ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ Ա­ՒԵ­ՏԱ­ՐԱ­Ն (Գ.)

ՆՈՅ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ՝ ՀԱ­ՄԱ­ՏԵ­ՍԱ­ԿԱՆ Ա­ՒԵ­ՏԱ­ՐԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ 

Ֆ. Պրուս կ՚ըսէ. «Անուրանալի է թէ աւետարանիչը ծանօթ էր միւս Աւետարաններուն։ Հաւանօրէն ան ճանչցած է անոնցմէ մաս մը առնուազն, բայց զանոնք չէ օգտագործած որպէս աղբիւր»։

Առաքելութիւնը կը սկսի Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութեամբ, ապա տասներկու առաքեալներուն ընտրութիւնը (Հմմտ. Յհ 6.67-70)։ Յաջող առաքելութիւն մը Գալիլիոյ մէջ, յատկանշուած հրաշքներով, բժշկութիւններով եւ լիճին մօտ հինգ հազարին կերակրումովը, որմէ ետք գիշերով Յիսուս աշակերտներուն քով կու գայ ջուրերուն վրայէն։

Այս աւետարանին մէջ եւս Պետրոս առաքեալ կը ներկայանայ իբրեւ խօսնակ առաքելական դասուն եւ իր հաւատքի դաւանութիւնը կու տայ յայտարարելով, թէ Յիսուսն է Քրիստոսը։ Աւետարանիչը բծախնդրութեամբ կը մօտենայ Երուսաղէմի յաղթական մուտքի դրուագին, որմէ ետք կը պատմէ Բեթանիայի մէջ Յիսուսի օծումը, կանխիմացութիւնը Յուդայի մատնութեան եւ Պետրոսի ուրացումը։ Գեթսեմանիի մէջ ձերբակալութիւնը դատավարութիւն քահանայից դասուն կողմէ, խաչելութիւն եւ յարութիւն։    

ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐԸ

Նկատելի պարագայ մըն է, որ այս աւետարանին մէջ յանուանէ չեն յիշատակուած ո՛չ ինք, ո՛չ իր եղբայրը եւ ոչ ալ՝ իր մայրը։

Կղեմէս աղեքսանդրացին կ՚ըսէ, թէ առաջին երեք աւետարանները «Մարմնաւոր» են, իսկ չորրորդը՝ «Հոգեւոր»։ Յովհաննէս կը շեշտէ Յիսուսի ծառայութիւնը Երուսաղէմի ու Հրէաստանի շրջաններուն մէջ, մինչ Համատեսական աւետարանները անոր ծառայութիւնը առաւելաբար կը կեդրոնացնեն Գալիլիայի շրջաններուն մէջ։ Համատեսական աւետարաններուն մէջ Յիսուսի Երուսաղէմ այցելութիւնը մէկ անգամ յիշատակուած է միայն, իսկ այստեղ՝ յաճախակիօրէն։ Յիսուս կ՚այցելէ Երուսաղէմ եւ երկար հակաճառութիւններ կ՚ունենայ գաւիթին մէջ, որոնք երբեմն մանրամասն ներկայացուած են աւետարանիչին կողմէ։

Այս աւետարանին մէջ տաճարին մաքրագործումը յիշուած է Յիսուսի Երուսաղէմ այցի առաջին իսկ առիթով, մինչ միւս աւետարաններուն մէջ կը ներկայանայ որպէս առաջին դէպք Յիսուսի տնօրինական կեանքի վերջին շաբթուան։

Յովհաննէս զանց կ՚ընէ մկրտութեան դրուագը, այլակերպութիւնը եւ Գեթսեմանիի մէջ Յիսուսի անցուցած խռովութիւնը։ Ոչ մէկ ակնարկութիւն դիւահանութեան։ Իսկ բժշկութիւնները ներկայացուած են ո՛չ թէ իբր արդիւնք կարեկցութեան, այլ անոնք առիթներ են աստուածային հեղինակութիւնը փաստելու եւ զօրութիւնը բացայայտելու, ինչպէս որ Նիկոդեմոս կ՚ըսէ. «Վարդապե՛տ, գիտենք որ Դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել Քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ» (Յհ 3.2)։ Նաեւ Յիսուս հրաշք գործելէ ետք խորունկ հոգեւոր ճշմարտութիւն կը բացայայտէ։ Օրինակ՝ Յիսուս երեսունութ տարուան հիւանդ մը բժշկելէ ետք կ՚ըսէ. «Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի» (Յհ 5.14)։ Այս աւետարանին մէջ երբ մէկը Յիսուսի հանդիպի, անոր համար տեսակ մը հոգեւոր վերածնունդ եւ յաւիտենական կեանքի լուսաւորութիւն կ՚ըլլայ. օրինակ՝ Սամարացի կնոջ եւ Նիկոդեմոսի հանդիպումը։

Ի վերջոյ այս աւետարանը ամբողջութեամբ տարբեր է, իր շօշափած նիւթերով եւ գրութեան կերպն ալ ամբողջապէս կը տարբերի Համատեսական աւետարաններէն։

Յովհաննէսի աւետարանը աւելի վարդապետական է, քան՝ բարոյական։ Առակներ չկան, բայց կան այլաբանութիւններ, ինչպէս Քրիստոսի «Ես եմ»ներու շարքը։ «Ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48), «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յհ 8.12), «Ես եմ բարի հովիւը» (Յհ 10.11), «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25), «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6), «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.11)։

Վերջապէս, այս աւետարանին մէջ հոգեւոր փրկութիւնը աւելի շեշտուած է, քան՝ միւս աւետարաններուն մէջ։

ԳԻՐՔԻՆ ՎԱՅՐՆ ՈՒ ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Թէ՛ աւետարանը եւ թէ թուղթերը գրուած են առաքեալի կեանքի վերջին տարիներուն։

Մասնագէտներ տարբեր վայրեր կ՚առաջարկեն այս աւետարանին գրութեան որպէս վայր. Անտիոք, Եփեսոս, Աղեքսանդրիա, Հռոմ, Պաղեստին։

Հռոմն ու Պաղեստինը մէկդի կը թողունք, որովհետեւ այնքան ալ տարածում չէ գտած մասնագէտներուն մէջ։ Անտիոք առաջարկողները դիտել կու տան, թէ Յովհաննէսի աւետարանին մտածումներն ու ոճաբանութիւնը հարազատ նմանութիւն կը կրեն Անտիոքի Եպիսկոպոս Իգնատիոսի նամակներուն հետ։

Զօրաւոր հրէական համայնք ունեցած է Աղեքսանդրիան, ուր տեղի տուած է աղանդի մը, որ յատուկ պատիւ կ՚ընծայէր Յովհաննէս Մկրտիչի՝ զայն Յիսուսէն գերիվեր համարելով, որովհետեւ ինքն էր որ մկրտեց զԻնք։ Աղեքսանդրիան միաժամանակ հելլէնական մտածողութեան կեդրոն եղած է, որմէ Յովհաննէս կը թուի ազդուած ըլլալ։

Եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութեան համաձայն՝ գրուած է Եփեսոսի մէջ, տրուած ըլլալով, Յովհաննէս առաքեալ իր կեանքի վերջին տարիները այնտեղ անցուց։

Անոնք, որոնք այս աւետարանը կը վերագրեն «Յովհաննէս երէցին», անոր գրութեան թուականը կը դնեն 110-130-ի միջեւ։ Իսկ ընդհանուրին կողմէ ընդունուածը այն է, որ այս աւետարանը գրուած է 85-90 թուականներուն միջեւ։  

ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՏԵՂԸ ԿԱՆՈՆԷՆ ՆԵՐՍ

Այս աւետարանը բացի որոշ բացառութիւններէ, դրուած է աւետարաններուն մէջ չորրորդ տեղը։ Իրենէոս կը յայտարարէ, թէ աւետարանները չորս հատ են եւ «միայն չորս»։

Վաղեմի Եկեղեցիին մէջ այս աւետարանը մերժողները եղած են Հերետիկոս Մարկիոն եւ «ալօգօի» (անբաններ)։ Նշենք, թէ այստեղ «անբան» բառը ըսել չ՚ուզեր բանականութիւն չունեցող։ Այս յորջորջումը անոնց տրուած է, որովհետեւ անոնք չընդունեցին եւ դէմ դրին Յովհաննէսի Յիսուսի մասին արձանագրած՝ «Բանն Աստուծոյ» կոչումին։

Վաղեմի Եկեղեցւոյ հայրերէն ունինք մեզի հասած վկայութիւններ, որոնք ապացոյց են այս աւետարանին վայելած դիրքին ու հեղինակութեան։ Ամենէն ցցուն վկայութիւնը կու տայ Թէոփիլոս Անտիոքացին, որ կը ջանայ բացատրել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Բանն Աստուծոյ» խօսքը։ Թէոփիլոս այս աւետարանէն մէջբերումներ կ՚ընէ եւ կը խօսի «Աստուծմէ ներշնչուած մարդոց» մասին «Որոնցմէ մին՝ Յովհաննէս, կ՚ըսէ թէ սկիզբէն էր Բանը»։ Յովհաննէսի աւետարանէն ամենահին արձագանգները կու գան Կղեմէս Հռոմայեցիէն (95) եւ Բառնաբասի թուղթէն (երկրորդ դարու սկիզբը)։ Այս աւետարանէն մէջբերումներ կ՚ընեն Յուստինիանոս վկայ եւ Իգնատիոս։ Պողիկարպոս եւ Պապիաս, որոնք կու գան Իգնատիոսէն ետք, բայց Յուստինիանոսէն առաջ, կը վկայեն, թէ Եփեսոսի մէջ անձամբ ճանչցած են ծերունի Յովհաննէս առաքեալը։ Ասոնք ալ իրենց գրութիւններուն մէջ այս աւետարանէն մէջբերումներ կատարած են։ Հերետիկոս Հերակլիոն եւս կ՚ըսէ, թէ այս աւետարանը Յովհաննէս առաքեալին հեղինակութիւնն է։ Եւ վերջապէս Տատիանոս Ասորին (170) իր հռչակաւոր «Դիատեսարոն»ին մէջ կը յիշէ նաեւ Յովհաննէսի աւետարանը։ Ասոնցմէ անկախ կան մագաղաթներու եւ պապիրոսներու վրայ արձանագրութիւններ, որոնք Յովհաննէսի աւետարանէն մէջբերումներ կը պարունակեն։


Օգտագործուած աղբիւրացանկ

- «Նոր Կտակարան», Անթիլիաս, 2001։

- «Ներածութիւն Նոր կտակարանի», «Ժիրայր Պզտիկեան», Նիւ Ճըրզի, 1997։

- «Քննական պատմութիւն Սուրբ գրական ժամանակներու», Դ. Գիրք, Անթիլիաս, 1974։

- «Աստուածաշնչական Սուրբեր», Շնորհք Արք. Գալուստեան, 1997։

- «The Gospel & Epistles of John», F.F.Bruce, U.S.A, 1994։

- «The Interpreter’s Bible», U.S.A, 1939։

- «Saint John», John Marsh, Great Britain, 1968։

- «Հայր Թադրոս Մալդի» (Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն)։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018