ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏԻ ՄԷՋ

Վերջերս, Թէքէեան մշակութային միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը ամերիկաբնակ յայտնի հասարակական գործիչ, հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ» Ա. գիրքին: «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ» խորագրով ժողովածոյի առաջին գիրքին մէջ ամփոփուած է Երուանդ Ազատեանի «Պայքար» շաբաթաթերթին մէջ (Պոստոն) 2017 թուականի յունուարէն մինչեւ 2018 թուականի կէսերը տպագրուած քաղաքական վերլուծական յօդուածներու մէկ մասը՝ որոշակի ընտրութեամբ: Այդ յօդուածները հիմնականօրէն կը ցոլացնեն հայկական իրականութեան բազում խնդիրներն ու հիմնահարցերը։

Գիրքին յառաջաբանը գրած է «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, խմբագիրն է Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան:

Շնորհանդէսին ներկայ էր հեղինակը՝ Երուանդ Ազատեան, որ անդրադառնալով Աւետիքեանի խմբագրականին՝ ըսաւ հետեւեալը. «Օր մը, ես ինծի չեմ հարցուցած, թէ ինչո՞ւ կը գրեմ, բայց երբ այս գիրքին նախաբանը կը կարդայի, այդտեղ Յակոբ Աւետիքեան տեքարթեան ճշմարտութիւն մը նշած է. «Կը խորհիմ, հետեւաբար գոյութիւն ունիմ», եւ ինք ատիկա փոխադրելով ստեղծագործական տիրոյթ, կ՚ըսէ. «Կը գրեմ, հետեւաբար գոյութիւն ունիմ»: Ես, ուրեմն, երբ կը գրեմ, կ՚ընծայեմ այն, ինչ որ կու տամ ընթերցողին, նոյնքան նաեւ կը ստանամ ընթերցողէն:

Իմ քաղաքական, վերլուծական գործերուս մէջ կ՚առաջնորդուիմ երկու ուղղութիւններով՝ հորիզոնական եւ ուղղահայեաց: Հորիզոնականը այն է, որ մեր հայկական իրականութիւնը՝ հայոց ճակատագիրը, հայոց պատմութիւնը, Հայաստանը, իր առընչութիւնները տեղաւորել միջազգային, քաղաքական քոնթեքստին մէջ. առանց ատոր, առանց ծանօթանալու եւ տեղեակ, իրազեկ ըլլալու միջազգային իրադարձութիւններուն, եթէ դուն ծանօթ չես եւ այդ տարրը տեղ մը չունի քու վերլուծումին մէջ, կը նշանակէ, որ բան մը պակաս է... եւ վերլուծական ուղղութիւնը բովանդակութենէն զուրկ է, իսկ երկրորդը՝ պատմութիւնն է։

Ես պատմաբանի կոչում չունիմ, բայց կրնամ համեստօրէն ըսել, որ պատմութեան ուսանող մըն եմ, պատմութիւնը շատ կը սիրեմ եւ անկարելի է քաղաքական վերլուծում կատարել, մանաւանդ հայկական քաղաքական վերլուծում, առանց պատմութեան գիտակ ըլլալու կամ պատմութեան առընչութիւնները տեսնելու՝ այսօրուան իրականութեան մէջ։

Ինչ կը վերաբերի անգլերէնով գրուած նիւթերուն, ապա այնտեղ, աւելի ընդարձակ կերպով, կը ներկայացնեմ պատմական շարադրանքը, որովհետեւ կ՚ենթադրեմ, որ հայ, միջին ընթերցողը որոշ չափով հայոց պատմութեան անցուդարձերուն ծանօթ է, բայց ամերիկահայոց մեծ մասը, որ հայերէն չի գիտեր, այդ պատմութեան ընթացիկ տուեալներուն ծանօթ չէ ու այդ պատճառով ալ հարկ կը համարեմ յաճախ, աւելի մանրամասն բացատրութիւններով հանդէս գալ»:

Յառաջաբանին մէջ Յակոբ Աւետիքեան կը գրէ. «60-ականներուն սփիւռքահայ մամուլի ասպարէզ իջած սերունդին կարեւորագոյն դէմքերէն է Երուանդ Ազատեան, թերեւս ամենավառ ներկայացուցիչը իր սերունդին եւ ապահովաբար ամենահաւատարիմը իր կոչումին: Աւելի քան վաթսուն տարի է արդէն՝ ան կը գրէ ու կը խմբագրէ, կարելի է ըսել՝ հեւիհեւ, անխափան, անընդհատ կուտակուող ուժականութեամբ: Ոչ թէ էջ ու սիւնակ լեցնելու պարտաճանաչութեամբ, ոչ ալ,- երանելի՜ վիճակ,- ապրուստ հոգալու մտահոգութեամբ, այլ ընթերցողին հետ հերթական ժամադրութեան սպասողի անհամբերութեամբ: Ժամադրութենէ ժամադրութիւն պատահած ազգային, միջազգային կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն նկատմամբ իր վերաբերումը, մեկնաբանութիւնը մատուցելու փութաջանութեամբ: Չի քարոզեր, այլ ցոյց կու տայ, շերտ առ շերտ կը բանայ նիւթին ծալքերը, կը վերյիշեցնէ նախադէպերը, կը ներկայացնէ թարմ իրողութիւնները, կը համադրէ այդ բոլորը: Անշուշտ թելադրականութիւն կայ իր գրածներուն մէջ, բայց ոչ ստիպողութիւն իրեն պէս մտածելու, միակ ճշմարտութիւնը յայտնողի ինքնամենաշնորհումով: Ըսի՝ Երուանդ Ազատեան կը գրէ ընթերցողին համար, ոչ թէ ի ցոյց դնելու իր անսպառ գիտելիքները, այլ պարզելու իր տեսակէտը, ճշմարտութեան իր հայեցակարգը: Կը գրէ հայերէն եւ անգլերէն. երկրորդը լրագրողական միջազգային ներկայ պահանջներուն համահունչ, առաջինը՝ տոհմիկ թէքէեանական հարազատութեամբ, ինչ որ զինք կը դարձնէ անմրցակից՝ հայ ներկայ իրականութեան մէջ»:

Գիրքի խմբագիր Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ գրած է.

«Զարմանալի է, եւ, անշուշտ, հիանալի-հիանալու բան է, եւ թող ներուի ինծի այս մասին ըսելը, իր յառաջացած տարիքին Երուանդ Ազատեան պահպանած է ներքին կորովն ու եռանդը, կը թուի՝ միշտ նոյն աշխոյժ ու անխոնջ գրիչն է, միշտ նոյն եռանդուն գործիչն ու հայրենասէր անհատը: Ոչ ոք Ազատեանին պէս ակնդէտօրէն կը հետեւի սփիւռքի կեանքին. ատոր վկայութիւնը իր անմիջական արձագանգներն են սփիւռքահայութեան բազմապիսի խնդիրներուն: Ահաւասիկ, «Պայքար» շաբաթաթերթի իր խմբագրականները լաւագոյնս կ՚արտացոլեն վերն ըսուածը: Եւ գիրքը կազմողը յայտնուած էր դժուարին վիճակի մը մէջ. շուրջ 180 խմբագրական յօդուածէ երկու հատորի համար պէտք էր ընտրել մօտաւորապէս կէսը՝ իննսունը: Դժուարը ընտրութիւն կատարելն էր, որովհետեւ ատոնց մէջ արծարծուած հարցերն ու խնդիրները բոլորն ալ կարեւոր էին՝ ո՞րը ընտրել, ո՞րը դուրս ձգել: Ի վերջոյ, ընտրեցի: Ուրիշ կազմող մը գուցէ ընտրէր այն խմբագրականները, զորս ես չեմ ներառած այս գիրքին մէջ: Եւ հաւատացէք, ան ալ իրաւացի կ՚ըլլար: Ինչեւէ, ընտրութիւնը կատարուած է: Կարգը կը մնայ ընթերցողին»:

Ահաւասիկ կը ներկայացնենք նոր լոյս տեսած գիրքէն յօդուած մը, որ հեղինակը ստորագրած է 2017 թուականին:

ՆՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԻՄԱԳԻԾԸ

Հին սփիւռքը, երբ դեռ կլանուած էր իր հին խնդիրներով, աշխարհի հորիզոնին վրայ ուրուագծուեցաւ նոր սփիւռք մը, իր նոր հարցերով եւ նոր մարտահրաւէրներով:

Ինչպէ՞ս կը համալրուին այս երկու սփիւռքները. արդեօք հին սփիւռքի դեղատոմսերը կը բուժե՞ն նաեւ նոր սփիւռքին հիւանդութիւնները. եւ ո՞վ՝ հին սփի՞ւռքը, թէ՞ Հայաստանը առաջնորդութիւն պիտի վերցնեն այս երկու սփիւռքներով զբաղուելու եւ մեր համաշխարհայնացող ազգը միազօդելու:

Հարցեր են որոնց մասին դեռ չենք սկը-սած մտածել, որովհետեւ հին սփիւռքը տարուած է իր աւանդական խնդիրներով, իսկ նոր սփիւռքն ալ դեռ չէ եկած ուշքի՝ անդրադառնալու համար, որ ազգի մը սփիւռքացումը կենաց ու մահու խնդիր կրնայ յարուցանել: Հին սփիւռքը իր ծիներուն (gen) մէջ կը կրէ ինքնապաշտպանութեան բնազդը իբրեւ հետեւանք զանգուածային տեղաշարժերու՝ պատմական Հայաստանէն Կիլիկիա, Կիլիկիայէն Միջին Արեւելք ու Միջին Արեւելքէն դէպի արեւմտեան երկիրներ: Այդ տեղաշարժերը հետեւանքն են հաւաքական սպանդի, հալածանքներու եւ պարտադիր գաղթի. հայը ինքնուրոյն կերպով չէ որոշած իր պատմական հողը լքել ու հեռանալ դէպի անծանօթ հեռաստաններ: Այլ պարտադրաբար հեռացած է արեան ճամբով՝ ետին թողելով տուն ու երդիք, արտ ու կալուած եւ տաճար ու մատեան. բայց ուր որ նոր կայք հաստատած է իր անմիջական՝ անձնական ու ընտանեկան բարօրութենէն ետք, կամ անոր զուգահեռ, խարիսխներ դրած է հաւաքական վերականգնումի եւ գոյատեւման՝ դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն, թերթերու եւ գիրքերու հրատարակութիւն եւ այլն: Սակայն, աշխարհը սկսած է փոխուիլ եւ այն ազդակները որոնք ապահով գործօններն էին ազգապահպանման՝ դարձած են անբաւարար կամ ժամանակավրէպ: Այդ պատճառով է, որ սփիւռքի ինքնութեան տագնապը սկսած է ծաւալ ստանալ՝ նահանջի մատնելով լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը եւ աւանդական արժէքները: Քիչեր կը հաւատային, որ Եղեռնէն դար մը ետք դեռ սփիւռքը պիտի կարենայ պահել իր կենդանութիւնը՝ իր տագնապներով հանդերձ: Պարբերական գաղթերը Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք կենսաւորած են հոգեվարքի մատնուած Արեւմուտքի հայկական համայնքները, բնականաբար ի վնաս եւ ի հաշիւ Միջին Արեւելքի նօսրացող գաղութներուն: Երբ Միջին Արեւելքի արիւնաքամ գաղութներու ներուժը սկսած էր տկարանալ, վրայ հասան գաղթականական ալիքները՝ այս անգամ Հայաստանէն եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն: Ճիշդ է, թէ այդ հոսանքը կորուստ մըն էր հայրենիքի համար, սակայն նախկին դրոյթով արժէ՞ք մը պիտի դառնար ան վտանգուիլ սկսող գաղութները վերակենդանաւորելու: Ասիկա մեծ հարցական մըն էր եւ կը շարունակէ մնալ նոյնքան մեծ հարցական մը: Նոր հոսանքը հայրենիքը կը լքէր ոչ այն պատճառներով որ սփիւռքահայը լքած էր պատմական արեւմտահայաստանը: Հայաստանցի գաղթականը կը հեռանայ իր պատմական հողերէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ. արդէն պատրաստուած ու զինուած ուսումով ու գիտութեամբ եւ առաւելաբար դարձած աշխարհաքաղաքացի (cosmopolitan): Սակայն, հայ նոր գաղթականի ծիներուն մէջ չէր զարգացած ինքնապաշտպանութեան բնազդը իր բնավայրի եւ իր կենսաձեւի բնոյթին պատճառաւ. հայը որ իր հայրենի հողին վրան է՝ չունի հին երազը իր Կիլիկիան ու Վանը վերագտնելու. հողը իր ոտքին տակն է Արշակ Բ. թագաւորին նման, լեզուն եւ մշակոյթը մաս կը կազմեն իր առօրեային եւ մեկուսացած են աւելի մեծ մշակոյթներու ճնշիչ ազդեցութենէն ու վտանգին տակ չեն կորսուելու կամ աղաւաղուելու: Հետեւաբար հողը, լեզուն, մշակոյթը վտանգուած չեն՝ մտահոգութիւն պատճառելու կամ մարտահրաւէր դառնալու: Փաստօրէն, Հայաստանի հայը անզէն է սփիւռքացման աղէտներուն դիմաց երբ կը լքէ հայրենիքի սահմանները: Այս նկատողութիւնը քննադատութիւն մը չէ՝ որքան պայմաններէն թելադրուած ճշմարտութիւն մը: Այսօր Ռուսաստանի մէջ աւելի բազմաթիւ հայեր կան քան Հայաստանի՝ նախագահ Փութինին ըսել տալու համար, որ «ես աւելի մեծ թիւով հայերու նախագահն եմ քան նոյնինքն Հայաստանի նախագահը»: Հայաստանի հայերը արտագաղթելով հաստատուած են թէ՛ աւանդական հայ ոստաններու մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական զանգուած չունեցող երկիրներու մէջ: Բացայայտը եւ ամենէն խոշոր զանգուածը Գալիֆորնիոյ հայութիւնն է, որ վերջին քսանհինգ տարիներուն կէս միլիոնի սահմանը հատեց ու անցաւ: Կան նաեւ եւրոպական երկիրները՝ Յունաստանը, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Իտալիան, եւ այլն: Օրինակ՝ Յունաստանի աւանդական հայ համայնքը 10 հազարի սահմաններէն նուազ է: Յանկարծ 35 հազար հայաստանցիներ կը հաստատուին Յունաստան: Կը պարզուի, որ Հայաստանէն գաղթող հայերու հոսանքը հին գաղութը կենսաւորող ազդակ մը չի հանդիսանար. եկեղեցւոյ ծխականները կը շարունակեն նօսրանալ, հայ դպրոցը կը դատապարտուի փակման, սակայն նոր հաստատուող ընտանիքներու զաւակները հեռու կը մնան աւանդական դպրոցէն ու եկեղեցիէն, հակառակ որ եկեղեցասէր են եւ մտահոգ հայապահպանման խնդրով: Նման ընկերային լապորաթուար (տարրալուծարան) մըն է նաեւ Լոս Անճելըսը, ուր հայաստանցիները կ՚ապրին իրենց կենցաղով, իսկ աւանդական գաղութն ալ կը շարունակէ իր ինքնութիւնը պահել փորձել իր հին գործելակերպով: Անդին կը կազմուին այլ գաղութներ, ուր նախընթաց գոյութիւն չունէր հայկական հաւաքական կեանքը - Գերմանիա, Սպանիա, սկանտինաւեան երկիրներ, Հոլանտա եւ այլ երկիրներ, ուր հայոց հաւաքական կեանքը կը ստանայ բոլորովին ինքնուրոյն բնոյթ. ո՛չ անցեալի հայապահպանութեան ազդակները կը գործեն, ոչ ալ հայութիւնը միացնող նոր ազդակներ կը յառաջանան: Բարեգործականը, Դաշնակցութիւնը եւ այլ քանի մը նորաստեղծ խմբաւորումներ նախաձեռնութիւններ վերցուցած են Ռուսաստանի, Ուքրայնոյ, Պուլկարիոյ, Պելժիոյ եւ այլ նորակազմ գաղութներէն ներս: Կորուստի ահաւոր աղէտին դիմաց՝ իսկապէս անբաւարար կիսամիջոցներ են այդ բոլորը: Ինչ կարող է ընել Հայաստանը բացի հայ լեզուի գիրքեր ուղարկելէ դէպի Ջաւախք: Կարծէք Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, անցեալին, սովետի ծանր տարիներուն շատ աւելի ուժական ներազդեցութիւն գործած էր հայ գաղութներէն ներս՝ մշակոյթ, գրականութիւն եւ ոգի մատակարարելով քան այսօրուան սփիւռքի նախարարութիւնը իր տնավարի գործունէութեամբ: Սովետահայը բարդ արարած մըն է՝ հակասութիւններով լեցուն եւ դժուար է զայն զետեղել սփիւռքահայու կաղապարին մէջ եւ ապահովել անոր ազգապահպանութիւնը: Ան ունի հանճարեղ գիտնականներ, արուստագէտներ եւ գործավարներ, որոնք հայ գաղութներէն դուրս յաջողութիւններու կը հասնին: Միւս կողմէ նաեւ - առաւելաբար - սովետահայ են Գալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ կալանուած յանցագործները, որոնք սովետի բռնութիւններէն ազատած չեն գիտեր ի՛նչ կրնան ընել իրենց նորագիւտ ազատութեամբ: Սովետահայը նաեւ հասկնալի մեծամտութիւն մը ունի սփիւռքի կազմակերպութեանց մշակութային մակարդակին նկատմամբ, որովհետեւ Սովետական Հայաստանի մէջ տեսած եւ սորված է արուեստը արհեստավարժ մակարդակով, որ բնականօրէն գերազանց է սփիւռքի թերթերուն, գեղարուեստին, գրականութեան ու առ հասարակ՝ մշակոյթին բաղդատմամբ: Որովհետեւ սփիւռքի մէջ ալ յաջողած հայը գաղութին մէջ չէ. գաղութը տէրը չէ անոր ոչ ալ ան՝ իր գաղութին: Այլ միայն միջակ հետեւակն է, որ կը վերապրի գաղութին մէջ: Հայաստանցի հայն ու աւանդական սփիւռքի հայը աւանդութեանց եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ ալ տարբեր, երբեմն հակոտնեայ ընբռնումներ ունին: Իսկ լեզուի եւ ուղղագրութեան մէջ՝ բացարձակ անզիջող են - «սովորեցէք պետական լեզուն»: Այո՛, անոր խեղաթիւրուած ուղղագրութեամբ ու թրքաբանութիւններու եւ ռուսաբանութիւններու վիրակապերով հանդերձ: Սակայն, վերապրումի պահանջը չի թելադրեր փոխադարձ քննադատութիւն - այլ խոր ուսումնասիրութիւն ստեղծուած կացութեան, հատուածներու արժէքներուն ու թերութեանց, հանդէս գալ համազգային տարազով մը: Հին սփիւռքը կը մաշի, սակայն նոր սփիւռքը սատար չի կրնար հանդիսանալ անոր. աւելին՝ տակաւին ան չէ ստեղծած նոյնինքն իր ինքնութիւնը պաշտպանելու եւ տեւականացնելու դրութիւնը, որովհետեւ, ան ալ իր կարգին նոր կը դիմաւորէ ազգապահպանման նահանջի վտանգը: Գնահատելի է, որ արեւմտահայաստանի դատին պաշտպաններ կան, արեւմտահայերէնի փրկութեան փորձեր կը կատարուին, եւ համաշխարհային նոր հայու տիպար մը եւ իտէալ մը կ՚ուրուագծուի: Սակայն, ո՞ւր պիտի սկսի համադրութիւնը, ուր պիտի ամբողջանայ ներդաշնակութիւնը, որ համաշխարհային հայու տիպարը ամուր կանգնած ըլլայ իր ազգային էութեան կռուանին վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021