ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԴ…

21-րդ դար։

Դար՝ մրցակցութեան, առատութեան ու ճոխութեան։

Դուրսը՝ տեսակ-տեսակ ծաղկավաճառներ, որոնք տուրք տալով իրենց անծայրածիր երեւակայութեան, իրարու հետ մշտապէս կը գտնուին մրցակցութեան մէջ։ Բարձր ճաշակով ու իւրայատուկ ոճով շտկուած ծաղիկի խանութներու տաղաւարներն ու ցուցափեղկերը, անցորդը հմայելով ներս կը հրաւիրեն։ Իսկ խանութէն ներս՝ վարդերու, պէս-պէս ծաղիկներու զգլխիչ բոյրը միախառնուած դասական երաժշտութեան ելեւէջներուն, նոյնիսկ անհաւատը կը ստիպեն հաւատալ դրախտի գոյութեան։ Մարդու սիրտը ակամայ բարութեամբ կը լեցուի, յոգնածութիւնն ու բացասական լիցքերը անմիջապէս տեղի կու տան։

Մէկ խօսքով, կրնա՞ք խորհիլ նմանատիպ դրախտային խանութներէն քիչ մը հեռու՝ անդին, փողոցի մէկ անկիւնը խեղճ ծերունի մը կը կենայ։ Իր քարքարուտ ու բազմաչարչար կեանքի հոլովոյթին, տասնամեակներ գլորած եւ գրեթէ դարու մը բոլորմանը մօտեցած ալեզարդ պարոնը որոշած է մրցակցութեան մէջ մտնել անզուգական ծաղիկի խանութներու հետ։ Ակամայ, կը թուի, թէ ծերունին խելացնորած է։ Յանկարծ պահ մը կը խորհիս, թէ ան ինչպէ՞ս կրնայ իր քանի մը փունջ անշուք վարդերը վաճառել, երբ շուրջբոլորը հրաշագեղ ծաղիկի խանութներ կան։ Ո՞վ պիտի առնէ անոր վարդերը, վերջապէս, մրցակցութեան դարաշրջանին ան ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի գերէ յաճախորդները՝ յայտնի եւ տրամաբանական չէ։ Կը թուի, թէ վերջինիս հնարաւորութիւնները հաւասար են զերոյի։ Սակայն եկուր ու տես, որ ալեզարդ ծերունին, այլ կարծիքի է։

«Ընտանիքս, թոռնիկներս իմ օգնութեան կարիքը ունին, ես կրնա՛մ ու պիտի փորձեմ անոնց որեւէ կերպով օգտակար ըլլալ։ Այո, այո, քանի ոտքի եմ, պիտի փորձեմ», խորհեցաւ պարոն Ռազմիկը։ Երբ հանգստաթոշակը ստացաւ, մաս մը առաւ եւ յաջորդ օրը առտու կանուխ, առաջին իսկ հանրաշարժով գիւղէն քաղաք գնաց։ Յարմար գինով քանի մը փունջ վարդ գնեց ու քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն անկիւնը նստելով, փորձեց զանոնք վաճառել։ Եւ այսպէս երեք տարի շարունակ…

Օր մը աղէկ, օր մը գէշ օրերը կը թաւալէին։ Ռազմիկ պապիկը առաջին հանրաշարժով կու գար եւ երեկոյեան վերջինով գիւղ կը վերադառնար։ Քանի մը վարդ վաճառելու համար ժամերով կը նստէր։ Իսկ կ՚ըլլային օրեր, երբ բնաւ չէր կրնար վաճառել։ Ամէն անգամ, երբ ծերունին կը յուսահատէր, ներքին ձայն մը կը յուշէր. «ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ, մի՛ յուսահատիր»։ Այդ ձայնն էր, որ ամէն օր պարոն Ռազմիկը նոյն կանգառը կը բերէր։

Քանի մը օր առաջ ալ յուսահատութիւնը այլեւս տեղի տուաւ։ Ամբողջ օրը, արեւի տակ կեցաւ, ոչ մէկ վարդ կրցաւ վաճառել։ Վերջին հանրաշարժին կէս ժամ մնացած էր, սակայն գրպանները տակաւին դատարկ էին։ Ինչպէ՞ս տուն պիտի հասնի, ի՞նչ պիտի ընէ, մտքերուն մէջ խորասուզուած, յանկարծ լսուեցաւ քնքոյշ ձայն մը.

-Բարի երեկոյ պապիկ, փունջ մը կարմիր վարդ կը խնդրեմ։

-Խնդրեմ աղջիկս։ Գիտես, Աստուած ուղարկեց քեզ։ Այսօր, բոլոր օրը նոյնիսկ մէկ վարդ չկրցայ վաճառել։ Դուն առաջին յաճախորդս ես։ Քիչ ետք մեր գիւղի վերջին հանրաշարժը պիտի մեկնի,- տամուկ աչքերով, բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ ծերունին։

Անծանօթ երիտասարդուհին, որ քանի մը օր շարունակ տեսնելով փողոցի մէկ անկիւնը, նստարանին նստած ալեզարդ պարոնը, վարդ չսիրելով հանդերձ, խղճահարութենէն դրդուած ծաղիկ կը գնէր։ Այս օրը նոյնպէս բացառութիւն չէր, սակայն այս անգամ երիտասարդուհիին խղճին վրայ ծանրացաւ Ռազմիկ պապիկին տամուկ աչքերն ու յուսահատ հայեացքը։ Ան որոշեց, ձեւով մը օգնել ծերունիին։

Երբ տուն հասաւ, իր դիմատետրի էջին գրեց Ռազմիկ պապիկի մասին եւ խնդրեց իր ընկերներէն, որ վերջիններս շքեղ ծաղկավաճառներէ ծաղիկ գնելու փոխարէն, ծերունիի վարդերը նախընտրեն։

Ահաւասիկ, հրաշք մը տեղի ունեցաւ։ Դիմատետրի վրայ բարի աղջկան՝ Անիի կատարած սրտաճմլիկ գրառումը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ։ Յաջորդ առաւօտեան, մինչ Ռազմիկ պապիկը գիւղէն կը հասնէր իր համեստ նստարանը, տեղւոյն, գնորդներու ամբողջ բանակ մը իրեն կը սպասէր։ Բոլոր վարդերը ընդամէնը կէս ժամուայ մէջ վաճառուեցան։

Այնուհետեւ, 84-ամեայ Ռազմիկ պապիկը քանի մը ժամուայ մէջ կը վաճառէր իր վարդերը եւ տուն կը դառնար։ Ան Երեւանի նոր աստղը դարձած էր։ Իւրաքանչիւր անցորդ կը մօտենար, կը բարեւէր, որպիսութիւնը կը հարցնէր։ Աստուծոյ կողմէ տրուած փորձութիւնները պատուով յաղթահարելէ ետք, Ռազմիկ պապիկի համար, իր ներքին ձայնի նախատեսած անակնկալները այսքանով չեն սահմանափակուած։ Վերջինս համացանցային խոշոր առեւտրային կայքէջի մը կողմէ համագործակցութեան առաջարկութիւն ստացած է։ Այսուհետեւ, անոնք իրենց կայքէջի վրայ պիտի վաճառեն Ռազմիկ պապիկի վարդերը։

Այս գեղեցիկ պատմութիւնը կու գայ անգամ մը եւս մեզի հաւաստիացնելու, թէ յոյսը միշտ կ՚ապրի։ Ուղղակի պէտք է հաւատալ եւ յուսալ, պատուով անցնիլ մեր կեանքի ուղին։ Չէ՞ որ Բարձրեալը մեր բոլորին համար անակնկալներ ունի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019