ՉԱՐԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ, ԻՆՉ ՏԵՍՔՈՎ ԵՒ ԳՈՅՆՈՎ ԱԼ ԸԼԼԱՅ, ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ԳՏՆԷ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը շարունակեն լարուածութեան մէջ պահել հաւատացեալները ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ Հայաստանէն դուրս։

Զանազան համայնքերէն, հոգեւոր եւ ոչ-հոգեւոր դասերու ներկայացուցիչներ, զարմանք կը յայտնեն, թէ ինչո՞ւ պետութիւնը չի միջամտեր տեղի ունեցածին եւ ինչպէ՛ս կարելի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած տխուր միջադէպէն ետք ալ ի ցոյց չդրուի մօտեցում մը՝ պետական մարմիններուն կողմէ։ Սակայն միւս կողմէ լրատուամիջոցները կը յիշեցնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, շաբաթներ առաջ, իր հերթական ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերին ժամանակ, ի պատասխան Մայր Աթոռի իրավիճակին շուրջ իրեն հարցում ուղղող դիմողներէն մէկուն՝ ըսած էր․ «Պետութիւնն ու եկեղեցին անջատ կառոյցներ են, պետութիւնը պէտք չէ որ միջամտէ եկեղեցւոյ հարցերուն, եւ՝ հակառակը»։

Փաշինեան առիթով մը կրկնած էր, որ ինք կը մնայ նոյն դիրքորոշումին մէջ։

Այս մօտեցումը սկզբունքօրէն որքան որ ալ ճիշդ ըլլայ, ապա տուեալ պարագային գործնականին մէջ կը նշանակէ կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն։ Արդարեւ, տարբեր հարց է պետական ու եկեղեցական գործերու տարանջատումը ու բոլորովին տարբեր հարց մըն է՝ եկեղեցւոյ դէմ ոտնձգութիւնը։ Պետութիւնը պէտք է հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուի բոլորին նկատմամբ եւ այդ հաւասարութիւնը բնականաբար կ՚ենթադրէ հաւասարապէս պաշտպանել ու հովանաւորել բոլորին իրաւունքներն ու շահերը։ Ժողովրդավարութիւններու մէջ անհատներու կամ կառոյցներու ազատութիւնները սահմանափակուած են ուրիշներու ազատութիւններով։ Այս պարագային երեւոյթը այն է, որ պետութիւնը կը հանդուրժէ եկեղեցւոյ դէմ ոտնձգութեան, եկեղեցւոյ շահերն ու իրաւունքները կ՚անտեսէ։

Յամենայնդէպս, անցեալ շաբաթավերջին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ դրական պատկեր մը ստեղծուեցաւ՝ երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը միասնաբար մասնակցեցան՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման կողմէ կազմակերպուած համահայկական հաւաքին։ Մինչ այդ, այս առաւօտ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ոստիկանները Մայրավանքի տարածքէն դուրս բերած են դիւանատունը գրաւած, Վեհարանի տարածքէն ներս վրաններ լարած այդ իբր թէ ցուցարարները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք վերջին օրերու տխուր իրադարձութիւններու արձագանգները։

*

ՀԱՅԱՅՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Հեռատեսիլէն, թերթերուն միջոցաւ, ֆէյսպուքով առանձին անհատներ կը թիրախաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին, որ մայր դաստիարակը եղած է մեր ժողովուրդին աւելի քան 1700 տարիներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեր ինքնութեան գլխաւոր խորհրդանիշն է եւ որեւէ ցեխարձակում, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նկատմամբ, սկսելով ամենախոնարհ սպասաւորէն մինչեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառին անձը, մեզ երբեւէ պիտի չտկարացնէ։ Կ՚ուզենք վստահեցնել մեր հաւատաւոր ժողովուրդին, մանաւանդ գիտնալով, որ Հայ Եկեղեցին, որպէս մայր դաստիարակը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, նոյն եկեղեցւոյ զաւակները իրենց հաւատարմութեան մէջ իրապէս պիտի մնան անխախտ եւ անսասան, որովհետեւ կը հաւատան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ կը հասկնան, որ առանձին անհատներ կ՚ուզեն վարկաբեկել Եկեղեցին՝ անոր հասցէին ուղղուած անտեղի արտայայտութիւններով, զրպարտութիւններով։ Եթէ իրապէս կան նեղութիւններ, մտահոգութիւններ, հայհոյանքը արտայայտուելու մօտեցում չէ։ Մանաւանդ որ Հայ Եկեղեցին երէկ, այսօր եւ, վստահ եմ՝ գալիք բոլոր ժամանակներուն երկխօսութեան մօտեցում մը որդեգրած է իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Հայ հոգեւորականը՝ քահանան, վարդապետը, եպիսկոպոսը, նաեւ անձնապէս ես՝ որպէս խոնարհ սպասաւորը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնով, վայելած ենք Վեհափառ Հայրապետին մտերմութիւնը բազում առիթներով, երկխօսութիւններ կազմակերպուած են, ինքզինք տրամադրելի դարձուցած է հարցում-պատասխաններու ժամանակ, ժողովուրդը յուզող, յատկապէս՝ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն, երբ ինք պատասխանած է համբերութեամբ, սիրով, հայրական գուրգուրանքով:

Մենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ պիտի որդեգրենք արդար եւ քաղաքակիրթ մօտեցում: Հայաստանեայց Եկեղեցին պիտի մնայ անշարժ, անխախտ եւ անսասան։ Ժամանակի ընթացքին, եթէ եղած են եւ այսօր կան եւ վաղն ալ բնականօրէն ըլլան նման ցեխարձակումներ, մենք երբեք պիտի չտկարանանք մեր հաւատքի կեանքին մէջ, ընդհակառակը՝ ես պիտի ուզէի ըսել, որ մենք աւելի պիտի ամրանանք, աւելի հաստատ քայլերով՝ կատարելու համար մեր առաքելութիւնը, քարոզելու Աստուծոյ խօսքը, ապրելու մեր հայրերուն հաւատքի կեանքով եւ այդ հաւատքի կեանքին բարի օրինակը բերելու նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ժողովուրդը դարձնելու համար եկեղեցին, ապրող, շնչող, կենսագործող եկեղեցին․․․

Արտաշխարհին ծառայելով՝ մենք գիտենք մեր ժողովուրդին զգացումները: Անհատին զգացումները մենք պէտք չէ ընդհանրականացնենք, որով անհատը կրնայ զգացումներ ունենալ, որոշակի տրամադրութենէ բխեալ, բայց ժողովուրդին զգացումը տարբեր է, մենք գիտենք, որ ժողովուրդը կը սիրէ իր եկեղեցին, կը սիրէ իր եկեղեցականը, բոլոր աստիճաններուն վրայ գտնուող իր սպասաւորները, եկեղեցւոյ սպասաւորները եւ մենք բաց սիրտով, սիրով, գուրգուրանքով միշտ պատրաստ ենք մեր ժողովուրդը ընդունելու, մենք ալ այդ ժողովուրդին մաս կը կազմենք, մենք՝ ձեռք-ձեռքի տալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ տէր պիտի կանգնինք մեր սրբութեանց։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը խորհրդանշող սրբութիւն սրբոցն է, բայց իւրաքանչիւր եկեղեցականի մէջ մենք պիտի տեսնենք նաեւ ժողովուրդին ինքնութեան խորհրդանիշը՝ Սուրբ Էջմիածինը։ Ինչպէս հոգեւորականը, այնպէս ալ աշխարհական զաւակը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Էջմիածնի դեսպան է, առաքեալ է Սուրբ Էջմիածնի․․․

Մեր պատգամն է, մեր կոչն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս այն անհատներուն, որոնք թերեւս անձնական պատճառներով հեռացած են եկեղեցիէն, անձնական պատճառները երբեք պատճառ պէտք չէ, որ հանդիսանան եկեղեցին հարուածելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ մարդ պիտի գիտնայ, որ եկեղեցին Աստուծոյ ձեռակերտն է։ Իւրաքանչիւր հայ մարդ նաեւ պիտի անդրադառնայ, որ հոգեւորականը օծեալ է, անոր ճակատը եւ աջը սրբալոյս միւռոնով օծուած են, մենք պիտի խոնարհինք համբուրելու նաեւ եկեղեցականին աջը, ատիկա ձեւականութիւն մը չէ, այդ խոնարհութեան մէջ մենք նաեւ երկիւղածութեամբ եւ խոնարհ կեցուածքով մեր յարգանքը, մեր խոնարհումը կը բերենք մեր հայրերուն նկատմամբ, եկեղեցւոյ հայրերուն նկատմամբ։ Մեր հաւատամքը կ՚ուզենք արտայայտել եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ։ Հետեւաբար այս ուղղութեամբ կարելի է երկար խօսիլ, բայց մենք պիտի ուզէինք միայն աղօթքի հրաւիրել մեր ժողովուրդը՝ աղօթքը դարձնելու համար մեր կեանքի հայելին, մեր ներաշխարհի հայելին՝ տեսնելու, թէ ես ո՛վ եմ, դուն ո՛վ ես, իւրաքանչիւրս ինչպիսի կոչում ստացած է Աստուծոյ կողմէ, եւ Աստուծոյ կողմէ կոչում ստացող անձը միայն բարին պիտի արարէ: Աստուծոյ կողմէ կոչում ստացած հայ քրիստոնեան միայն ինքզինք պիտի ներխառնէ եկեղեցւոյ առաքելական, սրբազան եւ նուիրական գործին։ Աստուծոյ կողմէ կոչում ստացած քրիստոնեան՝ աշխարհիկ սպասաւոր թէ հոգեւոր սպասաւոր, ինքզինքին իրաւունք չի կրնար տալ մատնացոյց ընելու այս կամ այն եկեղեցականին հասցէին, նաեւ դատաւորի պաշտօնով հանդէս գալով։ Դատաւորը ինքն Աստուած է, եւ եկէք մենք բոլորս ծառայութիւն բերենք՝ մեր Սուրբ Եկեղեցին բերելու համար աւելի բարձր մակարդակի՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ մենք ունինք նոր Հայաստան, նոր Հայաստանի մէջ կը շարունակէ շնչել, գործել մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, իր ողջ եկեղեցականութեամբ։ Մենք պիտի գուրգուրանք մեր եկեղեցականներուն՝ ամենախոնարհ աստիճանէն մինչեւ կաթողիկոսի աստիճանին վրայ գտնուողը, ցոյց տալու համար սէր եւ գուրգուրանք։ Որքան մօտենանք անոնց, այնքան կը զգանք, որ այնտեղ կայ բարի հոգի մը, այնտեղ կայ բարի սիրտ մը, որ կը բաբախէ իր ժողովուրդին համար․․․

Այս է իմ զգացումս, եւ ես կ՚ուզեմ այս քանի մը խօսքերով թարգման հանդիսանալ ոչ անհատի մը կամ անհատներու, բայց իմ ժողովուրդին, գէթ այս պահուն Արեւմտեան թեմի մէջ ապրող Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմուտքը ներկայացնող իմ ժողովուրդի զաւակներուն զգացումներուն։ Այս է նաեւ մեր աղօթքը առ բարին Աստուած, որ Տէրը անսասան պահէ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին։ Տէրը նաեւ զօրացնէ մեզ իւրաքանչիւրս՝ հայ հոգեւորականը եւ հոգեւորականաց ողջ դասը, նաեւ զինուորագրեալ հոգեւոր դասը, որպէսզի մենք, ձեռք-ձեռքի տալով, խոնարհինք մեր ժողովուրդին առջեւ, ծառայենք մեր ժողովուրդին, պիտի շարունակենք ծառայել աւելի ջանադիր եւ նախանձախնդիր ոգիով, աւելի մեծ սիրով, նաեւ նուիրումով, որովհետեւ մենք կ՚ուզենք մեր կեանքը այնպիսի կեանքի մը վերածել, որ Աստուծոյ ընծայուած ըլլայ, փառաւորելու համար Աստուծոյ անունը։

*

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՖԸՆՏԸԳԵԱՆ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այս գրութիւնը ձեզի կը յղենք՝ մեր Հայրենիքին մէջ ձեր վայելած դիրքին եւ հեղինակութեան հանդէպ խոր յարգանք ունենալով, եւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ որոշում տուող գերագոյն եւ գործադիր մարմնի հանգամանքով, ներկայացնելով հազարաւոր Հայ հաւատացեալներ, որոնք կ՚ապրին Ամերիկայի Արեւելեան նահանգներուն մէջ։

Այսօր ստացանք այն մտահոգիչ լուրերը, ըստ որոնց 18-20 բողոքողներ սկսած են գրաւել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հայրապետական գրասենեակները եւ մերժած են ազատ կամքով եւ խաղաղօրէն հեռանալ։ Անոնց բողոքին գլխաւոր նպատակն է պահանջել հրաժարականը՝ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։

Մենք լսած ենք, որ այս նոյն անձերը մօտաւոր անցեալին բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են։ Գիտենք նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը բարի կամեցողութեամբ հանդիպում մը ունեցած է նոյն անձերուն հետ, ունկնդրած է անոնց գանգատներն ու մտահոգութիւնները։ Որպէս Հայաստանի եւ Ամերիկայի հայրենասէրներ, մենք կը յարգենք նոյնիսկ փոքրամասնութիւններուն գանգատները եւ կը յարգենք պետական եւ կրօնական հեղինակութիւնները, որոնք պատրաստ են լսելու գանգատները՝ խաղաղարար եւ շինարար ոգիով։

Սակայն, այդ գանգատները չըլլան անընդունելի ժխտումը քաղաքական խաղաղութեան, անոնք ներխուժած են եկեղեցւոյ շէնքը եւ կը մերժեն դուրս ելլելու բոլոր քաղաքավար խնդրանքները։ Մեր տեսակէտով, այս արարքը կը նկատուի աղմկայարոյց ցուցարարութիւն եւ անձնական յարձակում եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսոի գրասենեակի արժանապատուութեան։ Այս կացութիւնը կը կարծենք, որ կը պարտադրէ նահանգային օրինաւոր իշխանութեան, տեղական ոստիկանութենէն մինչեւ կառավարութեան յատուկ պաշտօնեաները, միջամտելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու եւ գրաւման վերջ տալու։

Մենք կը հաստատենք, որ այս գրութեամբ կը ներկայացնենք Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայ բնակիչներուն մեծամասնութիւնը։ Մայր Աթոռի սրբութիւնը, պատուախնդրութիւնը եւ ապահովութիւնը պարտի ըլլալ գլխաւոր մտահոգութիւնը մեր ժողովուրդին, որովհետեւ Մայր Աթոռը օրինական սեփականութիւնն է համայն աշխարհի հայ հաւատացեալներուն եւ ոչ միայն՝ ափ մը ցուցարարներուն։

Առաւե՛լ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ազատ կամքով ընտրուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կողմէ, ոչ թէ՝ հակադիր խումբի մը քմայքով։ Որպէս 132-րդ աթոռակալը Սուրբ Գրիգորի գահին, Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողոիկոսը օրինաւոր կերպով ընտրուած Հայրապետն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Հոգեւոր Հայրը Հայ ժողովուրդին, որ կը յիշատակուի մեր աղօթքներուն մէջ ամէն Ս. Պատարագի ընթացքին եւ որ մեր հոգեւորականներուն յարգանքը կը վայելէ, կը պատուուի համայն աշխարհի հայերուն կողմէ եւ կը յարգուի մեր քոյր եկեղեցիներու ղեկավարներուն կողմէ։

Որեւէ հարց չկայ, որ թեթեւօրէն եւ անարգանքով նկատի առնուի։ Սփիւռքի բնակիչներս՝ մեր հայրենի եղբայրներուն հետ կը բաժնենք նոյն տեսիլքը հայրենիքի մը, որ կը քաջալերէ անկեղծութիւնը, արտայայտութեան ազատութիւնը եւ արդարութիւնը: Կը հաւատանք, որ այս գաղափարները ի զօրու են եկեղեցւոյ համար եւս։ Սակայն այս ներկայ կացութեան առթիւ ցուցարարները իրենց խօսքը ըսին եւ առիթը ունեցան իրենց գանգատները ներկայացնելու աւելի բարձր մակարդակով։ Մեր կարծիքով՝ Մայր Աթոռի գրաւումը եւ անոնց կողմէն հեռանալու մերժումը դրժումն է խաղաղութեան, եւ ոստիկանութեան ու կառավարութեան ուժերուն պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել համայն աշխարհի հայերուն Սրբազան Կեդրոնը։

Մենք վստահ ենք, որ ուշադրութեամբ նկատի պիտի առնէք ներկայացուած այս բոլոր հարցերը, եւ շուտով ու իմաստութեամբ պիտի ջանաք ամէն միջոց ձեռք ձգել Մայր Աթոռի խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը վերահաստատելու համար։

Ամերիկայի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի հաւատացեալներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր ազնիւ նկատառութեան համար։

*

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Զարմանալի է, թէ ինչպէս կարելի է անկախ Հայաստանի մէջ հանդուրժել Ազգային Եկեղեցւոյ հանդէպ կատարուող անօրինակ ոտնձգութիւններ:

Արդար եւ վեհ նպատակներու համար մղուող իւրաքանչիւր պայքար պէտք է միայն քաջալերուի, սակայն, այլեւս կասկած չկայ, որ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը կը հետապնդէ յետին նպատակներ եւ հիմնուած է սուտ, մտացածին եւ ստայօդ փաստերու վրայ:

Այս թնճուկին միակ հանգուցալուծումը կարող են տալ իրաւապահ մարմինները եւ կառավարութիւնը: Եթէ այդ միջամտութիւնը ուշանայ, ապա Ազգային Եկեղեցին կը վերածուի թատերաբեմի, ուր ամէն մէկ ինքնակոչ ու ինքնահռչակ դերասան պիտի փորձէ խաղալ իրեն յանձնարարուած դերը:

Մեր՝ հոգեւորականներուս եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ակնկալիքն է տեսնել կառավարութեան անյետաձգելի միջամտութիւնը՝ վերջ տալու համար այս խեղկատակութեան եւ հնարաւորութիւն տալու Մայր Աթոռին շարունակել իրականացնել իր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը։

*

ՏԱՒՈՒՇԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԲԱԳՐԱՏ ԵՊՍԿ. ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

Սիրելինե՛ր, բոլորիդ ծանօթ նախաձեռնութեան պարագլուխները, Կորիւն աբեղայի գլխաւորութեամբ կամ ներշնչմամբ, արդէն երկար ժամանակէ ի վեր, հակառակ իրենց կողմէն Ամենայն Հայոց Հայրապետի, հոգեւորականաց դասի, հաւատացեալներու հասցէին հնչեցուցած ամէն տեսակի հայհոյանքներուն, սուտին, կեղծիքին, զրպարտութիւններուն, եւ, հակառակ մեր անձնական կամ հրապարակային բոլոր յորդորներուն, խնդրանքներուն, ծով համբերութեանն ու հանդուրժողականութեան եւ հրաւէրին՝ վերադառնալու կանոնական դաշտ եւ հարցերն ու խնդիրները լուծելու Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին հարազատ սկզբունքներուն եւ էութեան համապատասխան՝ վերջին զազրելի արարքը գործեցին, բռնազաւթելով Վեհարանի (Դիւանատան շէնքը)՝ անմնացորդ սուտն ու յերիւրանքը տարածելով Սուրբ Գեղարդին վերաբերեալ եւս, որ պատճառ դարձաւ շատերուն գայթակղութեան եւ մոլորութեան, որուն պատասխանը Տիրոջ Խօսքին համաձայն որպէս երկնաքար կը մնայ իրենց պարանոցին: Այսու, ես՝ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանս, մեր Տիրոջ կողմէ փոխանցուած Առաքելական շնորհով, ձեռնադրութեամբ եւ օծմամբ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս, որպէս Տաւուշ աշխարհի՝ Հայոց հիւսիս-արեւելեան կողմանց դարպասներու առաջնորդ, որպէս Մխիթար Գօշ մեծ վարդապետի, Վանական վարդապետի ժառանգութեան հսկողն ու շարունակողը, ինծի տրուած «կապելու եւ արձակելու» իրաւունքով եւ իշխանութեամբ, կը կապեմ Կորիւն աբեղան եւ իր չար աղանդի անդամները՝ որպէս հերձուածողներ եւ դուրս կը դնեմ զանոնք Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն մինչեւ իրենց կատարեալ զղջումն ու ապաշխարութիւնը եւ վերադարձը Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան գիրկը:

Կը դիմեմ ձեզի՝ Կորիւն աբեղայ եւ խումբի անդամներ, եթէ կ՚ընդունիք Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսին կանոնական «կապելու եւ արձակելու» իրաւունքն ու իշխանութիւնը, ապա կը հետեւիք մեր յորդորին եւ զղջումով ու ապաշխարութեամբ կ՚արժանանաք թողութեան եւ արձակումի, իսկ եթէ ոչ՝ ապա արդէն իսկ դուք ձեզ դուրս դրած էք մեր Սուրբ Եկեղեցիէն, չընդունելով առաքելական պատգամն ու եպիսկոպոսական իշխանութեան վաւերականութիւնը: Չարի պատերազմը Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ ինչ տեսքով եւ գոյնով ալ ըլլայ, պէտք է վերջ գտնէ եւ «վէմի վրայ պիտի կառուցեմ Իմ եկեղեցին, եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր» (Մատթ. 16:18): Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, Հայր Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը առաջնորդեն մեր կեանքը. ամէն:

*

ԱՆԳԼՒՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԵՊՍԿ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սիրելիներ, պետութեան լռութիւնը այս ամէն ինչին մէջ, անհասկնալի է: Եկեղեցին պետութենէն բաժնուած է, հասկցանք: Սակայն ասիկա Հայ Եկեղեցւոյ մասին է, որ թէ՛ իր միջազգային կապերով եւ թէ սփիւռքի մէջ ունեցած ազդեցութեամբ մեր պետականութեան կողքին եղած է դարեր շարունակ: Հայ Եկեղեցին հզօր կառոյց է, անոր հետ խաղ ընել կարելի չէ։

Միթէ կարելի՞ է ձգել, որ այսպիսի ծաղրի ու սրբապղծութեան ենթարկուինք: Ես իրաւաբան չեմ, սակայն գիտեմ, թէ՛ խօսքի եւ թէ հաւաքներու ազատութիւնը կը սահմանափակուի այնտեղ, ուր կը սկսին այլոց ազատութիւնները: Խօսքի ազատութիւն չի նշանակեր սուտի, ապատեղեկատուութեան ազատութիւն: Քանի դեռ ուշ չէ եւ հաւատացեալները ոտքի չեն կեցած, կը խնդրեմ մաքրել մայրավանքի տարածքը: Ես ասիկա կը գրեմ մի քանի տասնեակ հաւատացեալներու խնդրանքով:

Եւ կը երկրորդեմ իմ հոգեւոր եղբօրս՝ Տաւուշի թեմի առաջորդ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի բանադրանքը՝ եպիսկոպոսական իմ իշխանութեամբ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք այլեւս զրկուած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդուելէ՝ մինչեւ իրենց զղջումը, խոստովանութիւնն ու ապաշխարութիւնը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018