ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՄԱԼԹԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի համար քաղաքական իրարանցումի եւ փոփոխութիւններու վերջին օրերուն աննկատ մնաց մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ այդ օրերուն Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացաւ Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնին: Հարուստ անցեալ ու պատմութիւն ունեցող կղզիի վրայ տեղի ունեցող երաժշտական փառատօնը համեմատաբար նոր պատմութիւն ունի, սակայն զայն արդէն ձեռք բերած է միջազգային ճանաչում եւ դասական երաժշտութեան այս փառատօնին ամէն տարի աւելի ու աւելի թիւով արուեստագէտներ կը մասնակցին:

Փառատօնին առթիւ Մալթայի մէջ ներկայ միջազգային լրատուամիջոցները գրեցին հայկական մշակութային բարձրարուեստ ձեռնարկներուն մասին, որոնց մէջ էր նաեւ աշխարհահռչակ հայ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակի նշումը՝ Մալթայի մէջ:

Ոչ միայն զուտ հայաստանեան խումբեր եւ գործիչներ մասնակցած են Մալթայի մէջ հայկական մշակոյթի օրերուն, այլ նաեւ սփիւռքէն արուեստագէտներ ժամանած են Մալթա:

Հայաստանի մշակոյթի օրերուն ընթացքին Մալթայի մէջ 18 Ապրիլէն մինչեւ 1 Մայիս տեղի ունեցան ինն համերգներ, ցուցահանդէսներ եւ շարժանկարներու ցուցադրութիւններ: Հայաստանը ներկայացաւ մանաւանդ դասական արուեստի իր ողջ հարստութեամբ, իսկ մասնակիցներն ալ հիմնականը երիտասարդներն էին, ինչ որ աննկատ չէ մնացած փառատօնի հիւրերու ուշադրութենէն եւ յատուկ շեշտուած է հայ երիտասարդութեան նուիրումն ու սէրը՝ դասական երաժշտական արուեստի հանդէպ:

Այդ ձեռնարկները հնարաւորութիւն դարձան Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով՝ Մալթայի Մշակոյթի, ընկերային արդարութեան եւ տեղական ինքնակառավարման նախարարութեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Arts Council Malta-ի եւ Valletta-2018 Foundation-ի հետ:

Այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Մալթայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մալթայի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1993 թուականի 27 Մայիսին: Արթուր Ալեքսանեան եղած է Մալթայի մօտ հայկական առաջին դեսպանը, իսկ 2017 թուականին Իտալիոյ եւ Մալթայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան (նստավայրը՝ Հռոմ) իր հաւատարմագրերը յանձնած է Մալթայի Հանրապետութեան նախագահ Մարի-Լուիզ Քոլէյրօ Փրեքային։ Այս փառատօնի առթիւ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան կարեւորած է Մալթայի մէջ Հայաստանի մշակութային օրերը նման լայնածաւալ կերպով իրականացնելու ջանքը, մանաւանդ այս տարի, երբ Մալթայի մայրաքաղաքը՝ Վալեթթան հռչակուած է 2018 թուականի Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք:

Ինչպէս կը տեղեկանանք Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնի պաշտօնական կայքէջէն՝ Հայկական մշակոյթի օրերուն մեկնարկը Մալթայի մէջ տրուած է Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակին նուիրուած համերգով, որ տեղի ունեցած է Վալեթթայի Միջերկրածովեան կեդրոնի Republic Hall-ի մէջ՝ լեփլեցուն դահլիճով: Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները կատարած են Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք եւ Մալթայի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբերը՝ Սերկէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ:

Համերգը ուղիղ հեռարձակուած է նաեւ նշանաւոր միջազգային դասական երաժշտական ալիքի՝ Medici TV-ի եթերով: Հայաստանի Սիմֆոնիք նուագախումբը այս տարի հանդիսացած է Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնի գլխաւոր երգչախումբ եւ փառատօնի ողջ ընթացքին բեմի վրայ եղած է: Իսկ Արամ Խաչատուրեանին նուիրուած համերգին ելոյթ ունեցած է նաեւ Ղազախիստանի ժողո-վըրդական արուեստագէտ, Ղազախիստանի Արուեստներու ազգային համալսարանի ղեկավար, ջութակահարուհի Այման Մուսախոճայեւան, որ յայտնած է, թէ Արամ Խաչատուրեանի արուեստով տարուած է շատ երիտասարդ տարիքէն։ «Երբ ես տասներկու տարեկան էի, Արամ Խաչատուրեանը ժամանած էր Ալմա-Աթա եւ ինծի բախտ վիճակած էր նուագել անոր համար: Ան ինծի ըսած էր, որ ես մեծ երաժիշտ պիտի ըլլամ, սակայն միշտ պէտք է յիշեմ, որ համբերութիւնն ու քրտնաջան աշխատանքը շատ կարեւոր են՝ յաջողութեան հասնելու համար: Խաչատուրեան այդ ժամանակ ինծի նուիրած է իր՝ ջութակի համար գրուած ստեղծագործութեան նոթաները», համերգէն առաջ ըսած է ղազախուհի ջութակահարը:

Խաչատուրեանի 115-ամեակին նուիրուած ուրիշ համերգ մըն ալ Մալթայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանէ ներս գործող «Խաչատուրեան» եռեակի մասնակցութեամբ, որ ոչ միայն Արամ Խաչատուրեանի գործերէն կատարած է, այլեւ՝ համաշխարհային երգահաններու ստեղծագործութիւններ ներկայացուցած է՝ հիացնելով դասական երաժշտութեան սիրահար հանդիսատեսը, որ այդ օրերուն զանազան երկիրներէ Մալթա ժամանած էր: «Խաչատուրեան» եռեակի կատարած գործերը Մալթայի մէջ, ընդգրկուած են եռեակի նոր ձայնասկաւառակի մը մէջ, որ թողարկած է նշանաւոր Sony ընկերութիւնը: «Խաչատուրեան» եռեակը մօտ տասը ձայնասկաւառակ թողարկած է, սակայն առաջին անգամ էր, որ նաեւ մալթացի երաժշտահաններու գործեր կը կատարէր:

Համերգներուն նախորդած է Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի պատրաստած՝ «Երաժշտութեան միջազգային լեզուն» ցուցահանդէսին բացումը: Թանգարանի աշխատակիցները Մալթա տարած էին երգահանին լուսանկարները աշխարհի անուանի մարդոց հետ:

Խաչատուրեան եւ Կոմիտաս. ահաւասիկ այն երկու այցեքարտերը, որոնցմով Հայաստանը միշտ կը ներկայանայ միջազգային փառատօններուն: Այս անգամ ալ, Խաչատուրեանին նուիրուած ցուցահանդէսէն զատ նաեւ Կոմիտասին նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած է Մալթայի մէջ. զայն Մալթա տարած էր Երեւանի նորաբաց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը: Ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Կոմիտաս. կեանքը լուսանկարներու մէջ»: 32 լուսանկարները կը պատմէին Կոմիտասի կեանքին մասին՝ նաեւ օտարներուն ներկայացնելով հայ դասական երաժշտութեան մեծ նուիրեալի գործը, որ անմահ է:

Համերգներուն զուգընթաց ցուցահանդէսները աւելի ամրապնդած են հայկական մշակոյթի մասին պատկերացումները: Այդպիսի ցուցահանդէսներ էին՝ Մալթայի մէջ այդ օրերուն բացուած Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէն, լուսանկարիչ Զաւէն Սարգիսեանի հեղինակած «Խաչքարեր» եւ «Քարերու գաղտնիքը» լուսանկարներու ցուցահանդէսները: Զաւէն Սարգիսեան իր այս ցուցահանդէսները, շատ երկիրներու մէջ, ներկայացուցած է ամէնուր ցոյց տալու համար հայկական քարին հմայքը եւ խաչքարին խորհուրդը: Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են զանազան ժամանակներու ընթացքին կերտուած թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Հայաստանէն դուրս գտնուող նշանաւոր խաչքարեր:

Մալթայի փառատօնի կայքէջէն ակնյայտ է, որ ցուցահանդէսները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էին փառատօնի մասնակիցներուն մօտ: Նմանապէս մեծ եղած է հետաքրքրութիւնը նշանաւոր հայազգի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի «Տարուան եղանակները», Միքայէլ Պօղոսեանի ու Հրաչ Քեշիշեանի «Շնորհակալութիւն, հայրի՛կ» ժապաւէններուն հանդէպ:

Միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս Մալթայի մէջ առաջին անգամ հնչած է նաեւ Կոմիտասի խմբերգային երաժշտութիւնը: Բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր, երգիչ, խմբավար, Լոնտոնի մէջ «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիր Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ Մալթայի հաւաքական Սենեկային երգչախումբը կատարած է Կոմիտասէն տասն երգ: Ինք՝ Սիփան Օլահ, անձամբ կատարած է Կոմիտասի «Շողեր ջան»ը:

Ծնունդով Վանաձորէն, այժմ Վիեննա բնակող նշանաւոր դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեան Մալթա ժամանած էր մեծ յուզմունքով՝ իր հայաստանցի բարեկամ երաժիշտներուն հետ մասնակից ըլլալու Հայ մշակոյթի օրերուն: Ան Մալթայի Սիմֆոնիք նուագախումբին հետ կատարած է Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն: Նարէ Արղամանեան անուն-մականունը վաղուց դրուած է Հայաստանը միջազգային բեմերու վրայ ներկայացնող այնպիսի արուեստագէտներու քով, ինչպիսիք են՝ Սերկէյ եւ Լուսինէ Խաչատուրեանները, Տիգրան Համասեանը, Յասմիկ Պապեանը, Տիանա Ադամեանը, Նարեկ Հախնազարեանը եւ այլք: Անոնցմէ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան նոյնպէս ներկայ էր Մալթայի մէջ։ Ան փառատօնի մասնակիցներուն պարգեւած է իր «The Magic Cello» համերգը՝ ցոյց տալով թաւջութակի ողջ հմայքը՝ դասական արուեստի հայ եւ օտար հեղինակներու գործերու միջոցաւ:

Սփիւռքէն Մալթա ժամանածներուն կարգին եղած է Մարսէյլի «Արաքս» պարախումբը, որ հայկական ժողովրդական պարերու կատարումներով ապահոված է հայկական մշակոյթի պարային հատուածը:

Մանուկ քանոնահարուհի Մերի Մուսինեանը, տուտուկահար Գէորգ Ստեփանեանը, դաշնակահարուհի Էլէն Յարութիւնեանը եւ երգիչ Վահրամ Յովհաննիսեանը, իբրեւ պատանի արուեստագէտներ, իրենց ելոյթներով ապացուցած են, որ Հայաստանի մէջ դասական արուեստը պատանիներու եւ մանուկներու հետաքրքրութեան առարկան է շատ վաղ տարիքէն: Անոնք ելոյթ ունեցած են Մալթայի խորհրդարանէն ներս, իսկ համերգին ներկայ եղած է Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անճլու Ֆարուճա:

Մալթայի երաժշտական փառատօնի ամփոփիչ համերգը ուղիղ եթերով հեռարձակած է Euronews.com-ը։ Ամփոփիչ երեկոյին ընթացքին Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, իբրեւ Մալթայի Երաժշտական փառատօնի պաշտօնական նուագախումբ, խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, ունկնդիրներուն ներկայացուցած է Չարլզ Քամիլէրիի «Մալթա» շարանուագը, հատուածներ Սերկէյ Փրոքոֆիեւի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» երաժշտական ստեղծագործութենէն, Քշիշտոֆ Փենտերեցքիի Երրորդ սիմֆոնիէն հատուած եւ փառատօնի յատուկ հիւր երգահանին՝ Ալեքսէյ Շորի քլարինէթի եւ նուագախումբի համար գրուած «Վերտիանա»ն։

Ինքը՝ լեհ աշխարհահռչակ երգահան Փենտերեցքին, մեծ մօր կողմէ հայկական արմատներ ունեցող այս արուեստագէտը, նոյնպէս ներկայ եղած է Մալթայի փառատօնին, որուն մեծապէս տպաւորած է հայկական ծրագիրը:

«Տպաւորիչ է մանաւանդ ինչ որ ներկայացուցած է Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը։ Զարմանալի է, երբ մէկ նուագախումբ կը կատարէ փառատօնի բոլոր համերգները։ Անշուշտ, այդ մէկը նաեւ մեծ նուաճում է Հայաստանի համար։ Ես կը հետեւիմ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գործունէութեան, ուրախ եմ, որ անոր անդամները այնքան նուիրումով կ՚իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը այս հիասքանչ իրադարձութեան ծիրէն ներս», ըսած է Փենտերեցքի, որ երկու անգամ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ արժանացած է Հայաստանի նախագահի պարգեւներուն:

Փառատօնի յատուկ հիւր, երգահան, ծնունդով մալթացի ժամանակակից արուեստագէտ Ալեքսէյ Շորն ալ, ամփոփելով երաժշտական փառատօնի երկու շաբաթները, զայն բնութագրած է երեւակայական։ «Եւ այս ամէնը մենք ունեցանք մեծ մասամբ շնորհիւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի աննկարագրելի կամքին, կատարողական վարպետութեան», ըսած է Ալեքսէյ Շորը։

Քլարինէթահար Անդրէաս Օտենզամեէր, որ եզրափակիչ համերգին ընթացքին կատարած է Շորի «Վերտիանա»ն՝ նշած է, որ ստեղծագործութիւնը լիարժէք օրինակ է զանազան ժանրերու միաձուլման։ Ան ըսած է, որ Շորի երաժշտութիւնը քնարական է եւ հասանելի է ունկնդրին։

Ուրիշ ներկայ անձնաւորութիւն մը՝ լաթվիացի երաժիշտ, երաժշտագէտ Կէորկ Պելեցիս՝ որպէս Արամ Խաչատուրեանի աշակերտ, նշած է, որ շատ ուրախ է Մալթայի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու իրականացման համար։ «Արամ Խաչատուրեանը համաշխարհային մեծութեամբ երգահան է, հետաքրքրական էր զգալ փառատօնին հայկական շունչը, պէտք է ըսեմ, որ ան նաեւ իմ երաժշտական գործունէութեանս վրայ զգալի է: Ես հպարտութեամբ կը յիշեմ, որ աշակերտած եմ մեծն Արամ Խաչատուրեանին: Իսկ թէ ինչպէս իրենց գործը կատարեցին հայ երաժիշտները՝ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, ուղղակի հիասքանչ էր», ըսած է Կէորկ Պելեցիս:

Լութվիկ վան Պեթհովէնի անուան Զատկի փառատօնի գլխաւոր տնօրէն Էլժպեթա Փենտերեցքան նկատած է, որ Մալթայի համար նման մեծածաւալ փառատօնը իրականութիւն դարձնելը շատ կարեւոր հանգամանք մըն է:

«Անշուշտ, փառատօնին ընթացքին նշանակալի շուք հաղորդած է Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը: Պէտք է ըսել, որ առանձնայատուկ բան մըն էր անոնց գործունէութիւնը այս ընթացքին: Ես ցաւօք ներկայ չեմ եղած բոլոր համերգներուն, հիմա կը թերթեմ ծրագիրը ու կը հասկնամ, որ ամէն նուագախումբ չէր, որ ի զօրու էր այդ մէկը իրականութիւն դարձնել: Գրեթէ ամէն օր հանդէս գալ միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտներու հետ՝ նման բարդ ու յագեցած ծրագրով», ըսած է տիկին Փենտերեցքա:

Համերգի եւ փառատօնի աւարտին հայկական նուագախումբը առանց խմբավարի հնչեցուցած է Արամ Խաչատուրեանի Լազգինկան՝ «Գայիանէ» պալէէն:

Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորած նուագախումբը, որ մէկ տարի առաջ կը գործէր իբրեւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբ, այսօր արդէն հանդէս կու գայ նոր անուանուով, կարգավիճակի փոփոխութեամբ, որ կատարուած է կառավարութեան որոշումով մը: Այս փոփոխութիւնը նուագախումբին աւելի լայն հնարաւորութին կ՚ընձեռէ՝ հանդէս գալու միջազգային ասպարէզի մէջ եւ հաւասար մրցակցութիւն ունենալու համաշխարհային զանազան հարթակներու վրայ: Նուագախումբը ամէն տարի հանդիսատեսին կը մատուցէ աւելի քան 65 համերգ՝ ներկայացնելով դասականէն մինչեւ ժամանակակից երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ ընդգրկող լայն համերգացանկ:

Մալթայի միջազգային փառատօնին մէջ ընդրգկուած Հայկական մշակոյթի օրերը համընկած են Մալթայի նշանաւոր միջազգային հրավառութեան եւ հայեր ու օտարներ հետեւած են այդ ինքնատիպ կրակներու եւ գոյներու փառատօնին, որուն համբաւը միջազգային բնոյթ ստացած է: Մալթայի հրավառութիւնը աշխարհի նմանատիպ հինգ հրավառութիւններու կարգին է. օդին մէջ գունաւոր կրակներու երկարատեւ արձակումին կ՚ուղեկցի աղմուկ, լոյս եւ ծուխ։ Անիկա Մալթային գրաւչութիւն հաղորդող զբօսաշրջային միջոցառումներէն մին է, իսկ այս տարի համընկած է երաժշտական փառատօնի օրերուն:  

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018