, անոր կենսագրութեան որոշ դրուագներ կը վերագրեն հօրը եւ հօր կենսագրութենէն որոշ մանրամասներ ալ՝ որդիին: Անշուշտ, երկուքին դերն ալ անգին է եգիպտահայութեան, առհասարակ հայութեան կեանքին մէջ, իսկ մանաւանդ Նուպար փաշային Եգիպտոսը պարտական է շատ մը բաներու համար: Ան 1878-1879, 1884-1889, 1894 թուականներուն զբաղեցուցած է Եգիպտոսի վարչապետի պաշտօնը եւ այդ երկրին մէջ պաշտօնավարած ու հեղինակութիւն ձեռք բերած է այնպիսի խառնակ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ Անգլիա եւ Ֆրանսա կը մրցակցէին Եգիպտոսի համար, երկրին մէջ համաժողովրդական պայքար կ՚ընթանար օտար զաւթիչներուն դէմ: Եգիպտացիները նաեւ Նուպար փաշային պարտական են Սուէզի ջրանցքի կառուցման համար: Միջերկրական եւ Կարմիր ծովերը միաւորող Սուէզի արհեստական նաւարկելի ջրանցքի կառուցման համար Նուպար փաշան 1866 թուականին կ՚ուղեւորուի Պոլիս, ուր ան կը յաջողի Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը համոզել ո՛չ միայն համաձայնութիւն տալ ջրանցքի կառուցման, այլեւ ատոր համար յատկա-ցընել այն ժամանակուայ չափանիշներով վիթխարի գումար մը: Նուպար պէյի այս ջանքերէն բաւարարուած՝ այն ժամանակուայ Եգիպտոսի կառավարիչ Իսմայիլ փաշան կը յանձնարարէ անոր՝ իր ձեռքը վերցնել Սուէզի ջրանցքի աշխատանքներուն աւարտը: Ջրանցքի շինարարները բախած էին ահռելի դժուարութիւններու… Նուպար պէյ կը մեկնի Փարիզ՝ հարթելու համար Եգիպտոսի եւ ֆրանսական «Canal Company»ի միջեւ առաջացած վիճելի հարցերը:

Զբաղուած ըլլալով Եգիպտոսի համար կարեւորագոյն գործերով, Նուպար փաշան նաեւ հարազատ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգ մէկն էր եւ ազգասիրական այդ աւանդները փոխանցած էր որդիին՝ Պօղոս Նուպարին, որ Եւրոպայի մէջ ստանալով լաւ կրթութիւն՝ կը մեկնի Պոլիս, հոն կ՚ամուսնանայ, որոշ ժամանակ մնալէ ետք կը վերադառնայ Եգիպտոս, ուր շուտով կը դառնայ Եգիպտոսի ընդհանուր երկաթուղիներու տնօրէնը՝ հիմնելով Աղեքսանդրիոյ հանրակառքերու եւ Մենզալէի հողերու շահագործման, Գահիրէի ջրամատակարարման ընկերութիւնները: Նուպար փաշան նաեւ գիւտարար էր, եւ 1900 թուին քարշիչի մեքանիքական գութանի գիւտին համար Փարիզի միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին արժանացած է Ոսկեայ մետայլի եւ պարգեւատրուած «Պատուոյ լիկէոնի» շքանշանով: Ան նաեւ դիւանագէտ էր, որ ազգային պատուիրակութիւններ կը գլխաւորէր, եւ հայութեան անունով կը շրջէր Եւրոպայի մէջ՝ բանակցելով զանազան երկիրներու կառավարութիւններու հետ։

Հայութեան համար կատարած գործերը չթուարկենք, ատոնք անթիւ են, բաւական է յիշել միայն այս՝ Նուպարաշէն թաղամասին համար Պօղոս Նուպարին յատկացուցած խոշոր գումարը, որուն պատճառով ալ թաղամասը անուանուած է իր անունով: Կիսանդրին հաւանաբար դրուած է իբրեւ երախտիքի տուրք, բայց անոր վրայ եւ շուրջը ոչ մէկ գեղարուեստական, պատմական կամ մշակութային շունչ կայ:

Նոյն սկզբունքով դրուած է նաեւ Ղեւոնդ Ալիշանի կիսանդրին՝ իր անունով կոչուած դպրոցին բակը: Կը թուի, թէ նոյն քանդակագործն է այս երկու արձաններուն հեղինակը՝ գորշ քարերուն վրայ փակցուցած կիսադէմերը ատիկա կը յուշեն: Բայց յանուն ճշմարտութեան պէտք է ըսել, որ շատ տարիներ առաջ այս դպրոցին բակը դրուած էր Ղեւոնդ Ալիշանի պրոնզեայ արձանը, որ շինուած էր ամերիկաբնակ հայ բարերարի մը նուիրատուութեամբ, սակայն այդ արձանը, պրոնզ ըլլալուն պատճառով, գողցուեցաւ եւ նոր քարէ արձանը պարզապէս փոխարինեց հինը:

Այս թաղամասը հարազատ կը դառնայ միայն այս երկու հայերուն մասին յիշատակութիւններով, բայց չենք կրնար չնկատել նաեւ, որ մարդիկ հոս բարեացակամ են, ինչպէս Հայաստանի որեւէ շէնի, թաղի կամ գիւղի մէջ. կը հարցնես բանը մը՝ իրար կ՚անցնին՝ պատասխանելու, գոհացնելու, օգնելու, ուղեկցելու… Եթէ պէտք ըլլայ՝ իրենց տուն ալ կը տանին՝ հաց ու ջուր կու տան: Մեր ժողովուրդին այս յատկանիշը միշտ չէ, որ լաւ կեանքէն կու գայ, երբեմն խեղճութիւնը թաքնուած է այդ պատրաստակամութեան խոր ծալքերուն մէջ… Ահա այդպիսի մարդոց կը հանդիպիմ Նուպարաշէնի անխնամ եւ խորտուբորտ փողոցներուն մէջ… Կը թուի, թէ 1932 թուականէն ի վեր կը շինուին այդ փողոցները եւ երբեք չեն աւարտիր՝ հարթ ու սահուն տեսք ստանալու համար:

Այո՛, Նուպարաշէնի պատմութիւնը կը սկսի 1932 թուականին, 90 տարեկան է արդէն թաղամասը եւ առաւել հետաքրքրական է անոր անցեալը, քան թէ՝ ներկան:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ ՀԲԸՄ եղաւ սփիւռքի միակ կազմակերպութիւնը, որուն արտօնուեցաւ գործունէութիւն ծաւալելու Խորհրդային Հայաստանի մէջ: ՀԲԸՄ-ին այդ արտօնութիւնը տրուեցաւ 1923 թուականին: 1906 թուականին հիմնուած այս կազմակերպութիւնը այդ ժամանակ արդէն մեծ անուն ունէր եւ շատեր քաջատեղեակ էին Պօղոս Նուպարի եւ եգիպտահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներու նախաձեռնութիւնններուն մասին, որ միտուած էին հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային զարգացման նպաստելու:

1926 թուականին ՀԲԸՄ-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիոյի հանդիպման ժամանակ կ՚որոշուի նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել Խորհրդային Հայաստանի մէջ նոր բնակավայր կառուցելու համար՝ միութեան հիմնադիրի պատուին։ Ծրագրին հիմնական նպատակն էր նպաստել գաղթական ընտանիքներու հայրենադարձութեան եւ այդ գաղափարը տարածուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ։

Ծրագրի իրականացման համար նախատեսուած էր մինչեւ 1931 թուականի ապրիլի վերջ հաւաքել 250 հազար ամերիկեան տոլար եւ ծրագիրը կեանքի կոչել ՀԲԸՄ-ի 25-ամեակին առթիւ: 1929 թուականի դրութեամբ հաւաքուած էր միայն 153 հազար ամերիկեան տոլար։ Պօղոս Նուպարը ծրագրին համար կը նուիրաբերէ 100 հազար ամերիկեան տոլար եւ վերջապէս, 1930 թուականի ապրիլ-մայիսին Հայաստանի համայնավարական ​​կառավարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերուի կառուցել Նուպարաշէն անունով բնակելի թաղամաս մը:

Հայաստանի համայնավարական իշխող ​​կառավարութիւնը նախաձեռնութեան համար կ՚առաջարկէ բազմաթիւ վայրեր՝ Եղուարդ, Սարդարապատ եւ Մեծամօր։ Վերջապէս, բնակավայրին գտնուելու վայրը կ՚ընտրուի մայրաքաղաքի հարաւ-արեւելեան հարթավայրը: Նոյն տարուընէ իսկ կը սկսի շինարարական աշխատանքը՝ քաղաքաշինական ծրագրի մը հիման վրայ, որ կը մշակէ հայ նոր ճարտարապետութեան հիմնադիր Ալեքսանդր Թամանեան: Այդ ընթացքին՝ 1930 թուականին Փարիզի մէջ կը մահանայ այս ծրագրի գլխաւոր հովանաւորը՝ Պօղոս Նուպար փաշան: Մինչ այդ արդէն՝ առողջութեան վատթարացման պատճառով, ան հրաժարական տուած էր միութեան նախագահի պաշտօնէն, եւ ՀԲԸՄ-ը ղեկավարել սկսած էր Գալուստ Կիւլպէնկեան, իսկ Պօղոս Նուպար փաշան հռչակուած էր յաւերժ նախագահ։

1931 թուականի յուլիսին Երեւանի նորակառոյց այդ աւանին մէջ մօտաւորապէս 100-120 բնակելի շէնքեր պատրաստ էին ընդունելու առաջին բնակիչները: 1932 թուականին բնակավայրը պաշտօնապէս կը հաստատուի եւ նորաստեղծ բնակավայրի առաջին բնակիչները կ՚ըլլան Յունաստանէն հայրենադարձուած հայեր, այնուհետեւ հոս բնակելու կու գան Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն։ Ըստ պահպանուած տեղեկութիւններու, առաջին ընտանիքները Պէրպէրեանները, Քըզլեանները, Բարունակեանները, Չիլինկիրեանները եւ Մուշլեանները եղած են: Նուպարաշէնի առաջին երեխային տրուած է Նուպար անունը. ան Նուպար Թադէոսի Պէրպէրեանն էր, որ լոյս աշխարհ եկած է 1933 թուականի յունուարի 10-ին: Անոր ծնողքը հայրենադարձուած էր Յունաստանէն եւ խորհրդանշական կերպով անոնց տրուած է Նուպարաշէնի մէջ կառուցուած առաջին տունը:

1937 թուականի կէսին Նուպարաշէնի մէջ կը բնակէր շուրջ 1000 հայրենադարձուած հայ։

Սակայն Նուպարաշէն անունը երկար չի մնար երիտասարդ թաղամասին վրայ, եւ 1938 թուականին բնակավայրը կ՚անուանուի Սովետաշէն: Խորհրդային համակարգը կը ջանար ամէն ինչի վրայ իր կնիքը դնել եւ հազարաւոր հայերու երազով շինուած եւ Պօղոս Նուպար փաշային անունը կրող թաղամասը նոյնպէս «զոհ կ՚երթայ»: Մինչեւ 1980-ականներու վերջերը թաղամասը այդ անունով կը կոչուի եւ 1989 թուականին կը վերադարձուի նախնական անունը՝ Նուպարաշէն: Սակայն Սովետաշէն բառը այնպէս ամուր փակչած էր թաղամասին, որ շատեր մինչեւ հիմա ալ այդ անունով կը կոչեն Նուպարաշէնը: Այսօր թաղամասը կը նկատուի Երեւանի ամենաքիչ բնակչութիւն ունեցող շրջանը: Հայրենադարձներու մեծ մասը կա՛մ լքած է թաղամասը՝ արտագաղթելով արտասահման կամ ալ Երեւանի ուրիշ շրջաններ փոխադրուած է: Հոս բնակութիւն հաստատած են մօտակայ գիւղերէ եւ այլ տեղերէ եկածներ: Մնացած են, այնուամենայնիւ, հայրենադարձներու զաւակներ, որոնք կը պատմեն, թէ ինչպէս իրենց հայրերուն կամ մեծ հայերուն տուներ տրուած են թաղամասին մէջ: Խորհրդային Միութիւնը ատոնք կը տրամադրէր ձրի, բայց նաեւ տարբերակուած վերաբերմունք կար հայրենադարձներուն հանդէպ: Անոնք անպայման բախումներ կ՚ունենային տեղացի հայերուն հետ. մշակոյթներու, սովորոյթներու, լեզուի տարբերութիւնները ակնյայտ էին, եւ այս ամէն ինչը անդրադարձած է սերունդներու հոգեբանութեան վրայ՝ տխուր երանգ մը աւելցնելով Նուպարաշէնի պատմութեան…

Գուցէ նաեւ այդ պատճառով ալ Նուպարաշէնը չդարձաւ սփիւռքահայութեան երազներու թաղամասը, ինչպէս երազած էին ի սկզբանէ, եւ մնաց ծայրամասային խուլ աւան մը, ուր երեկոյեան ժամը հինգէն ետք ոչինչ կայ ընելու, կը ջանաս արագ դուրս ելլել տարածքէն, քանի դեռ թափառական շուները խումբերով զբօսանքի չեն ելած…

«ՆՈՐ ԶՄԻՒՌՆԻԱ»՝ ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆԻ ՄԷՋ

Աչքէ հեռու թուացող թաղամաս մը ըլլալով, քաղաքային իշխանութիւնները երբեմն ոգեւորող քայլեր կը կատարեն Նուպարաշէնին մէջ. բարեկարգելու սկսած են զբօսայգին, իսկ ուղիղ մէկ տարի առաջ՝ ապրիլեան այս օրերուն Երեւանի աւագանին որոշում ընդունեց Նուպարաշէնի 13-րդ փողոցը անուանակոչել «Նոր Զմիւռնիա»: Փողոցին անուանումը պատահական չէ. Պօղոս Նուպար փաշային հայրը՝ Նուպար փաշան, ծնած եւ կրթութիւն ստացած է Զմիւռնիա (Իզմիր), ապա տեղափոխուած է Եգիպտոս։ Նուպարեանները ընդհանրապէս, ըստ պատմաբաններու, կը սերին 18-րդ դարավերջին Արցախէն Զմիւռնիա գաղթած վաճառական Մկրտիչ Նուպարի գերդաստանէն: Հետաքրքրական է տեսնել, թէ Արցախէն Զմիւռնիա հասած հայուն հետնորդները ինչպէ՛ս իրենց անեղծ հետքը ձգած են Եգիպտոս, Պոլիս, եւրոպական եւ այլ քաղաքներ ու յաւետ մնացած մեր պատմութեան մէջ…

ՆՈՒՊԱՐ ԵՒ ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆ

Այս խորագիրը առնուած է գրող, թարգմանիչ, ՀԲԸՄ-ի քարտուղար Վահան Մալէզեանի մէկ գիրքէն: «Նուպար եւ Նուպարաշէն» խորագիրով գիրքին մէջ Մալէզեան կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասներ ՀԲԸՄ-ի՝ Նուպարաշէնը կառուցելու օրակարգով ժողովներուն մասին, ինչպէս նաեւ յատկանշական յուշեր կը շարադրէ Պօղոս Նուպարէն, որուն հետ գործակցած է երկար ժամանակ:

Վաղուայ թիւով կը ներկայացնենք այդ յուշերէն փունջ մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023