ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ

Հայ գրող, մանկավարժ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, տնտեսագէտ եւ թարգմանիչ, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանի ծննդեան օրն է այսօր: Խասգիւղ 1848-ին ծնած այս հայ գործիչին նշանաբանը եղած է. «Առանց կրթութեան չկայ կեանք, չկայ երջանկութիւն»:

Պէրպէրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, ապա Պոլսոյ օտար վարժարաններուն մէջ եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ զբաղած եւ այդպէսով խթանած է ինքնազարգացումին:

Կանուխ տարիքէն նուիրում դրսեւորած է մանկավարժական իր կոչումին հանդէպ: 16 տարեկանին արդէն սկսած է անձնական դասեր տալ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ իր տարեկիցներուն: Հազիւ 25 տարեկան՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան, 1876-ին կը ձեռնարկէ նախ Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին: Մինչեւ 1907 իր մահը, ան վարած է Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնի եւ ուսուցչապետի պաշտօնը: Գործիչը երաժիշտներ եւ նշանաւոր մտաւորականներ Օննիկ եւ Շահան Պէրպէրեաններու հայրն է:

Իր հրատարակած մանկավարժական ձեռնարկներուն մէջ («Դաստիարակի մը խօսքերը»-1901, «Դպրոց եւ դպրութիւն»-1907 եւ այլն) կը դրսեւորուին գեղեցիկի, բարիի, ճշմարտութեան սկզբունքները։ Ատոնց մէջ ան կոչ ուղղած է ծառայել ժողովուրդին, հրաժարիլ սերտողական մեթոտներէն, դասաւանդումը դարձնել հետաքրքրական եւ ուսանելի, ժամանակի յառաջդիմական պահանջներուն համապատասխան ուսուցիչներ պատրաստել ազգին համար:

Կը ներկայացնենք Պէրպէրեանի «Դպրոցական պատիժները» յօդուածը, որ առած ենք «Մասիս», մանկավարժական հանդէսէն (1894թ.): Այս եւ կրթական ուրիշ գործեր յետագային լոյս տեսած են գիրքերով եւ օրին գրուած բոլոր յօդուածները այսօրուայ կրթական համակարգին համար շատ արդիական են:

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ

Քասթէմունիի դպրոցին ուսուցիչներէն Արամ էֆէնտի Յովասափեան կը յայտնէ նամակաւ մը թէ մի քանի կրթասէր անձանց հետ կարծեաց փոխանակութիւն մը ունեցեր է սա խնդրոյն վրայ թէ «ո՛րք են այն բարոյական յարմարագոյն պատիժները զորս մանկավարժութիւնը կը թոյլատրէ սահմանել ի հարկին յանցաւոր մանկան», եւ թէ չկարենալով վերջնական համաձայնութեան մը յանգիլ, հարկ համարած է դիմել խմբագրութեանս կարծեաց, խորհելով որ «թերեւս այսու այլոց կրթական պաշտօնէից ալ տածած հետաքրքրութիւնը յագուրդ կ՚ստանայ»:

 

Հարցը մանկավարժութեան կարեւորագոյն հարցերէն մին է ու շատ վէճերու եւ տարաձայնութեանց առարկայ եղած. բայց վիճաբանող տեարք արդէն լաւագոյն լուծման մը մօտեցած կը համարուին, քանի որ իրենց խնդիրը կը սահմանափակեն բարոյական, մանկավարժութենէ թոյլատրեալ եւ ի հարկին սահմանելի պատժոց մէջ: Ըսել է՝ կը մերժեն մարմնական պատիժները, կ՚ընդունին որ նոյնիսկ բարոյական պատժոց մէջ կան հակամանկավարժականներ, եւ վերջապէս կը խորհին որ պատիժք ի հարկին միայն պէտք է որ սահմանուին, եւ ո՛չ յամենայն դէպս, յախուռն ու անխորհուրդ:

 

Նախ եւ առաջ, ըստ մեզ, դպրոցական պատիժին բնութիւնն ու դերը պէտք է ճշդել: Դպրոցին մէջ պատիժը պէ՞տք է հասկնալ բոլորովին այն իմաստով որով կը հասկցուի ընկերութեան մէջ: Անշուշտ ո՛չ. քաւութեան պէս բան մը չէ այն որ կը հարկադրուի յանցաւորին վրայ որպէսզի քաւէ իւր յանցանքը, տեսակ մը վրէժ յանցաւորէն իր գործած չարեաց փոխարէն: Տղան յաճախ բառին բուն նշանակութեամբ յանցաւոր չէ. դեռ իր ըրածին կատարեալ պատասխանատու չէ, վասն զի դեռ իր բանականութիւնը եւ իր կամքը անզարգացեալ անկազմ վիճակ մ՚ունին: Ասկէց զատ դաստիարակը անպատճառ դատաւոր մը ու պատժածու մը չէ. ուսուցանող, առաջնորդող, օրէնսուսոյց մ՚է մանաւանդ եւ բացառաբար, ի հարկին եւ ի հարկէ միայն դատաւորի ու պատժածուի դեր կ՚ստանձնէ: Նա ակամայ պարտի պատժել. սովորաբար խրատատու, զգուշացուցիչ, նա, որպէս Հրեայ վարդապետք կ՚ըսէին, «Երկու ձեռքով պարտի գգուել եւ մէկ ձեռքով միայն պատժել»:

 

Ուսուցիչը պաշտօն ունի կրթելու մանուկը, որ մտքովն ու սրտովն ապրելու եւ առաջնորդուելու սահմանուած էակ է. ապա եւ անոր բարոյական կրթութիւնը անոր մտքին ու սրտին վրայ ներգործելո՛վ կրնայ ի գործ դրուիլ, ուսուցմամբ, ներշնչմամբ, օրինակաւ բարւոյն եւ առաքինութեան: Տակաւ առ տակաւ կը հաստատուին բարի սովորութիւնները, սիրտը կամաց կամաց կը բացուի ազնուական զգացումներու եւ փորձով ու կրթութեամբ (instruction) բանականութիւնը կը սովրի հետզհետէ ընտրել լաւը յոռիէն, եւ բնազդական բաղձանքներուն մէջէն քիչ քիչ կը կազմի երեւան կուգայ կամք մը, բարւոյն գիտակցօրէն ընտրող եւ զայն գործադրելու համար բաւական ոյժ ունեցող: Այս աստիճանական բարոյական զարգացումը փափկութեամբ ու իմաստութեամբ առաջնորդելի գործ մ՚է: Տխմար ու անսիրտ ըլլալ է մինագամայն՝ չարչարել ու բռնազբօսել քնքուշ անգիտակ հոգին՝ պահանջելով անկէց ու բռնի ջանալով ստանալ այն կատարելութիւնները զորս դեռ չէ կարող ունենալ: Բիրտ ձեռք մը կրնար առ յաւէտ ճզմել չորցնել այդ նորաբոյս տունկը, առ յաւէտ թիւր ու հաշմ ընել զայն: Մանկան բնութեան անգիտութեամբ եւ անոր անհամեմատ ու հակառակ կերպով եղած անմիտ պահանջմունք եւ բռնութիւնք մէկ կողմէն մանկական հասակի զուարթութիւնն ու երջանկութիւնը կը փճացնեն, եւ միւս կողմէն կը վնասեն անոր դաստիարակութեան, երկիւղի զգացման տակ անոր ուղեղը եւ սիրտը ճնշելով, անոր կամքը պրկելով եւ ատելութիւն ներշնչելով անոր դասի ու դասատուի դէմ:

 

Ի՞նչ բանէ յառաջ կու գայ վարժապետին խաղ խաղալու հաճոյքը որ սովորական է շատ տղայոց, եթէ ոչ այն ատելութենէն զոր ազդած է իրենց անոր խիստ ու բռնաւոր վարմունքը: Շատ չըներ որ վարժապետներ կը վախնային փողոցներէն անցնելու. աներեւոյթ փոքրիկ ձեռներէ արձակուած քարերու կարկուտ մը կը բռնէր զանոնք յաճախ եւ չարաճճի ձայներ անծանօթ անկիւններէ ելած ու ծիծաղելի համերգ մը կազմած հայ հուչ կ՚ընէին զիրենք. «Պա՜տ-ուե՜-լի՜, պա՜-տէ՜ն վե՜ր ե՜-լի՜»: Ցերեկն ի բուն ճնշուած տղաքներն էին որք, փողոցէն ազատագրեալ, իրենց ոխը կը լուծէին ահեղ պատուելիէն:

 

Երբ ուսուցիչն իր պաշտօնին գիտակցութիւնը ունի, ինչպէս նաեւ մանկան բնութեան եւ զարգացման օրէնքներուն գիտութիւնը, յայնժամ արդէն ինքնին մեծապէս կը նուազի պատժելի համարուած դէպքերուն թիւը: Գիտէ համբերել, սպասել, ներել, անտես ընել, գոհանալ կրկնելով դասն ու խրատը, ազդարարելով, յորդորելով, բնական գտնել շատ բան ու չզայրանալ ընդունայն, հսկել ու զգուշացնել կանխաւ՝ յետոյ պատժելու տեղի չթողլու համար, ներկային չտուածը կամ տալ չկրցածը ապագայէն ու նորանոր ջանքերէ յուսալ եւն.: Դպրոցին մէջ ո՛չ թէ իր կամքին եւ իր քմահաճոյիցն է որ հնազանդիլ կը պահանջէ աշակերտներէն, այլ դպրոցին օրինաց որք պարտաւորութիւն մը չեն հարկադրեր անոնց վրայ որ անոնց տարիքէն ու կարողութենէն վեր ըլլայ: Ի նկատ գիտէ առնուլ մանկութեան անհանդարտ վառվռուն բնաւորութիւնը, առատազեղ կեանքի մ՚անխորհուրդ յորդումը, անոր մշտաշարժ հետաքրքրութիւնը, դիւրախոնջ ուշադրութիւնը եւ դիւրափոփոխ ախորժակները, եւ տղայոց գործած թերութիւններուն մէջ ընել ասոնց բաժինը, ինչպէս նաեւ իր ի գործ դրած մեթոտներուն մէջ գոհացում տալ անոնց եւ օգուտ քաղել անոնցմէ եւ ուղղել զայնս՝ փոխանակ անխորհրդաբար բռնազբօսել ջանալու զբնութիւնը: Ո՜րչափ արդարեւ կը փոխուին իրերը. վարժապետը չարչարելու համար ստեղծուած կար-ծըւող այն սատանիկները մէկ մէկ հրեշտակ կը դառնան. գոհ ու երջանիկ են, ապա եւ բարի են. ու նաեւ աւելի խելացի, վասն զի բնական ճամբու մէջ են եւ զուարթութիւնը պայծառութիւն մը կու տայ իրենց մտքին: Համակրական կապ մը կայ դաստիարակին ու աշակերտաց մէջ. ասոնց վստահալից նայուածքները, ընտանի վարմունքը կ՚ըսեն դաստիարակին թէ կը սիրեն զինքը, եւ դաստիարակը գոհ է անոնց սիրով որ ա՛յնքան դիւրին եւ քաղցր կ՚ընէ իր գործը: Այսպիսի ճշմարտիւ մանկավարժական շրջանակի մը մէջ տխուր՝ այլ բացառիկ հարկի մը, դեղի մը հարկաւորութեան պէս միայն կրնայ ներկայանալ պատժի պէտքը:

 

Այս պէտքը կը ծագի երբ աշակերտ մը յամառ անկարգութեամբ մը կը խափանէ դասատուն իր դասն ընելէ, կը խանգարէ դասարանին բարեկարգութիւնը, կ՚արգիլէ իր ընկերակիցները դասէ կամ սերտողութենէ: Այս պէտքը կը ծագի դարձեալ, երբ աշակերտը նիւթական վնաս մը կը հասցնէ իր ընկերակցին կամ դպրոցին, կը գողնայ, կը պատռէ, կը կոտրէ եւն. երբ կը վնասէ իրեն ու դպրոցական կեանքը անօգուտ կը դարձնէ իրեն ծուլութեամբ եւ անճշդութեամբ, հակառակ կանխագոյն խրատուց եւ ազդարութեանց. երբ վիրաւորիչ վարմունքով իր ընկերակցաց բողոքին տեղի կու տայ, եւ երբ յարգանաց պակասութիւն կ՚ընէ առ իւր ուսուցիչս յամառ անհնազանդութեամբ կամ անարգական խօսքով: Բոլոր այս պարագայներուն մէջ անմիջական զսպման ու դարմանարար տնօրինութեան մը պէտքն ակներեւ է: Երբ դպրոցին կամ դասարանին մէջ կարգապահութիւն չըլլայ, դպրոցն անկարող կ՚ըլլայ իր նպատակին ծառայելու: Դպրոցին ու աշակերտաց գոյքերը պէտք է որ պահպանուին, վասն զի անոնք ուսուցման կը ծառայեն եւ աշակերտք իրաւունք ունին պահանջելու որ ուսուցիչը արգիլէ իրենց գոյից կորուստը կամ խաթարումը ուրիշ աշակերտներու ձեռքով: Երբ աշակերտը իր ծուլութեան ու պարտազանցութեան մէջ անմիջական կերպով չարգիլուի, դպրոցին գործը մեծ մասամբ ապարդիւն կը լինի անոր վրայ: Դարձեալ աշակերտաց արդարութեան զգացումը անմիջական գոհացում կը պահանջէ, երբ իրենց ընկերակիցներէն մին զիրենք բիրտ խօսքով կամ վարմունքով ցաւեցնէ. հակառակ պարագային՝ կը բերուին անձնապէս արդարութիւն ի գործ դնել եւ վէճ ու կռիւ կը խռովեն դասարանը կամ բակը, տեղի կրնան տալ ցաւալի միջադէպերու եւ հետեւանաց, եւ տղոց մէջ կը խանգարի ներդաշնակութիւնը, - բան մը որ դարձեալ պիտանի է դպրոցական մթնոլորտին հանդարտութեան, զուարթութեան եւ բարոյացուցիչ ներգործութեան: Իսկ ուսուցչին դէմ տեղի ունեցած անարգութեան ու խեռութեան գործը եթէ անմիջապէս նկատողութեան առնուելով դարմանել չփութացուի, ուսուցչին վարկը կը կոտրի աշակերտաց առջեւ, անոր բարոյական հեղինակութիւնը կը նուազի կամ կը կորսուի, ինչ որ դարձեալ ուղղակի կը վնասէ ուսուցչին ազդեցութեան, անոր ուսուցման արդիւնաւորութեան: Տղայոց շատ թերութիւններուն համար պիտի թողունք որ ժամանակը գործէ, մեր դասերն ու խրատներն ու յորդորներն իրենց ազդեցութիւնն ի գործ դնեն աստիճանաբար անոնց մտաց ու սրտին վրայ, եւ առ առաւելն յանդիմանութեան ու պարսաւի պիտի դիմենք մերթ՝ անոնց արժանապատուութեան զգացումէն օգտուելու եւ նոցա ուշը գրգռելու համար: Վերոյիշեալ պարագաներուն մէջ, սակայն, չենք կրնար ո՛չ այդ համբերութիւնն ի գործ դնել եւ ո՛չ իսկ գոհանալ յանդիմանութեամբք, թէպէտ յաճախ այնու սկսիմք. վասն զի, ինչպէս տեսանք, դպրոցական շրջանակին մէջ անկարգութիւն, նիւթական վնաս, վիրաւորում եւ կրթական գործին կատարման ու արդիւնաւորման արգելք ու խափանում անոնց անմիջական հետեւանքներն են:

 

Այս պարագայներուն մէջ է ահա՛ որ պատիժը իր դերը պիտի ունենայ իբրեւ անմիջական ազդու տնօրինութիւն ի դարման կամ ի խափանումն չարեաց: Բայց ի՞նչ կրնայ ու պէտք է լինիլ այդ պատիժը, ահա՛ խնդիրը: Առաջին պայմանը ա՛յն է որ տնօրինուած պատիժը բանաւոր ու արդար ըլլայ, այսինքն կարենայ ուղղակի ծառայել իբրեւ դարման ա՛յն չարեաց զոր կ՚ուզեմք կարճել եւ նկատուիլ նոյն իսկ յանցապարտ աշակերտին կողմէ իբրեւ ինքնաբեր ու հարկաւոր հետեւանք իւր վարմանց: Այն ատեն պատիժն ընդունող աշակերտին համար չպիտի կրնայ համարուիլ այն իբրեւ ուսուցչին անգութ քմահաճոյից մէկ արդիւնքը, եւ չպիտի գրգռէ զայն նոր դէմ, վասնզի իր վարմունքին ու պատժոյն մէջ գտնուած բանաւոր ու արդար առնչութիւնը պիտի զգացնէ իրեն անոր հարկաւորութիւնը եւ պիտի սովրի ինքզի՛նք մանաւանդ մեղադրել: Մեր առաջարկածը բառին բուն նշանակութեամբ պատիժ չէ, այլ դարմանում, եւ թէեւ մէկ նայուածքով բնական պատիժի, բնական հակագործութեանց դրութեան կը նմանի, բայց բուն այն չէ, այլ աւելի անոր գործադրուելուն տեղի չթողլու համար դասատուին միջամտութեամբ ի գործ դրուած արդար ու բանաւոր միջոց: Եթէ թոյլ տայինք որ ծոյլը իր ծուլութեան հետեւանօք, զոր օրինակ, ապագային մէջ տգէտ ու ողորմելի մնալով, պատժուէր, ահա՛ այդ կը լինէր բնական հակագործութիւնը, բնութենէն հարկադրեալ պատիժը, բայց մենք կ՚ուզենք որ մեր պատժով ծոյլն արգիլուի իւր ծուլութեան մէջ եւ չկրէ յապագային բնական վաւերացման արդիւնքը:

 

Այս տեսակէտով նախ մերժելի են մարմնական պատիժները որք ինքնին չարիք ու ցաւ են քան չարիքն ու ցաւը արգիլելու միջոց, եւ եթէ բնական հակագործութեամբ մը ցաւն ու չարիքը գային տղուն վրայ, բան մը չպիտի ունենայինք ըսել. բայց ի՞նչ իրաւունք ունինք մենք մեզէն հարկադրելու զայնս մանկանց, մինչ չեն բնական հետեւանք այն վարմանց զորս կ՚ուզէինք արգիլել: Այդու անիրաւ ու անգութ կը լինին մանկանց դէմ, որք ա՛լ չեն տեսներ արդար ու զիրենք սիրող էակ մը ուսուցչի վրայ, եւ ա՛լ կ՚ատեն զայն ու կը սոսկան անկէ իբրեւ պատուհասէ, եւ ամէն համակրանաց ու յարգանաց կապ հզուած է ուսուցչի ու աշակերտաց մէջտեղ. այդ վայրագ վարմունք կ՚ընդվզեցնէ զայնս իրեն դէմ, եւ, բանաւոր էակաց կրթութեան յարմար միջոց մ՚ըլլալէ հեռու, անբանացուցիչ ու միմիայն կարծեցեալ դաստիարակին ցաւալի ապիկարութեան վկայող դրութիւն մ՚է: Տերենտիոս արդէն կ՚ըսէր թէ «հարուածք անբան անասնոց համար են», եւ այն շուշտ մարդէն անասնոց վրայ ի գործ դրուելու համար. եթէ ոչ, որպէս Պէռնարտէն տը Սէն-Բիէռ կը դիտէր. «զգայուն էակաց բոլոր տեսակներուն մէջէն մարդկային տեսակն է միայն որուն պզտիկներն հարուածներով կը մեծցուին»: Մարմնական պատիժներէն զատ մերժելի են նաեւ բոլոր այն պատիժները, նիւթական թէ բարոյական, որք ուսուցչին քմահաճոյքէն կը բղխին, առանց երբեք կապ մ՚ունենալու գործուած յանցանքին կամ հակագործելի թերութեան հետ, եւ միայն աշակերտին վրայ հարկադրուած նուաստութեան մը կամ բռնի աշխատութեան մը մէջ գոհացում մը փնտռել ունին նպատակ, չափն ու սահմանն ալ կախում ունենալով միմիայն ուսուցչին աւելի կամ նուազ նեղսիրտ կամ նեղսրտած ըլլալէն: «Յիսուն տող պիտի գրես»: Դիտողութիւն մը աշակերտին կողմէն կամ պատասխան մը մրմռացուած, եւ ահա իսկոյն յիսուն տողը կ՚ըլլայ հարիւր, հարիւրը կը կրկնապատկի, կ՚եռապատկի, կը քառապատկի, կը բազմապատկի, յիմար համեմատութեանց կը բարձրանայ, բարկացայտ վարժապետին շրթանց մէն մի շարժումով, որ տողերն իրարու վրայ բարդելով Ոսսան ու Պելիոնը իրարու վրայ դիզող սկայից մին ըլլալու երեւոյթն ունի կարծես, չե՛ս գիտեր ո՛ր Արամազդին ընդդիմամարտ. -տասներեք տարեկան խեղճ պզտիկ դողդոջուն տղեկ մը կայ իր դիմաց:

 

Իբրեւ բանաւոր ու արդար պատիժ մենք հետեւեալները կը համարինք.

 

Ա. Աշակերտ մը դասարանը կը խանգարէ, չի թողուր դասատուին հանդարտութեամբ պարապիլ իր գործին եւ արգելք կ՚ըլլայ իր ընկերակցաց դասին կամ սերտողութեան, եւ իր անկարգութիւնը կը շարունակէ յետ ազդարարութեանց, յետ յանդիմանութեանց, յոռի նիշն ալ չ՚ազդեր իր վրան. հեռացուցէ՛ք, զատեցէ՛ք զինքն իր ընկերակիցներէն. հեռացուցէ՛ք, եթէ հարկ է, դասարանէն, եւ երբ անուղղայ կը մնայ՝ դպրոցէն եւս, ժամանակաւոր կամ վերջնական կերպով: Այդ մէկը որ արդէն կը զրկէ ինքզինք դպրոցական պարապմանց օգուտներէն՝ գէթ ուրիշներն ալ չզրկէ անոնցմէ:

 

Բ. Աշակերտ մը նիւթական վնաս կը պատճառէ դպրոցին կամ իր ընկերաց. յանդիմանութեան ու խրատին հետ պէտք է պահանջել որ տուժէ, դարմանէ վնասը, կորսուածին ու վնասելոյն տեղը դնէ: Եթէ վնասող աշակերտին անձնական աշխատութեամբ դարմանելի է եղածը, պէտք է ստիպել զինքը այդ աշխատութիւնն յանձն առնուլ. եթէ դրամով դարմանելի է, պիտի հատուցանէ, եթէ կրնայ, իր մանր հաճոյքներուն համար իր ծնողքէն ստացած դրամներով. իսկ եթէ ոչ՝ նոյն իսկ ծնողք պիտի հատուցանեն, բայց պէտք է որ տղան ալ տուժէ զրկուելով ինչ ինչ նուէրներէ զորս առանց այդ պարագային պիտի ստանար իր ծնողքէն:

 

Գ. Ծուլութեամբ կամ անճշդապահութեամբ կը թերանայ աշակերտ մը իր պարտականութեանց մէջ. պէտք է լեցնել տալ թերին: Ուշ դպրոց եկողը երեկոյին ուշ կը դառնայ տուն, վար կը դրուի որպէսզի աշխատի: Առանց բանաւոր պատճառի բացակայող աշակերտը կը պարտի ի փոխարէն կիրակի կամ տօն օրեր գալ աշխատիլ դպրոցին մէջ: Ուրիշ մ՚ իր դասը չէ սերտած կամ չէ պատրաստած իր պարտականութիւնը, դպրոցական ժամերէ դուրս վար կը դրուի պարտաւորելու համար զինքը չսերտած դասը սովրելու կամ չպատրաստած գրաւոր աշխատութիւնն ընելու:

 

Դ. Աշակերտ մը լեզուի կամ ձեռքի հարուածով իր ընկերներուն զգայնութիւնը վիրաւորեց, բարոյական կամ մարմնական ցաւ մը պատճառեց անոնց ու անոնց դժգոհութեան ու բողոքանաց տեղի տուաւ: Ուսուցիչը անիրաւութիւն կամ անգթութիւն գործող աշակերտին կ՚զգացնէ իւր զգածեալ յանդիմանութեամբք թէ ո՛րքան մեղանչած է յարգանաց եւ սիրոյ պարտաւորութեան դէմ զոր ամէն մարդիկ ունին միմեանց հանդէպ, եւ կը հրաւիրէ ու կը պարտաւորէ զայն անկեղծ զղջմամբ մը ներում խնդրելու վիրաւորուած ընկերներէն: Երբ յաճախ կը կրկնուին այսպիսի յանցանքներ, ու բուռն կոպտութեան ու վայրագութեան կը զառածանին, զանոնք գործող տղան անընկերական կը համարուի ու նախ դասարանին կամ խաղետղին կամ դպրոցին մէջ զայն կը չէզոքացնեն, եւ ի հարկին դպրոցէն եւս կը հեռացնեն ժամանակաւոր կամ վերջնական մերժմամբ:

 

Ե. Բոլոր այս պատժական տնօրինութիւնք կ՚ենթադրեն որ աշակերտը գիտէ յարգել իւր ուսուցիչը, պատկառիլ անկէ ու հնազանդիլ անոր ձայնին. բայց երբ աշակերտ մը նոյն իսկ իւր ուսուցչի դէմ կ՚ըմբոստանայ, անպատկառ ու անհնազանդ կը գտնուի նորա դէմ, անոստ անլսող մնալով անոր խրատուց եւ անտարբեր անոր զգացած վշտին, ի՞նչ պէտք է ընել.

- Ըմբոստ տղան կը ներկայացուի անարգուած պաշտօնէին կողմանէ իրմէ անմիջապէս վեր գտնուող պաշտօնէին որ, յետ զգացնելոյ անոր իր ծանր պակասութիւնը, կը յայտարարէ թէ իրեն անկարելի է մնալ դպրոցին մէջ ցորչափ չդարմանէ իւր յանցանքը, իւր ներումը չստանայ նոյնիսկ իւր վիրաւորած ուսուցչին բերնէն: Երբ ապարդիւն մնայ այս միջոց, աւելի վերին պաշտօնէին կը ներկայացուի որ միեւնոյն պայմանները կը դնէ անոր դպրոցին մէջ մնալուն, միայն թէ այժմ աշակերտը մէկի տեղ երկուքի դէմ յանցաւոր է. այսպէս ուսուցչէն առ տեսուչն, ասկէ առ վերատեսուչն կամ հոգաբարձուն ելնելէ յետոյ խնդիրը, երբ աշակերտը կը յամառի կը մնայ իւր հեստման մէջ եւ յանձն չ՚առնուր գոհացում տալ իւր մեծերուն զորս վիրաւորած է իւր կոպիտ վարմունքով, եւ կամ երբ բազմիցս տեղի կ՚ունենան միեւնոյն աշակերտին կողմանէ նմանօրինակ դէպքեր, այն ատեն հարկ կը լինի յանձնել զայն իր ծնողաց, եւ միայն մի անկեղծ եւ հրապարակային զղջումէ յետոյ կրնայ հաւանականութիւնն ունենալ վերստին ի դպրոց ընդունուելու:

 

Այս ամենուն մէջ՝ կը տեսնենք որ խրատն ու յանիդմանութիւնը միշտ իրենց բաժինն ունին: Արդարեւ տղոց յանցման ամէն պարագաները պատեհագոյն առիթներն են անոնց խօսելու իրենց պարտուց վրայ, ազնիւ ու խելացի վարմունքի մը պայմաններուն վրայ, եւ այդ ոչ միայն յանցաւոր տղուն օգտին ու կրթութեան համար է, այլ նաեւ միւսներուն, բոլոր դասատան որ բարոյականի ամենէն կենդանի դասը կ՚ընդունի այդ վայրկենին: Բայց խրատն ու յանդիմանութիւնը իրենց ճշմարիտ ազդեցութիւնը յառաջ կը բերեն այն ատեն միայն երբ ուսուցիչը կը խօսի զգածեալ, անկեղծօրէն վիրաւորեալ շեշտով, իր սաներուն բարւոյն ու կատարելագործման տենչացող հոգիի մը արդար տրտմութեան կամ արդար՝ այլ քաղցրախառն զայրոյթի ձայնովը: Այսպիսի յանդիմանութիւն մը ինքնին պատիժ մ՚է, մանաւանդ զգայուններուն համար, ինչպէս շատեր կան տղայոց մէջ, եւ երբ մանաւանդ իր աշակերտներէն սիրուած ու յարգուած ուսուցչի մը կողմէ կու գայ: Տղայոց շատ մը թերութիւններուն համար, որպէս ըսի, պէտք չէ ատկէ աւելի հեռուն երթալ. բայց նոյնիսկ մեր թուած պատժելի պարագայից մէջ ալ կան այնպիսիներ յորս ի սկզբան կրնամք ու պարտիմք գոհանալ այսպիսի յանդիմանութեամբ:

 

- Մեր համարման պակասիլը ու աշակերտին բարոյական անկումը նշանակող բարի նիշերու նուազումը կամ յոռիներու ստացումը տղոց պատուասիրութեանն զգալի պատիժ մ՚է, եւ ինչպէս տղոց ընդհանուր բարոյական վիճակին աստիճանները ցոյց տալու համար կրնան գործածուիլ նիշերը, նոյնպէս եւ յոռենիշերը կամ լաւերու թուոյն նուազումը պարտին ընկերանալ պատժական տնօրինութեանց որոնց ազդեցութիւնը կը յաւելուն, եւ մերթ իրենք միայն համարուիլ առաջին աստիճանը պատժոյն: Դպրոցը ամենօրեայ կամ գէթ ստէպ յարաբերութիւն ալ պարտի ունենալ տան հետ՝ տղուն օրըստօրէական լաւ կամ յոռի ընթացքը ընտանիքին ծանօթացնող վիճակացոյց-տետրի մը միջոցաւ. ի տես նշանակեալ լաւ կամ յոռի թուոց ու տնօրինեալ վարձուց կամ պատժոց, հօրն ու մօր գոհունակութիւնը կամ դժգոհութիւնը պիտի գար աճեցնել անընդհատ անոնց զօրութիւնը, որմէ դպրոցը պիտի օգտուէր՝ կարելի եղածին չափ քիչ ու թեթեւօրէն կատարելու համար դեր պատժածուի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019