ՀԱՑԹՈՒԽ ՆԱԶԻԿ ՊԵՏՈՒՆՑԸ

Սիւ­նի­քի սահ­մա­նա­մերձ մար­զի մէջ պա­տե­րազմը ա­ւար­տած է 1994 թուա­կա­նին: Կը թուի, թէ այ­լեւս հե­ռա­ւոր ան­ցեալ են կրա­կոց­նե­րը, հրե­տա­կո­ծու­թիւն­նե­րը, սահ­մա­նա­յին կռիւ­ներն ու ա­մէն օր սահ­մա­նէն եւ խա­ղաղ բնա­կա­վայ­րե­րէն հաս­նող մա­հուան լու­րե­րը: Սա­կայն Սիւ­նիք տա­նող ճա­նա­պար­հը այ­սօր այլ բան կը յու­շէ: Ար­ցա­խա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծի եր­կայն­քին Ապ­րիլ ամ­սուան ըն­թաց­քին սրուած եւ այ­սօր տա­կա­ւին թէժ վի­ճա­կի մէջ գտնուող ի­րա­վի­ճա­կը լա­րում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին սահ­մա­նա­մերձ նկա­տուած այս մար­զի՝ Սիւ­նի­քի մէջ: Սահ­մա­նին մօտ գտնուող գիւ­ղե­րու մէջ, ձո­րե­րու եւ լեռ­նե­րու պաշտ­պա­նա­կան դիր­քե­րու քով զի­նուորա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ կե­ցած են, զի­նուժ կու­տա­կուած է մար­զին մէջ՝ ա­պա­հո­վա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով, ա­մէն վայր­կեան պատ­րաստ զար­գա­ցում­նե­րու:

Սիւ­նի­քի մար­զի բնա­կիչ­նե­րը նոյն­պէս անտ­րա­մա­դիր են: Ա­նոնք կը վեր­յի­շեն մինչ հրա­դա­դա­րը ապ­րուած ծանր տա­րի­նե­րը, երբ մար­զը ուղ­ղա­կի թի­րախ էր հա­կա­ռա­կոր­դի հա­մար: Գո­րիս տա­նող ճա­նա­պար­հին տագ­նապ կայ՝ օ­դի մէջ կա­խուած, ա­նոր­սա­լի զգա­ցում մը... Բայց մար­դիկ ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քը կը շա­րու­նա­կեն, թէ­կու­զ եւ՝ տագ­նա­պը սիրտ­ե­րու մէջ, եւ Ե­րե­ւա­նէն գա­ցո­ղէն լու­րե­րու կը սպա­սեն, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ այս զար­գա­ցում­նե­րուն վեր­ջը: Իսկ Ե­րե­ւա­նէն գա­ցողն ալ կ՚ու­զէ ի­րենց­մէ՝ սահ­մա­նին մօտ մար­դոց­մէ լսել յու­սադ­րող, ի­րա­կան լուր մը: Եր­կուս­տեք, ո­չինչ գիտ­ցած ըլ­լա­լով, խա­ղա­ղու­թիւն կը մաղ­թեն սահ­մա­նը հսկող զի­նուոր­նե­րուն եւ բո­լոր այն գիւ­ղե­րուն եւ քա­ղաք­նե­րուն, ո­րոնք վտան­գուած են այս օ­րե­րուն:

Գո­րի­սի շրջա­նի գրե­թէ բո­լոր գիւ­ղե­րը ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն մե­ծա­պէս վնաս­ներ կրած են: Մենք կը ճա­նա­պար­հուինք այդ գիւ­ղե­րէն մէ­կը՝ Վե­րի­շէն, որ կը գտնուի Վա­րա­րակն գե­տի վե­րին հո­սան­քին կից եւ հիւ­սի­սա­յին շա­րու­նա­կու­թիւնն է Գո­րիս քա­ղա­քի: Գիւ­ղը 9-18-րդ դա­րե­րուն կը յի­շա­տա­կուի Գո­րայք, Յե­րի­շէն, Հին Գո­րիս ա­նուա­նում­նե­րով: Վե­րի­շէ­նը Հա­յաս­տա­նի հնա­գոյն բնա­կա­վայ­րե­րէն մին է։ Գիւ­ղի տա­րած­քին եւ շրջա­կայ­քը կան ժայ­ռա­փոր բնա­կա­րան­ներ, դամ­բա­րա­նա­դաշ­տեր, 16-17-րդ դա­րե­րուն թուագ­րուող գե­րեզ­մա­նոց­ներ, այլ գիւ­ղա­տե­ղի­ներ, ար­ձա­նագ­րուած ժայ­ռա­բե­կոր մը՝ 1294 թուա­կա­նին վե­րա­կա­ռու­ցուած ջրանց­քի մը մա­սին։ Վե­րի­շէն գիւ­ղի մէջ նաեւ կան ե­կե­ղե­ցի­ներ՝ Ս. Հռիփ­սի­մէ եւ Ս. Նո­րակ­նունք: Մա­նա­ւանդ նշա­նա­ւոր է 4-5-րդ դա­րե­րուն թուագ­րուող Ս. Հ­­ռիփ­սի­մէ ե­կե­ղե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նի միա­նաւ յու­շար­ձան­նե­րէն չա­փե­րով ա­մե­նէն խո­շորն է: Ըստ դրան ճա­կա­տա­քալ քա­րի ար­ձա­նագ­րու­թեան, ան հիմ­նո­վին վե­րա­կա­ռու­ցուած է 162 թուա­կա­նին: Միւս ե­կե­ղե­ցին՝ 19-րդ դա­րուն թուագ­րուող Ս. Նո­րա­վան­քը 1994 թուա­կա­նին գա­նա­տա­հա­յե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուած է եւ այժմ ալ կը գոր­ծէ: Կը մտնենք ե­կե­ղե­ցի, ուր մարդ չկայ, անձ­րե­ւոտ օր մըն է, ե­կե­ղե­ցի տա­նող ճա­նա­պարհն ալ ցե­խոտ է, բայց այդ չէ պատ­ճա­ռը, որ Շա­բաթ առ­տու պա­րապ է ե­կե­ղե­ցին: Պար­զա­պէս գիւ­ղա­ցի­նե­րը սո­վո­րու­թիւն չու­նին ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­լու, եւ հիմ­նա­կա­նը գիւղ այ­ցե­լող հիւ­րերն են, որ կը մտնեն՝ ա­ղօթք կ՚ը­նեն, կ՚ա­ռըն­չուին հնա­գոյն քա­րի խոր­հուր­դին, մոմ կը վա­ռեն... Հնա­բոյր պա­տե­րէն մէ­կուն վրայ մոմ վա­ռե­լով՝ դուրս կ՚ել­լենք:

 Մենք Վե­րի­շէն ե­կած ենք այ­ցե­լե­լու հա­մար բա­րե­կա­մի մը, զոր տա­րի­նե­րով չենք տե­սած, եւ ա­հա­ւա­սիկ, գար­նան օ­րերն ու զարթ­նող բնու­թիւ­նը ա­ռիթ է՝ այց մը կա­տա­րե­լու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մին, որ գիւ­ղի հնաբ­նակ ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն ան­դամ­նե­րէն է եւ չի լքեր գիւ­ղը ոչ մէկ պա­րա­գա­յի:

Գիւ­ղի նեղ­լիկ ու ան­բա­րե­կարգ փո­ղոց­նե­րով անց­նե­լու ա­տեն յան­կարծ կը նկա­տենք տու­նի մը քով մար­դոց հոծ բազ­մու­թիւն: Մենք ալ, շե­ղե­լով մեր ճա­նա­պար­հէն, հե­տաքրք­րու­թեամբ կը մօ­տե­նանք այդ տու­նին եւ ար­դէն տան մուտ­քին, ա­ռանց հա­ւա­քուած­նե­րուն հար­ցու­փորձ ը­նե­լու, թէ ին­չո՞ւ հա­ւա­քուած են՝ ա­մէն ինչ պարզ կը դառ­նայ... Գիւ­ղա­կան լա­ւա­շի ա­նուշ ու զգլխիչ բոյ­րը ար­դէն կը յու­շէ, որ տու­նէն ներս հաց կը թխուի, եւ հա­ւա­քուած­ներն ալ գիւ­ղա­կան թոն­րի՝ հո­ղի մէջ փո­րուած վա­ռա­րա­նի մէջ թխուած լա­ւաշ ու բո­քոն գնե­լու հա­մար հա­ւա­քուած են: Կ՚ը­սեն, որ ներ­սը՝ թոն­րա­տու­նը գիւ­ղի միակ պահ­պա­նուած թոն­րա­տունն է, ուր կը թխուի շրջա­նի ա­մե­նէն հա­մով լա­ւա­շը: Երբ այ­ցե­լու­նե­րը լա­ւաշ գնե­լէ ետք կը հե­ռա­նան, մենք ալ կը մտնենք թոն­րա­տուն: Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան թոն­րա­տուն է՝ կի­սա­մութ, ծու­խէն սեւ­ցած պա­տե­րով, հնա­դա­րեան թո­նի­րով, որ այս ըն­տա­նի­քը ժա­ռան­գած է իր մեծ մայ­րե­րէն եւ այդ­պէս ալ ձգած է, ա­ռանց քար մը փո­խե­լու կամ ա­ւելց­նե­լու: Կը թուի, թէ քա­ղա­քակր­թու­թեան շուն­չը մուտք չէ գոր­ծած այս թոն­րա­տու­նը՝ ա­մէն ինչ այն­քան նախ­նա­կան ու հին է: Սա­կայն մէկ վայր­կեան ետք լա­ւա­շի «տա­պա­լո­ղ» հո­տը մոռց­նել կու տայ քա­ղա­քակր­թու­թեան բո­լոր նուա­ճում­նե­րը եւ կը հասկ­նաս, որ եր­կու մեթ­րա­նոց այդ տա­րած­քի մէջ է ի­րա­կան ու ան­խառն աշ­խար­հը՝ իր ծուխ ու հո­տով, իր հնա­դա­րեան գոյ­նե­րով ու ի­րե­րով, չա­պա­կա­նուած, մա­քուր ու ազ­նիւ:

Թոն­րա­տան մեջ­տե­ղը դրուած է ըն­տա­նի­քի՝ Պե­տունց­նե­րու նա­խա­պա­պե­րէն ժա­ռան­գուած փայ­տեայ տաշ­տը, ո­րու մէջ կը հուն­ցուի լա­ւա­շի խմո­րը: Տաշ­տը պատ­րաս­տուած է մէկ կտոր փայ­տէ, ա­ռանց գա­մե­րու կամ այլ միա­ցու­թիւն­նե­րու: Տան­տէ­րե­րը կ՚ը­սեն, որ լաւ խմո­րի եւ լաւ հա­ցի գաղտ­նի­քը կը սկսի այդ տաշ­տէն, որ իր բնա­փայ­տի շնոր­հիւ չի ձգեր, որ խմո­րը այ­լե­ւայլ ներ­գոր­ծում­նե­րու են­թար­կուի:

Ա­լիւ­րը հին, ձե­ռա­կերտ մա­ղով կը մա­ղուի տաշ­տի մէջ, այ­նու­հե­տեւ ա­լիւ­րի մէջ կը դրուի թթխմո­րը, ո­ր կը պատ­րաս­տուի վեր­ջին ան­գամ թխուած հա­ցի խմո­րէն: Սո­վո­րա­բար նա­խորդ թխու­մէն մէկ գունդ կը պա­հեն՝ յա­ջորդ խմո­րին խառ­նե­լու հա­մար: Թթխմոր, ցո­րե­նի ա­լիւր, աղ, գաղջ ջուր... Ոչ մէկ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ գաղտ­նիք ու­նի հայ­կա­կան լա­ւա­շի բա­ղադ­րա­տոմ­սը, սա­կայն ան միշտ գաղտ­նիք կը մնայ օ­տար­նե­րու հա­մար՝ իր հրա­շա­լի հա­մի, բոյ­րի, տես­քի եւ եր­կար պահ­պան­ման շնոր­հիւ՝ լա­ւա­շը կա­րե­լի է թարմ վի­ճա­կէն ետք չորց­նել, պահ­պա­նել մին­չեւ մէկ տա­րի: Ճիշդ ե­ղա­նա­կով պատ­րաս­տուած լա­ւա­շը կը նկա­տուի աշ­խար­հի ա­մե­նէն եր­կա­րա­կեաց հա­ցը: Չոր լա­ւա­շի վրայ ջուր կը սրսկեն, ան կրկին իր թարմ տես­քին կը վե­րա­դառ­նայ:

Փայ­տէ տաշ­տա­կի մէջ հուն­ցուած խմո­րէն հաց­թու­խի օգ­նա­կան­նե­րը գուն­դեր կը պատ­րաս­տեն՝ միան­ման ու կո­կիկ, ո­րոնք կը շա­րուին ձե­ռա­գործ խսի­րի վրայ: Խսի­րը կամ փսիա­թը բու­սա­կան կար­պետ է եւ նոյն­պէս լա­ւա­շի թխման ա­րա­րո­ղու­թեան մա­սե­րէն մին է, ամ­բողջ հա­ցախթ­ման ժա­մա­նակ ա­նոր վրայ կը հանգ­չին գուն­դե­րը:

Պե­տունց­նե­րու տա­ն մէջ պահ­պա­նուած են ա­լիւր մա­ղե­լու, խմոր հուն­ցե­լու, գուն­դե­լու, գրտնա­կե­լու եւ թխե­լու բո­լոր ա­ւան­դա­կան ու հնա­գոյն ձե­ւե­րը, ին­չ որ ան­պայ­ման իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը ձգէ լա­ւա­շի հա­մին ու ո­րա­կին վրայ:

Խմո­րի պատ­րաս­տու­մը սո­վո­րա­բար կը սկսի հաց թխե­լու նա­խորդ ե­րե­կո­յեան: Տան տղա­մար­դիկ նոյն­պէս ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նին այս սուրբ գոր­ծին մէջ՝ ա­նոնք փայտ ու ցախ կը բե­րեն, կը վա­ռեն ու կը պատ­րաս­տեն թո­նի­րը: Այդ­պէս ե­ղած է հի­նէն, այդ­պէս է նաեւ այ­սօր բո­լոր այն վայ­րե­րու մէջ, ուր պահ­պա­նուած է թոն­ի­րի մէջ լա­ւաշ թխե­լու ա­ւան­դա­կան ե­ղա­նա­կը: Պե­տունց­նե­րը Վե­րի­շէն գիւ­ղին մէջ այդ ա­ւան­դոյ­թը պահ­պա­նած միակ ըն­տա­նիքն են. ա­նոնց կա­նայք, ինչ­պէս մեզ կը յայտ­նեն կրա­կա­տա­ն մէջ, ա­ւան­դա­բար հաց­թուխ­ներ ե­ղած են...

Մենք խմոր հուն­ցե­լու պա­հուն ներ­կայ չէինք, սա­կայն տե­սանք հո­ղա­գոյն խսի­րի վրայ շա­րուած գուն­դե­րը, ո­րոնց մա­սին գի­տակ հաց­թուխ­նե­րը կ՚ը­սեն, որ պէտք է մա­քուր տեղ պա­հուի, եւս մէկ մա­քուր խսի­րով ծած­կուի եւ ամ­բողջ հա­ցաթխ­ման ըն­թաց­քին գուն­դե­րուն պէտք չէ դպ­­չիլ, որ­պէս­զի, ինչ­պէս հաց­թու­խը կ՚ը­սէ՝ «հա­ցը չնե­ղուի, չխռո­վի»:

Լա­ւա­շի հետ կա­պուած այլ ա­ւան­դա­պա­տում­ներ եւս պատ­մե­ցին թոն­րա­տա­ն մէջ: Ան, որ հին ժա­մա­նակ ի­րենց նա­խա­մայ­րե­րը մար­դու վրայ ե­ղած չար աչ­քը խմո­րով վե­րա­ցու­ցած են: Ե­թէ մար­դու վրայ չար աչք կայ, ա­պա ան պէտք է այ­ցե­լէր հա­ցա­տուն մը, հաց­թու­խը պէտք է կտոր մը խմոր պո­կէր գուն­դէն, մօ­տեց­նէր այդ մար­դուն եւ նե­տէր թո­նի­րը: Ե­թէ խմո­րը ճա­թէր, ա­պա չա­րու­թիւ­նը կ՚եր­թար, ե­թէ չճա­թէր, ու­րեմն աչ­քը զօ­րա­ւոր է, եւ զայն կրող մար­դը պէտք է նո­րէն այ­ցե­լէր հաց­թու­խին:

Պե­տունց­նե­րու ըն­տա­նի­քի մէջ նոյն­պէս կը հա­ւա­տան ա­ւան­դա­պա­տում­նե­րուն, կա­պուած խմո­րի, կրա­կի եւ լա­ւա­շին ա­ռըն­չուող այլ ի­րե­րու հետ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ հայ­կա­կան ե­րե­ւա­կա­յա­կան շար­ժան­կա­րի մը մէջ («Կա­խար­դա­կան լա­ւա­շ­»ը), հե­րո­սը իր հետ օ­տար եր­կիր մեկ­նե­լու ա­տեն լա­ւաշ կը տա­նի եւ լա­ւա­շով կը բու­ժէ կոյր մար­դը, եւ ան կը վե­րագտ­նէ իր տե­սո­ղու­թիւ­նը:

Վե­րի­շէն գիւ­ղի հաց­թուխ­նե­րը մե­զի կը յայտ­նեն, որ հին ժա­մա­նակ հա­յե­րը լա­ւա­շի խմո­րով ո­րո­շած են ա­պա­գայ ե­րա­խա­յի սե­ռը. յղի կի­նը խմո­րը նե­տած է թո­նի­րի մէջ եւ սպա­սած, թէ ի՛նչ տեսք կը ստա­նայ եւ ստա­ցուած տես­քով ո­րո­շած են՝ աղ­ջի՞կ, թէ տղայ պի­տի ծնի:

Կան այլ ա­ւան­դա­պա­տում­ներ, ո­րոնց­մէ մին հայ զօ­րա­վա­րի գօ­տիի մէջ լա­ւաշ պա­հե­լու մա­սին է: Զօ­րա­վա­րը ա­մէն օր մէկ կտոր կե­րած եւ յաղ­թած է թշնա­միին: Այ­սօր ալ, ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան հար­սա­նի­քի ժա­մա­նակ նո­րապ­սակ փե­սա­յի ու­սին լա­ւաշ կը դնեն՝ իբ­րեւ բեր­րիու­թեան, հա­ցով լի ըլ­լա­լու նշան: Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­նիշ­նե­րէն մին՝ լա­ւա­շը պաշ­տօ­նա­պէս նե­րա­ռուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ոչ նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ցան­կին մէջ: Լա­ւա­շի մա­սին նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ գրուած են:

Հին Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ ե­ղած է նաեւ թո­նի­րը: Թո­նի­րը ա­նուա­նած են Աստ­ու­ծոյ տա­ճար կամ ե­կե­ղե­ցի, թո­նի­րով եր­դուած են կամ ա­նի­ծած: Նո­րապ­սակ­նե­րը ե­կե­ղե­ցիի մէջ պսա­կադ­րուե­լէ յե­տոյ քա­նի մը ան­գամ կը դառ­նա­յին թոն­ի­րի շուրջ, իսկ ա­հա Վա­նի մէջ հար­սա­նի­քը կը կա­տա­րուէր թոն­ի­րի շուրջ: Հին ժա­մա­նակ, երբ եր­կա­րա­տեւ ու ան­դա­դար անձ­րեւ կը տե­ղար, թո­նի­րի պռուն­կին դրուած խա­չա­ձեւ եր­կար ձո­ղը՝ խա­չեր­կա­թը, կը տա­նէին եւ կը նե­տէին դրան շե­մի վրայ ու անձ­րե­ւը կը դադ­րէր:

Պե­տունց­նե­րու թո­նի­րը պատ­րաս­տուած է նոյն­պէս ա­ւան­դա­կան ե­ղա­նա­կով: Ան կա­ւէ է, կրա­կը բոր­բո­քե­լու նպա­տա­կով ներ­քե­ւի մա­սէն, թե­քու­թեամբ դէ­պի գետ­նի մա­կե­րես սար­քուած է կա­ւէ օ­դա­մու­ղը՝ թո­նի­րի ա­կը:

Մենք լա­ւաշ վա­յե­լե­լէ եւ լա­ւա­շի մա­սին ա­ւան­դա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը լսե­լէ ետք ար­դէն կը պատ­րաս­տուէինք հրա­ժեշտ տալ Պե­տունց­նե­րուն, ե­թէ թոն­րա­տա­ն աշ­խա­տող­նե­րէն մէ­կը չը­սէր, որ այդ­քան հա­մով լա­ւաշ թխող ե­րի­տա­սարդ հաց­թու­խը՝ Նա­զի­կը, ըն­դա­մէ­նը ե­րե­սուն տա­րե­կան է, գետ­նա­փոր թո­նի­րի մէջ լա­ւաշ թխող գիւ­ղի հաց­թու­խը, եւ ո­րու համ­բա­ւը նաեւ այլ եր­կիր­ներ հա­սած է:

Հաց­թու­խի հան­դեր­ձի մէջ մենք չնկա­տե­ցինք Նա­զի­կի տա­րի­քը, մա­նա­ւանդ, որ գլխուն նաեւ գլխարկ դրած էր, սա­կայն ա­նոր ժպտուն աչ­քե­րը մատ­նե­ցին, որ ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ մըն է ան: Նա­զիկ Պե­տուն­ց հաց թխել սկսած է տաս­նութ տա­րե­կա­նին: Զար­մա­նա­լի է, թէ ին­չ բան դրդած է ե­րի­տա­սար­դը, դպրո­ցը նոր ա­ւար­տած աղջ­նա­կը՝ նստիլ թո­նի­րի շուրջ եւ լա­ւաշ թխել: Նա­զի­կը պատ­մեց, որ շատ փոքր ե­ղած է, երբ իր մեծ­մայրն ու հօ­րա­քոյ­րը նշա­նա­ւոր հաց­թուխ­ներ ե­ղած են, եւ ինք միշտ ըն­կե­րակ­ցած է ա­նոնց ու դի­տած լա­ւաշ թխե­լու աշ­խա­տան­քը, ին­չ որ հմա­յած է ե­րի­տա­սար­դու­հին: Ան տաս­նութ տա­րե­կա­նին ար­դէն տի­րա­պե­տած է ծանր թա­փին, որ ծղօ­տէ ու խսի­րէ պատ­րաս­տուած եր­կար ու հաւկ­թա­ձեւ յար­մա­րանք է, ո­րու վրայ կը քա­շուի խմո­րը ու ո­րու մի­ջո­ցաւ ան կը փակ­ցուի թո­նի­րի պա­տե­րուն: Այ­նու­հե­տեւ սո­րված է նաեւ միւս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: Դիւ­րին չէ աչք այ­րող կրա­կի եւ ծու­խի շուրջ ժա­մեր շա­րու­նակ նստիլ, ծռիլ դէ­պի կրա­կէ վա­ռա­րա­նը, խմո­րէ թեր­թե­րը փակց­նել պա­տե­րուն եւ սպա­սել, մին­չեւ թխուի եւ զգու­շու­թեամբ հա­նել, ա­ռանց վնա­սե­լու լա­ւա­շը: Ամ­բողջ տա­րի­նե­րը նուի­րե­լով հաց թխե­լու՝ Նա­զիկ չէ ա­մուս­նա­ցած, կ՚ը­սէ, որ այս պա­հուն տա­կա­ւին ի­րեն հա­մար ա­ռաջ­նա­յի­նը գործն է, լա­ւաշ պատ­րաս­տե­լը: Ե­ղած են շատ փե­սա­ցու­ներ, նոյ­նիսկ՝ ար­տա­սահ­մա­նէն, սա­կայն Նա­զիկ Պե­տունց ընտ­րած է իր սի­րե­լի աշ­խա­տան­քը, տաք թոն­ի­րի պռուն­կին հաց ա­րա­րե­լու ա­րուես­տը:

Ը­սաւ, որ վեր­ջերս վե­րա­դար­ձած է Ռու­սաս­տա­նի Սա­մա­րա քա­ղա­քէն, ուր իր հօ­րեղ­բօր ըն­տա­նի­քը կը բնա­կի: Ըն­տա­նի­քը ո­րո­շած է ռու­սա­կան այդ քա­ղա­քի մէջ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան լա­ւաշ թխել, թո­նիր պատ­րաս­տած են եւ Նա­զի­կը հրա­ւի­րած են՝ հաց­թուխ­նե­րուն սո­րվեց­նե­լու լա­ւա­շի գաղտ­նիք­նե­րը: Եր­կու ա­միս աշ­խա­տած է, գոր­ծը կար­գի դրած է, եւ հա­կա­ռակ յոր­դոր­նե­րուն՝ մնալ ու ա­ւե­լի լաւ պայ­ման­նե­րու մէջ աշ­խա­տիլ, ան կրկին վե­րա­դար­ձած է հայ­րե­նի գիւղ, ուր ա­մէն առ­տու լա­ւա­շի բոյ­րը կը տա­րա­ծուի թոն­րա­տու­նէն դուրս: Նա­զիկ նաեւ բո­քոն­ներ կը թխէ, սա­կայն կը նա­խընտ­րէ լա­ւա­շը, որ ա­ւե­լի շատ մար­դոց բա­ժին կը հաս­նէ եւ կ՚ը­սէ, որ մէկ պարկ ցո­րե­նի ա­լիւ­րէն եօթ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի լա­ւաշ կը թխուի:

Նա­զիկ նաեւ կը յի­շեց­նէ, որ իբ­րեւ հաց­թուխ պար­տա­ւոր է շատ կա­նուխ արթն­նալ, ե­րե­կո­յեան վա­ռուած թոն­ի­րի մէջ կրա­կը առ­ա­ւօ­տեան ար­դէն հանգ­չած կ՚ըլ­լայ եւ պէտք է հասց­նել վառ պա­հել թո­նի­րը, որ­պէս­զի չհան­գի: Իր գոր­ծըն­կեր­նե­րը կ՚ը­սէն. «Նա­զի­կին այս­պէս մէկ աչ­քով մի նա­յիք, ան ոչ միայն գիւ­ղի միակ ու ա­մե­նէն լաւ հաց­թուխն է, այլ նաեւ՝ գիւ­ղի գե­ղե­ցիկ աղ­ջիկ­նե­րու մէջ է, որ աշ­խոյժ կը մաս­նակ­ցի ե­րի­տա­սար­դա­կան կեան­քին, կը ճամ­բոր­դէ, կը վա­յե­լէ ըն­կե­րա­կան կեան­քը»:

Նա­զիկ կը ժպտայ եւ մե­զի կրկին լա­ւաշ կը հիւ­րա­սի­րէ. կարմ­րա­թուշ լա­ւա­շը շատ կը նմա­նի Նա­զի­կի կար­միր այ­տե­րուն:

Հրա­ժեշտ կու տանք հաց­թու­խին եւ ա­նոր օգ­նա­կան­նե­րուն՝ նո­րէն թոն­րա­տուն վե­րա­դառ­նա­լու ակն­կա­լի­քով եւ կը մտո­րենք, որ մեր հայ­կա­կան փա­ռա­բա­նուած լա­ւա­շը, ի­րաւ, աշ­խար­հի ա­մե­նէն հա­մով հացն է: Շատ վա­յրե­րու մէջ, զա­նա­զան ե­ղա­նակ­նե­րով այ­սօր կը թխուի լա­ւաշ, բայց կա­ւէ թո­նի­րի մէջ, ցո­րե­նի ա­լիւ­րով, ան­տա­ռի փայ­տի վրայ գիւ­ղա­ցի պարզ ու սրտա­բաց կնոջ թխած լա­ւա­շը ուղ­ղա­կի ան­փո­խա­րի­նե­լի է: 

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016